Կազմակերպութեամբ «Զանգակ» հրատարակչատան եւ հեղինակին ներկայութեան, ուրբաթ, 21 մայիս 2021-ին, Երեւանի «Զանգակ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» խորագրեալ նորատիպ երկհատորեակին:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց հայրենի գրականագէտ եւ արուեստաբան փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ նշեց, թէ Խաչիկ Տէտէեան եղած է հաւատարիմ հայ բանաստեղծութեան ակունքներուն, երբեք չէ դաւաճանած հայ տիպ ու տառի սկզբունքներուն, իսկ անոր խօսքը միշտ ալ եղած է հասանելի, դիւրահաղորդ, պարզ ու վճիտ:
Հանդիսութեան առաջին բաժինով ներկաները ըմբոշխնեցին Խաչիկ Տէտէեանի կնոջ` Իրմա Գապագեան-Տէտէեանի կատարումով փունջ մը բանաստեղծութիւններ:
Ապա լիբանանահայ բանաստեղծ Լեւոն Արտազեան ընթերցեց Խաչիկ Տէտէեանի վաստակի մասին հակիրճ սրտի խօսք մը, որ այս առթիւ պատրաստուած էր լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեանի կողմէ: «Կազմաւորուած երիտասարդ բանաստեղծ Խաչիկին առաջին քերթողագիրքը լոյսին կու գայ 2003-ին: Երկրորդը` 2008-ին, երրորդը` 2012-ին: Ուշադրութիւն դարձուցէք երեքի խորագիրներուն` «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը», «Դարասկիզբի մտորումներ» եւ «Խենթ գիշերներու թափառումներ»: Ինչպէս այս խորագիրները ցոյց կու տան` Խաչիկը սանձարձակութիւններու մարդը չէ, այլ նոյնիսկ սիրային բնոյթի քերթուածներուն մէջ` բանստեղծը զուսպ է, կը սանձէ յոյզերու եւ զգացումներու վարար հոսքը` իր յօրինումները ենթարկելով առողջ իմացականութեան, մտքի հակակշիռին, առանց արուեստակեալ, բռնազբօսիկ մարզանքներու զոհ դարձնելու զանոնք: Խոհը, խոհերը տիրապետող են իր քերթուածներուն մէջ:
«Լեզուն` պարզ, միտքերը` յստակ, մանուածապատ շարահիւսութենէ եւ ոճէ` զերծ: Ընթերցողը, միջին ընթերցողը ոչ մէկ դժուարութեան կը բախի, հասկնալու համար գրուածը, ընկալելու համար պատգամը, զոր բանաստեղծը կը փորձէ փոխանցել իրեն: 21-րդ դարու բարդ ու անհասանելի երեւոյթներու, անծանօթ հորիզոններու, յաճախ քարանձաւային թանձր խաւարով շղթայուած անբացատրելի իրադարձութիւններու դէմ յանդիման, բանաստեղծը կը լարէ իր դատողութիւնը եւ կը փորձէ հնարաւորին չափ ցրուել խաւարէն յառաջացած խիտ մշուշը», կը նշուի Դանիէլեանի վկայութեան մէջ:
Ապա ներկաներուն իր խօսքը յղեց հայրենի բանաստեղծ Արթուր Անդրանիկեան, որ շեշտեց, թէ արեւմտահայ լեզուն անմասն է Հայաստանի մէջ պետական լեզու համարուող հայերէն լեզուէն, հետեւաբար նաեւ Երեւանի մէջ եւ Հայաստանի մէջ առհասարակ արեւմտահայերէնը պէտք է ըլլայ տարածուն ու հասանելի լեզու: Անդրանիկեան նաեւ սեղմ տողերու մէջ փոխանցեց Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութեան ընդհանուր մթնոլորտը` շեշտը դնելով հայրենիքէն հեռու ապրող, սակայն հայրենիքով ապրող բանաստեղծի ներկայութեան` գրողին տողերուն մէջ: Ան նաեւ մեծապէս կարեւորեց Խաչիկ Տէտէեանի բերած աւանդը` նշելով, որ սփիւռքեան դառն ու դժուարին պայմաններուն մէջ ան կը շարունակէ կառչած մնալ գիրի ու գրականութեան իր նուիրական առաքելութեան:
Արթուր Անդրանիկեանի խօսքէն ետք, «Արեւելք» թերթի տնօրէն Սագօ Արեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ Խաչիկ Տէտէեան եղաւ անոնցմէ, որ երբեք չդաւաճանեցին իրենց բանաստեղծական ներաշխարհին եւ` հակառակ տարբեր պայմաններու ու տարբեր դժուարութիւններու, Տէտէեան կառչած մնաց բանաստեղծի իր կոչումին: Ան նաեւ մտորեց, որ Տէտէեանի բանաստեղծութեան մէջ ամէնէն մեծ յատկանիշը եւ նուիրական ընկալումը անոր բարութիւնն է ու ազնուութիւնը` նկատել տալով նաեւ, որ սփիւռքի հայոց հոգեւոր մայրաքաղաք Անթիլիասի մէջ գործող Տէտէեանի գիրին մէջ մեծ է ներկայութիւնը քրիստոնէական աւանդներուն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ տրոփին ձայնը կայ անոր տողերուն մէջ:
Հակիրճ խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, որ նկատել տուաւ, թէ Խաչիկ Տէտէեանը ճանչնալու համար նաեւ պէտք է ճանչնալ անոր ընտանիքը, որովհետեւ ան իր տիկնոջ ու զաւակներուն հետ կարողացած է դառնալ օրինակելի տիպար հայ անձ, որ կ՛ապրի հայրինիքի սիրով, հայրենիքի տագնապներով ու Հայաստանը դարձուցած է ամէնօրեայ ապրումի նշխար եւ ակունք:
Վերջին խօսքը բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեանինն էր, որ ներկաներուն դիմելով նշեց, որ իրեն համար ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը հայրենիքը պիտի մնայ բոլոր մղումներէն վեր տեսադաշտ մը եւ, հակառակ անոր որ ինք սփիւռքի մէջ կը գործէ ու կը ստեղծագործէ, իր հայեացքը միշտ ուղղուած է դէպի Հայաստան: Տէտէեան նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ինչպէս նաեւ «Զանգակ» գրատան տնօրէնութեան, որուն շնորհիւ ալ անոր հատորները ներկայացուեցան հայրենի ընթերցողի դատին եւ սկսան տարածուիլ ողջ Հայաստանով մէկ:
Տէտէեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց այս ձեռնարկը յղացողներուն` «Ազդակ»-ի տնօրէն` Շահան Գանտահարեանին, գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատրեանին, «Զանգակ» հրատարակչատան, ինչպէս նաեւ խօսք արտասանողներուն:
Հանդիսութեան աւարտին Տէտէեան մակագրեց իր հատորները եւ նուիրեց փափաքողներուն:
***
Այս առիթով «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խաչիկ Տէտէեան ուրախութիւն յայտնեց, որ հայրենիքին մէջ կը հրատարակուին իր ստեղծագործութիւններուն զոյգ հատորները:
«Ա. եւ Բ. հատորները կը ներկայացնեն համամարդկային հարցեր, մտահոգութիւններ հայրենիքի մասին, սիրային զեղումներ եւ պատերազմ: Այստեղ ներառուած են նաեւ Լիբանանի պատերազմի տպաւորութիւնները, տագնապներն ու տառապանքները», պատմեց ժողովածուներուն հեղինակը:
Խաչիկ Տէտէեան նշեց, որ այս ժողովածուները Լիբանանի մէջ լոյս տեսած միւս երեք հատորներուն բովանդակային շարունակութիւնն են: Ա. եւ Բ. հատորները տպագրած է «Զանգակ» հրատարակչութիւնը, խմբագիրը փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանն է: Այս հատորներէն դուրս մնացած են բազմաթիւ նոր բանաստեղծութիւններ, որոնց մէկ մասը հրատարակուած է տպագիր պարբերականներուն մէջ, այլ մաս մըն ալ մնացած է անտիպ:
«Արցախի վերջին պատերազմէն ու ցաւալի պարտութենէն ետք եւս գրած եմ բանաստեղծութիւններ, որոնք մտադիր եմ հետագային ամբողջացնել, անոնք ժողովածուներու երրորդ հատորին մաս կը կազմեն», ըսաւ ան:
Բանաստեղծին մեծ փափաքն է, որ երիտասարդ սերունդը կարդայ, ծանօթանայ ժամանակակից արեւմտահայ գրողներու գործերուն: «Հայաստանի մէջ այդքան ալ ծանօթ չեն սփիւռքահայ գրականութեան: Ծանօթ են սփիւռքահայ գրականութեան տիտաններուն, բայց կայ սերունդ մը գրողներու, զորս եւս պէտք է քաջալերեն հայրենիքի մէջ: Բոլոր մեծ պետութիւնները ունին ռազմավարութիւն եւ պետականամէտ մտածողութիւն. ատիկա մշակոյթի նախարարութիւնն է, գրողներու միութիւնը: Գրականութիւնը եւ լեզուն պէտք է պահապան ունենան», շեշտեց Տէտէեան:
Գրողը կ՛անհանգստացնեն արտասահմանեան գրականութեան անգրագէտ թարգմանութիւնները, անհասկնալի մարդոց ու երեւոյթներու մասին հրատարակութիւնները: «Նոր սերունդը պէտք է ստեղծագործէ եւ տպելու առիթ ունենայ: Պէտք է քաջալերել զանոնք, տպագրել անոնց ստեղծագործութիւնները, որպէսզի ճանչցուին, այլապէս մեր ազգային ոգին եւ ինքնութիւնը ինչպէ՞ս պիտի պահենք: Գրողները ընդհանրապէս չեն քաջալերեր, չեն օժանդակեր, առաջ Գրողներու միութիւնը գրողին կողքին էր, 20 հազար, 50 հազար օրինակով գիրքեր կը տպուէին, բայց այսօր ժողովուրդը չի կարդար», նեղսրտած ըսաւ բանաստեղծը:
Պետութիւնը, Խաչիկ Տէտէեանի համաձայն, պէտք է քաղաքականութիւն մշակէ` ինչպէս է պարագան Բրիտանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Գրողը յոյս ունի` իր վերջին երկհատորեակը նոր սերունդը կը կարդայ եւ կը քննարկէ: