ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբը ամէն տարի արժանավայել կերպով կը նշէ կանանց միջազգային օրը: Այս տարի եւս երկուշաբթի, 7 մարտին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանրապէս կնոջ, յատկապէս հայ կնոջ նուիրուած ձեռնարկ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Գէորգեան ողջունեց ներկաները եւ զանոնք հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նորոգ հանգուցեալ ընկերուհիներուն:
Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ կնոջ գործօն ըլլալուն եւ հաստատեց, որ կիներուն իտէալը պէտք չէ ըլլայ հաճելի ըլլալ, այլ այն, որ իրենք որքան ներդրում ունին ընկերութեան մէջ: «Հայ կնոջ պարտաւորութիւններն ու դերակատարութիւնները եղած են միշտ թիկունք կանգնիլ իր ամուսնոյն, տէրը ըլլալ իր ընտանիքին. հայ դիցաբանութեան մէջ ունեցած ենք երեք չաստուածներ` Անահիտ, Աստղիկ եւ Նանէ: Ունեցած ենք նաեւ թագուհիներ եւ իշխանուհիներ, որոնք իրենց ողջախոհութեամբ եւ ուժականութեամբ հայկական պետութեան հոգերը իրենց ուսերուն կրած են», ըսաւ Յ. Գէորգեան:
Ապա ան դիտել տուաւ, որ այս տարուան հանդիսութեան յայտագիրը տարբեր ձեւի է, որովհետեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, լիբանանահայ գաղութի կարգ մը անձնաւորութիւններ իրենց կարծիքը պիտի փոխանցեն տեսերիզին միջոցով` պատասխանելով հետեւեալ հարցումին. «Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք հայ կինը եւ ի՞նչ կը մաղթէք անոր` յառաջիկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու»:
Հայ կնոջ վերաբերող իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Մեր իրականութեան մէջ հայ կինը պատմականօրէն եւ այսօր միշտ ներկայ եղած է, եւ մենք միջազգային օրուան կարիք չունինք, որպէսզի կարենանք արժեւորել հայ կինը: Մեզի համար հայ կինը այնքան արժէքաւոր եղած է, որ սրբազան գոյութիւնները, սրբազան արժէքները կապած ենք անոր անուան` Մայր Հայաստան, Մայր եկեղեցի, Մայր տաճար, մեր կեանքի աղբիւրը` Արաքս գետը կոչած ենք Մայր Արաքս: Պատմութեան ընթացքին եւ այսօր հայ կինը իր անջնջելի դերակատարութիւնը ունեցած է մեր ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ»:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց. «Սիրով ու ջերմութեամբ, ազգային վառ ապրումներով կը շնորհաւորեմ իմ բոլոր քոյրերս եւ հայ մայրերը, կը մաղթեմ երջանկութիւն, որովհետեւ ձեր երջանկութեամբ կ՛երջանկանայ ձեր ընտանիքը, եւ հայ ընտանիքի երջանկութեամբ կ՛երջանկանայ ամբողջ ազգը: Կ՛ուզեմ, որ հայ կնոջ աչքերէն միայն երջանկութեան արցունքներ հոսին: Վարդանանց պատերազմէն մինչեւ Սարդարապատ, ֆետայական շարժումէն մինչեւ Արցախեան ազատագրական օրեր, հայոց պետականութեան կառոյցէն մինչեւ այսօրուան հայոց անկախ պետութիւն հայ կինը ըսած է իր խօսքը: Այսօր Սփիւռքի մէջ հայ կինն է, որ կը պահէ հայ լեզուն, հայ կինն է, որ վառ կը պահէ հայ ընտանիքը»:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան նշեց. «Հայ կինը մեր սրբութիւնն է, առաջին առիթով, երբ կը մտածենք եւ կը խօսինք մեր կիներուն, մայրերուն, մեծ մայրերու մասին կ՛ըսենք, որ իրենք մեր երջանկութիւնն են, արեւշատութիւնն են, հայեցի դաստիարակութիւն կերտողն են, լեզուապահպանութեան հիմնադիրն են, ջերմութիւն փոխանցողն են եւ մեր օճախի պահպանողն են: Թող հայ կինը երջանիկ ըլլայ, թող միշտ ժպտերես ըլլայ, ամենայն բարիք կը ցանկամ հայ կնոջ»:
Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նշեց. «Մենք հաւատացած ենք, որ մարդ արարածը ունի առաքելութիւն` տալու, աճելու, զարգանալու, հոգալու եւ զարգացնելու, այս բոլորին մէջ կանանց դերը մեծ եղած է, թերեւս անցեալին հիմնականօրէն տան մէջ, ընկերութեան մէջ, բայց այսօր` ամէնուրեք: Այս առիթով կոչ կ’ուղղեմ, որ բոլոր մակարդակներու վրայ կինը աւելի մեծ դերեր ստանձնէ: Իմ կոչս այն է, որ հայ կինը ետ չմնայ այս աշխարհի մրցումին մէջ, հայ կինը փաստէ, որ ինք լեռներու բարձունքին չափ, երկնային հրեշտակներու փառքին չափ աշխատանք կրնայ տանիլ: Մաղթանքս է, որ ասոնք միայն երազներ չըլլան, ամէն կին իր առաքելութիւնը սեպէ աշխարհը զարգացնելը, ուրեմն պատիւ հայ կնոջ, ուժ եւ կորով բոլորին»:
«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ըսաւ. «Կանանց միջազգային օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր կիները, յատկապէս հայ կիները, որոնք արդէն իսկ ծանրաբեռնուած ընտանեկան պարտաւորութիւններուն առընթեր մեր կազմակերպ ու համախումբ կեանքին մասնակցութիւն կը բերեն, եւ մեր կեանքը այդ առումով աւելի կազմակերպ եւ արդիւնաւէտ կը դարձնեն: Պիտի մաղթէի, որ այդ օրը վերածուի աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը նշելու օրուան: Պիտի ուզէի, որ նշենք մարդու իրաւունքի օրը»:
Ահարոն Շխրտըմեան նշեց. «Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ հայ կինը ուժ եւ կորով ներշնչած է այր մարդուն: Պայքարի դաշտ մտած է անոր հետ եւ պահպանած է ազգային ինքնութիւնը: Մեր ազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին ունինք փառաւոր էջեր` արձանագրուած հայ կնոջ ստորագրութեամբ` Սօսէ Մայրիկէն սկսեալ հասնելով Եղսոյին եւ Շաքէին: Եթէ Եւրոպայի մէջ կինը կը պայքարէր ընտրելու իրաւունք ձեռք ձգելու համար, անդին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մէջ հայ կինը ոչ միայն ընտրելու իրաւունք ունէր, այլ նաեւ խորհրդարանին մէջ ունէր կին ներկայացուցիչներ»:
«Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան ըսաւ. «Կանանց միջազգային տօնին առիթով կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ կինը 21-րդ դարու այս արդիականացած աշխատանքին մէջ ինքզինք գերազանցած է եւ յաղթահարած է քանի մը կարեւոր մարտահրաւէրներ, որոնցմէ հիմնականը հայ ընտանիքը հայ պահելն է: Հայ կինը արհեստավարժ մարզերու մէջ սկսած է ունենալ իր յաջողութիւնները: Մեզի համար սովորական չէ մայր հասկացողութիւնը համաշխարհային եւ միջազգային առումով, ասիկա սուրբ հասկացողութիւն է, բայց մերը նաեւ ունի այլ հանգամանք, որ հայկականութիւնը պահելն է, աւանդութիւնները պահելն է, ինքնութիւնը պահելն է, հայ մայրը այսօր բոլոր մարտահրաւէրներու կողքին կը փորձէ պահել իր հայ օճախն ու անոր սրբութիւնը»:
Նազարէթ Ճերեճեան նշեց. «Ուր որ կանանց վարչութիւն կայ, կանանց համախմբում կայ հոն անպայման յաջողութիւն կայ, ասոր մէկ ցայտուն օրինակը ԼՕԽ-ի վարչութիւններն են: Ուստի զարմանալի չէ, որ սփիւռքի հայապահպանման գործընթացը պայմանաւորուած է մեր հայ կանանց ազգանուէր ու կամաւոր գործունէութեամբ: Կանանց միջազգային օրուան առիթով հայրենիքի եւ սփիւռքի բոլոր կանանց կը մաղթեմ, որ շարունակեն իրենց ազգապահպանման առաքելութիւնը եւ իրենց դիմաց միշտ գտնեն գուրգուրացող եւ հասկցող այրեր»:
Արմէն Իւրնէշլեան իր կարգին յայտնեց. «Մարտ 8-ը` կանանց միջազգային օրը, կնոջ ազատագրումի եւ հասարակական կեանքի մէջ իրաւացի իրաւունքներու տիրացման պայքարի տօնն է, շնորհաւորելի տօն է, արդարեւ: Մաղթանքս է, որ ընտանեկան պարտաւորութիւնը չնսեմանայ ընդհանրական պարտականութիւններու շուքին տակ»:
Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան նշեց. «Հայ կիներու ճակատագիրը տարբեր եղաւ 1915-ին: Ստիպուած ձգեցին իրենց օճախները եւ անապատներուն մէջ սկսան թափառիլ իրենց զաւակները գրկած, անօթի ու ծարաւ: Սրտաճմլիկ երեւոյթ է այդ կիներուն մասին խօսիլը, բոլորիս յուզում պատճառող է, բայց այդ մայրերը հերոսներ են, անոնք են, որ հետագային սփիւռքի մէջ կամաց-կամաց շէնցուցին իրենց օճախները: Հայ կիներուն կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, լաւագոյնը, ամէնէն գեղեցիկը: Թող իրենց կեանքը լեցուն ըլլայ սիրով եւ յարգանքով»:
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ. «Կանանց միջազգային օրուան առիթով մեր սրտի խօսքը կ՛ուղղենք բոլոր այն հայուհիներուն, որոնք հաւաքական մեր կեանքին մէջ մնայուն ներկայ են իրենց նուիրումի օրինակով ու մեղուաջան աշխատանքով եւ իրենց ձեռք բերած արդիւնքով կը մնան աջակից ու մասնակից մեր համազգային բոլոր ճիգերուն: Այս առիթով յատկապէս մեր գնահատանքը կը յայտնենք ԼՕԽ-ականներուն` շնորհաւորելով զիրենք լիբանանահայ կեանքին մէջ իրենց տարած բարի, պատուաբեր եւ նուիրեալ աշխատանքին համար: Արդ, Մարտ 8-ի տօնին առիթով կ՛աղօթենք, որ Աստուած օրհնէ եւ ամրացնէ մեր մայրերուն ու քոյրերուն նուիրեալ աշխատանքը եւ զայն շարունակաբար արդիւնաւորէ բազմապատիկով»:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սալբի Քէօշկերեանը (քանոն), Նայիրի Ղազարեանը (թաւջութակ), Կարօ Սվագճեանը (շուի) եւ Աւօ Ագրապեանը (մեներգ):
Աւարտին հանդիսատեսները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»-ն ու ստացան յիշատակելի նուէրներ:
Ա.Գ.Մ.