Խալտէի մէջ կիրակի երեկոյեան արձանագրուած զինեալ միջադէպը հետապնդելու եւ այդ իմաստով հետաքննութեան սկսելու առումով երէկ արձանագրուեցան զարգացումներ, որոնց լոյսին տակ լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Խալտէի մէջ կատարեց ներխուժումներ եւ ձերբակալեց Ա. Շ. անուան սկզբնատառերը կրող անհատ մը, որ մեղսակցած էր կրակողներուն:
Բանակի հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ա. Շ. եղած է Ալի Շըպլիի յուղարկաւորութեան մասնակիցներուն վրայ կրակել սկսողը, ուստի եւ անոր հարցաքննութիւնը արդէն իսկ սկսած է:
Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Խալտէի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն բոլոր յանցագործներն ու մեղսակիցները հետապնդումի ենթակայ են` ընդգծելով, թէ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտողներուն հանդէպ խիստ վերաբերում պիտի ցուցաբերուի:
Միւս կողմէ, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչի տեղակալ դատախազ Ֆատի Աքիքի լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան յանձնեց Խալտէի զինեալ միջադէպին նախնական հետաքննութիւնը, հետապնդումներն ու պէտք եղած հետախուզութիւնները կատարելու աշխատանքը` ձերբակալելու համար այդ միջադէպին մեղսակցած բոլոր յանցագործները` Ալի Շըպլին սպաննողէն սկսեալ մինչեւ երէկուան կրակ բացողները:
Աքիքի Ներքին ապահովութեան ուժերէն պահանջեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան յանձնել իրենց պատրաստած տեղեկագիրները, որոնք կը վերաբերէին Խալտէի զինեալ միջադէպին:
Երեկոյեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Խալտէի մէջ ձերբակալեց Օմար Ղոսընը եւ անոր զաւակը, որ Խալտէի միջադէպի հիմնական հրահրողն է, ինչպէս նաեւ ծովեզերեայ շրջանին ճամբաներու փակման պատասխանատուն:
Շաբաթ գիշեր սպաննուած Ալի Շըպլիի ընտանիքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ նշեց, որ ապահովական ուժերէն կը պահանջէ ձերբակալել ոճրագործները` աւելցնելով, որ իրենք իբրեւ ընտանիք պատրաստ չեն ոճրագործներուն հանդէպ աչք խփելու քաղաքականութիւն որդեգրելու, սակայն ապահովական կառոյցէն եւ դատական իշխանութիւններէն կը պահանջեն արագացնել հետաքննութիւնը եւ ձերբակալել յանցագործները` զանոնք ենթարկելով պատիժի, որպէսզի արդարութիւն հաստատուի:
Նշենք, որ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդը, իր կարգին, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կասկածելի ապահովական խախտումները կը ծառայեն ամբողջ երկրին ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնելու նպատակին: