«Նոր Յառաջ» 5 նոյեմբեր, 2020 (1523)
Ո՞վ կրնար երեւակայել որ օր մը, Թուրքերուն դրդումով, սուրիացի արաբներ ամսական 2000 տոլարի համար պիտի կռուին Արցախի մէջ, Հայերուն դէմ։ Անոնք, որոնց մեծ հայրերը հայ տարագրեալներ ընդունած էին դար մը առաջ Սուրիոյ ասպնջական հողին վրայ։ Ժամանակները փոխուած են, մարդիկ ալ։ Որքա՜ն դժբախտութիւններ ապրեցան Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը անցեալ տասը տարիներու ընթացքին, որքա՜ն խաբկանք՝ Արեւմուտքին եւ Թուրքերուն կողմէ, նոյնքան ալ այսօր անոր զաւակները կ՚ապրին, իրենց օրուան հացը ապահովելու համար դառնալով ստրուկ վարձկանը Էրտողանի նման նոր ժամանակներու իսլամապաշտ ոճրագործութեան առաջնորդին, որուն լաւագոյն բնորոշումը տուաւ իր նախկին կուսակիցը՝ Տաւուտօղլուն, յայտարարելով՝ «Էրտողան աւելի վտանգաւոր է, քան՝ պսակաձեւ ժահրը»։
Ահաւասիկ գլխաւոր մեղադրեալը՝ Էրտողան։ Իսլամապաշտութեան առաջնորդը, բոլոր զինեալ խմբաւորումներու երկրպագութեան առարկան, որ Ֆրանսայէն սկսեալ Եւրոպական բոլոր երկիրներու իսլամ կրօնքի հետեւորդներուն եւ նոյնիսկ իսլամ երկիրներու երիտասարդութեան համար դարձած է պաշտելի առաջնորդ սուլթանը։
Ֆրանսան անցեալ շաբաթ դարձեալ ենթարկուեցաւ իսլամապաշտ ծայրայեղականներու սարսափելի ահաբեկչական յարձակումի մը Նիսի մէջ, որ յաջորդեց ուսուցիչ Սամուէլ Փաթիի գլխատումին։ Միաժամանակ տեղի ունեցան թրքական «Գորշ գայլեր»-ու յարձակումները եւ սպառնալիքները Հայութեան դէմ եւ ընդհանրապէս ժողովրդավարական հասարակարգի խաղաղ գոյակցութեան, որոնք ստիպեցին Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութիւնը լուծարելու իսլամ եւ թուրք ծայրայեղական կազմակերպութիւնները։
Ֆրանսայէն զատ, Վիեննա եւս ենթարկուեցաւ սարսափելի ահաբեկչութեան։ Օրեր առաջ Փաշինեան զգուշացուցած էր եւրոպական լրասփիւռի մը տուած հարցազրոյցին, որ «եթէ Եւրոպան ուշադիր չըլլայ ու առաջքը չառնէ պատերազմական ոճիր գործող Էրտողանի, Թուրքերը պիտի գտնէք Վիեննայի դարպասներուն»։ Դժբախտաբար ամէնօրեայ արիւնալի իրականութիւնը դադար չունի այնքան ատեն որ Թուրքիոյ նման հզօր պետութեան մը նախագահը որոշած է քաջալերել ու հրահրել նման յարձակումներ՝ զանոնք որպէս ճնշումի միջոց գործածելու համար։
Դիւանագիտական եւ քաղաքական գետնի վրայ, արեւմտեան գերտէրութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հակազդեցութիւնները կը մնան աննշան, սահմանափակ, բաղդատած՝ գործուած աւերին։ Եւ այդ աւերը անչափելի ծաւալներ ստացած է յատկապէս Արցախի մէջ։
Ֆրանսայէն խորհրդարանականներու խումբ մը անցեալ շաբաթ Արցախ այցելեց ականատես ըլլալու պատերազմական իրավիճակին։ Սակայն, չկրցաւ հատել սահմանը ապահովութեան պայմաններու բացակայութեան պատճառով։ Հիմնուելով Հայաստան փոխադրուած վիրաւորներու խեղուած մարմիններուն եւ խաղաղ բնակավայրերու անխնայ ռմբակոծումներէն փախած շուրջ 90 հազար Արցախցիներու վիճակին վրայ՝ անոնք կը վկայեն այնտեղ պատերազմական ոճիրներու գործադրման մասին։
Արցախի մէջ թուրքեւազէրական եւ ահաբեկչական յարձակումները կը միտին բնաջնջելու Արցախի ժողովուրդը։ Ծայրայեղական բոլոր արարքները որոնց կ՚ենթարկուի Եւրոպան այս օրերուն, հազարապատիկ աւելի մեծ ուժգնութեամբ կը գործադրուին այնտեղ, զինուորներու գլխատումէն սկսեալ մինչեւ Ժընեւեան պայմանագրով հաստատուած արգիլուած զինատեսականերու գործածութիւնը խաղաղ բնակչութեան դէմ, որոնց վրայ աւելցաւ ճերմակ ֆոսֆոր պարունակող հրկիզող ռումբեր, որոնք բնապահական աղէտ կը պատճառեն, կրակի տալով Արցախի հրաշալի բնութեան կանաչապատ անտառները։
Ինչպէս բազմաթիւ մտաւորականներ կոչով հանդէս եկան, պէտք է ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, կեանքի կոչելով միջազգային օրէնքի «Անջատում՝ յանուն փրկութեան» սկզբունքը եւ օդային տարածքի մէջ զինեալ գործողութիւններու արգելք հաստատել, պատերազմը դադրեցնելու եւ խաղաղութիւնը պարտադրելու համար։
Ժ.Չ. ■