ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ռուսիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Վիքթոր Վոտոլացքի Լուրերու ազգային ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց Արցախի մէջ զինադադարի խախտումը:
Շաբթուան սկիզբը Արցախի պաշտպանութեան բանակը յայտնած էր երեք զինուորներու վիրաւորուելուն մասին` ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն պատճառով: Պաքու, իր կարգին, մեղադրած է հայկական կողմը` սադրիչ գործողութիւններ կատարելուն մէջ:
Աւելի ուշ, տագնապի գօտիին մէջ գտնուող ռուս խաղաղապահ ուժերու զօրախումբի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ռուսթամ Մուրատով յայտնեց, որ 11 Դեկտեմբերին, Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերուն մերձակայքին մէջ տեղի ունեցաւ զինադադարի դրութեան խախտում, որ ճնշուեցաւ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւններուն շնորհիւ:
«Միջադէպէն ետք ռուս խաղաղապահները քայլերու ձեռնարկեցին, որպէսզի այդ դէպքը չկրկնուի», ըսաւ Վոտոլացքի եւ շեշտեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հետ` աւելցնելով, որ խաղաղապահ առաքելութեան զօրքերը կրնան զօրացուիլ, եթէ շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսին, սակայն կը կարծէ, որ անոր կարիքը պիտի չըլլայ:
«Համոզուած եմ, որ ոչ մէկ կորուստ պիտի ըլլայ, որովհետեւ կայ ըմբռնում, որ աւելի լաւ է վտանգաւոր խաղեր չխաղալ խաղաղապահներուն հետ», եզրափակեց Վոտոլացքի: