Լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան 76-ամեակը դարձեալ եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին հայրենիքը ըմպեց զինեալ միջադէպերէ եւ ներքին սադրանքներէ պաշտպանելու լեղի բաժակը:
Երէկ երեկոյեան Խալտէի մէջ Ալի Շըպլիի յուղարկաւորութեան ընթացքին արձանագրուեցաւ զինեալ միջադէպ մը, որուն ընթացքին զոհուեցան 2 այլ քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան տասնեակ ուրիշներ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցան տեղեկութիւններ, թէ զոհերուն թիւը բարձրացած է 3-ի:
Շըպլիի աճիւնները փոխադրող ինքնաշարժին անոր բնակարանը հասնելէն անմիջապէս ետք, անոր բնակարանին կից շէնքերուն տանիքներէն բուռն կրակոցներ լսուեցան եւ արձանագրուեցան զոհեր` արձակազէններու գոյութեան պատճառով:
Ապա կրակոցները վերածուեցան զինեալ բախումներու:
Անդրադառնալու համար Շըպլիի սպանութեան մանրամասնութիւններուն` նշենք, որ անցեալ տարի Խալտէի մէջ արձանագրուած զինեալ այլ միջադէպի մը իբրեւ հետեւանք Խալտէի արաբներէն մէկը` Ահմատ Ղոսըն, որ կորսնցուցած էր իր եղբայրը` Հասան Ղոսընը, նախանցեալ գիշեր վրէժխնդրութիւն կատարեց իր եղբօր համար:
Վրէժխնդրութեան գործողութիւնը կատարուեցաւ Ժիէի համալիրներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հարսանիքի մը ընթացքին, երբ Ղոսըն սպաննեց Դիմադրութեան մարտիկներէն Ալի Շըպլին:
Ահմատ Ղոսըն ձերբակալուեցաւ եւ յանձնուեցաւ բանակի գաղտնի սպասարակութեան:
Նշենք, որ նախքան յուղարկաւորութիւնն ու արձանագրուած զինեալ գործողութիւնը, Խալտէի արաբները հրապարակած էին հաղորդագրութիւն մը` հաստատելով, որ իրենք յանձնառու են ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ շաբաթ գիշերուան միջադէպը պէտք է ընկալել վրէժխնդրութեան գործողութեան յղացքի շրջագիծին մէջ:
Իր կարգին, Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ ամէն տեսակի ոճիր եւ սպանութիւն մերժելի է կուսակցութեան համար, եւ կոչ ուղղեց ապահովական ուժերուն եւ դատական իշխանութիւններուն` հաշուետուութեան ենթարկելու յանցագործները:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Խալտէի մէջ տեղի ունենալիք Ալի Շըպլիի յուղարկաւորութեան ընթացքին արձանագրուեցաւ զինեալ գործողութիւն մը, որ թիրախ դարձուց յուղարկաւորները:
Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները տեւեցին շուրջ երկուքուկէս ժամ, որմէ ետք լիբանանեան բանակը, յատկապէս բանակի մասնայատուկ ջոկատը կրցան հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը:
Զինեալ բախումներուն կողքին նաեւ Խալտէի մայրուղին թիրախ դարձաւ արձակազինութեան:
Կրակոցներն ու տիրող վտանգաւոր կացութիւնը պատճառ դարձան, որ քաղաքացիներ եւ յուղարկաւորներ իրենց ինքնաշարժները ճամբուն մէջտեղ ձգելով հեռանան դէպքին վայրէն:
Լիբանանեան բանակը ուղղուեցաւ Խալտէ եւ փորձեց կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնել` հաստատելով, որ բանակը կրակոցով պիտի հակադարձէ կրակ բացող կողմերուն:
Զգուշաւոր լռութենէ ետք, բանակը կոչ ուղղեց Լիբանանեան կարմիր խաչին օժանդակելու վիրաւորներու փոխադրութեան:
Աւելի ուշ, բանակը կրցաւ դուրս բերել նաեւ Շըպլիի դիակն ու անոր ընտանիքին 15 անդամները, որոնք տան մէջ կը գտնուէին:
Բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Շըպլիի յուղարկաւորութիւնը ենթարկուած է զինեալ գործողութեան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց անմիջական քայլերու դիմել` Խալտէի մէջ հանդարտութիւնը վերականգնելու եւ կրակողները ձերբակալելու:
Ան հաստատեց, որ տիրող պայմանները չեն արտօներ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել եւ բոլոր ուժերը պէտք է գործակցին սադրանքներուն վերջ տալու:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հետեւեցաւ Խալտէի իրադարձութիւններուն եւ կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու:
Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, որ հաստատեց, որ բանակը իր ներկայութիւնը պիտի ամրապնդէ Խալտէի մէջ եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ պիտի առնէ:
Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին սադրանքներով չտարուելու:
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Խալտէի միջադէպը եւ կոչ ուղղեց բանակին անմիջապէս հասնելու շրջան ու հակակշիռի տակ առնելու կացութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ կրակողները ձերբակալուին եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնուին:
Նշենք, որ երեկոյեան Հըզպալլա հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Խալտէի գործողութիւնը լարուած թակարդ մըն է, եւ կոչ ուղղեց բանակին ու ապահովութեան ուժերուն միջամտելու եւ ապահովութիւն պարտադրելու, ինչպէս նաեւ ոճրագործները ձերբակալելու եւ զանոնք դատական իշխանութիւններուն յանձնելու:
Մուսթաքպալ հոսանքը ցաւ յայտնեց Խալտէի միջադէպին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլորին հեռանալու ամէն տեսակի սադրանքներ հրահրելէ: