ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Խաչափայտը բռնած ամէն աղէտի աւարտին,
Ու կպած խաչքարէ ցուրտ մարմարին,
Ողբե~ր կը հիւսենք լալահառաչ, երբ անդին՝
Հրէշը արիւնարբու, ծիծաղը դէմքին՝
Խաղաղութեան դափնի պարզած մեր երկրին,
Բռնազբօսիկ պատրանքներ կը սփռէ, նենգ ու դրուժան։
Դարերու անէծքն է, արդա~ր երեւի, մեր վզին,
Դաժան ժամանակներու վրէժն է կպած մեր երթին,
Օ~հ, ժամանակներ դաւի ու չարիքի, տիրակա~լը մեր բախտին,
Զոհն ենք ու դահիճը յիրաւի, մեր ապիկառ լինելութեան,
Կը քաղենք փտած բեռքը մեր քնաբեր պատրանքներուն:
Կը քալենք մտամոլոր ու հեգնական՝ Երկրի երեսին,
Սիգապանծ կնոջ սնապարծ նազանքով մը անմեկին,
Կը ծիծաղի աշխարհ, ի տես՝ մեր մտքի կշիռին,
Կը դիտեն մեզ, կպած ցուրտ խաչքարին,
Որուն հմուտ վարպետներն ենք եղած, դարեր ասդին.
Խաչափայտը բռնած կ’երթանք տարտամ ուղիներէն,
Մեր հոգւոյն մաղձն ու անէծքը թափած աշխարհին.
Օ~հ, սիզիֆեան ինքնամատոյց անէծքն է կպած մեր խաչափայտին,
Ազատումն անկէ պիտի մնայ բաղձա~նք գերագոյն…
Մենք, յիրաւի, կ’երթանք մեր պատմութեան մայրամուտին…
4 Յուլիս 2022