Անկախութեան տօնը ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, միջազգային ընտանիքէն ներս դիրքը ամրապնդելու յանձնառութիւն մըն է: Անկախութեան տօնը հայրենիքի ազատութիւնը, գերիշխանութիւնը, պահպանելու, բարգաւաճ եւ ժողովրդավար հասարակապետութիւնը պահպանելու յստակ յանձնառութիւն մըն է տուեալ պետութեան ժողովուրդներուն համար: Անկախութիւնը անցեալի նուաճումները վերյիշելու, հայրենիքի անկախութեան համար նահատակներու յիշատակը յաւերժացնելու, անոնց սխրագործութիւնները երիտասարդ սերունդներուն հասանելի դարձնելու, մէկ խօսքով հայրենիքի անկախութեան համար բոլոր զոհուածներուն յիշատակը վերարժեւորելու օրն է Անկախութեան տօնը:
Երբ մանուկ էինք, Անկախութեան տօնը մեզի հպարտանք ու ազգային արժանապատուութիւն ներշնչելու, հայրենասիրութեան դրսեւորման օրն էր: Բոլորս կը վկայակոչէինք Անկախութեան հերոսներուն անունները, անոնց անձնուրացութիւնը, ազատ, գերիշխան համակեցութեան Լիբանան կերտելու անոնց նախանձելի նուիրումը: Այդպէս էին անցեալի օրերը, բոլորս կը հպարտանայինք հայրենիքի համեստ սակայն ինքնուորոյն նուաճումներով:
Փոխուեցան ժամանակները եւ մտայնութիւնները: Ժամանակները այո կը փոխուին, սակայն ժողովուրդներու պատմութեան էջերը, մանաւանդ եզակի զոհողութիւններով ձեռք բերուած նուաճումները պարտինք պահել անխախտ: Պահպանենք նահատակներու արեամբ նուաճուած անկախութիւնը, գօտեպնդուինք անոր շուրջ, թոյլ չտանք, որ օտարներ արհամարհեն զայն: Չարտօնենք, որ օտարներ ոտնակոխ դարձնեն մեր անկախութիւնը, ընդհակառակը` պահպանենք, խնամենք այնպէս, որ բոլորը յարգեն զայն:, Անկախութեան տօնը տարուան մէջ մէկ անգամ ոգեկոչող լիբանանցիներու մեծ մասը, տարուան մնացեալ օրերուն կը մոռնայ անոր խորհուրդը, կը մոռնայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը ըլլալու իրողութիւնը: Կը մոռնայ հաւաքականութեան հանդէպ իր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները, շատ յաճախ կþոտնակոխէ անկախութեան նահատակներուն կտակը: Կը մոռնայ հայրենիքը եւ այլոց շահերուն պաշտպանը կը դառնայ իր փոքր հայրենիքն մէջ:
Լիբանանի Անկախութեան օրը զղջումի եւ ուխտի վերանորոգման օր է միաժամանակ: Ուխտենք պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Միջերկրականի արեւելեան ափին վրայ տաս հազար հինգ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր հաշուող այս տարածութիւնը պահպանելու հաւաքական պարտաւորութիւն մը ունինք բոլորս: Լիբանանեան հայրենիքը այսօր` նախորդ օրերէն աւելի կը զգայ մեր հաւաքական նուիրումին ու անձնազոհութեան անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանեան հայրենիքը անցեալէն աւելի այսօր մեր բոլորին շրթներէն կը սպասէ ՙՆախ Լիբանանին, Յանուն Լիբանանին՚ մեր վերանորոգ ուխտը: Ո՞ր անկախութեան մասին է խօսքը երբ բոլորանուէր նուիրումի եւ ծառայութեան փոխարէն, յանուն այլոց շահերուն կը սակարկենք հայրենիքին դէմ:
Անկախութեան տօնը եւ անկախ հայրենիքը պահպանելու յանձնառութիւնը մեզի կը պարտաւորեցնէ կերտել հզօր պետականութիւն:Կառչիլ այդ պետականութեան սահմանադրական կառոյցներուն, հզօրացնել բանակը, ներքին ապահովական ուժերը, իրաւապահ կառոյցները:Չտարուիլ արտաքին փոթորիկներով եւ հայրենքիը հեռու պահել այլոց փոթորիկներուն ազդեցութիւններէն: Անկախութիւն տօնել կը նշանակէ նախանձախնդիր մնալ քաղաքային անվտանգութեան, համակեցութեան եւ հանդուրժողութեան:
Դժուար է պահպանել անկախութիւնը, սակայն կարելին ընենք պահպանելու եւ անձեռնմխելի դարձնելու զայն եւ ըլլանք անկախութեան կերտիչներուն արժանաւոր ժառանգորդները:
www.araraddailynews.com