Ժողովուրդներու մեծամասնութեան մօտ տարուան չորս եղանակներուն ամենահաճելին՝ Գարունն է: Գարունը կեանքի ամենագեղեցիկ եւ խանդավառ ժամանակաշրջանն է: Ան շատ արդարացի կերպով կը համեմատուի երիտասարդութեան գարնան: Իսկ գարնանամուտի ամենածիծաղկոտ եւ բերրի շրջանը, Մայիս ամիսն է: Իզուր չէ, որ ֆրանսացի իմաստասէրներ Մայիսը բնութագրած են իբրեւ ամիսներու թագուհին: Մայիսը բնութեան զարթնումի խորհրդանիշն է միաժամանակ:
Մայիս ամիսը յատկանշական խորհուրդ մըն ալ հայ ժողովուրդին համար ունի իր մէջ՝ Սարդարապատի հերոսամարտով, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակումով: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, ֆաշիստական Գերմանիոյ պարտութիւնը խորհրդանշող Ռայխսթակի վրայ խորհրդային դրօշը բարձրացնող Կարմիր Բանակի միաւորներէն շատեր հայեր էին…: Սակայն Մայիսը ոչ մէկ ժամանակ այնքան արժեւորում եւ համաշխարհային խորհուրդ պիտի չստանար առանց Մայիս Մէկի յաղթանակին: Մայիս Մէկը համեստ օրապահիկով, արդար եւ արժանաւոր կեանք մը ապրելու կոչուած աշխատաւորին յաղթանակի օրն է՝ չարաշահողներուն դէմ:
Շատ յաճախ կը խօսինք Մայիս Մէկի մասին: Բայց գիտե՞նք արդեօք, թէ երբ եւ ու՞ր ծագած է Մայիս Մէկի գաղափարը: 1884-ին, Շիքակօ քաղաքի աշխատաւորներուն մօտ կը ծնի աշխատանքի տօն մը որդեգրելու ցանկութիւն մը: 1885-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Աշխատաւորներու Համաժողովին ընթացքին կ’որոշուի Մայիս Մէկի շարժառիթը ոչ միայն սահմանափակել Շիքակոյի Սենթ Լուիզ շրջանի աշխատաւորներուն համար, այլեւ՝ ընդունիլ իբրեւ բողոքի եւ պայքարի տօն՝ բոլոր այն վայրերուն մէջ ուր չեն գործադրուիր ութ ժամուան աշխատանքի պայմանները:
1 Մայիս 1886-ին տեղի ունեցող Աշխատաւորական Համաժողովին ընթացքին, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գործադուլներ տեղի կ’ունենան: Որոշ երկիրներու մէջ, իշխանութիւններ բիրտ միջոցներու կը դիմեն, արգիլելու՝ բողոքի հաւաքները: Հալածանքը խիստ ըլլալով հանդերձ, կ’աճի անոր ծաւալը:
1888-ին, Սենթ Լուիզի ընդհանուր Աշխատաւորական Համաժողովը զօրակոչ կը յայտարարէ՝ ութ ժամ աշխատանք, ութ ժամ վայելք, ութ ժամ՝ քուն կարգախօսի տակ: Այս կարգախօսը կը դառնայ աշխարհի բնակչութեան աւելի քան իննսուն առ հարիւրին սեփականութիւնը:
1889-ին, Փարիզի մէջ գումարուող Ընկերվարական Միջազգային համագումարը նուիրագործեց Մայիս Մէկը, զայն ընդունելով իբրեւ Համաշխարհային Աշխատաւորութեան պայքարի օրը: Այնտեղ միաձայնութեամբ որոշուեցաւ, որ տարուան մէջ որոշ թուական մը, հսկայ ցոյցեր եւ հաւաքներ պիտի կազմակերպուին, ուր աշխատաւորները համապատասխան կառավարութիւններու պիտի յիշեցնեն ութ ժամուան աշխատանքային դրութիւնը ճանչնալու պահանջը: Միջազգային այս ցոյցին եւ հաւաքին թուականը պիտի ըլլայ ՄԷԿ ՄԱՅԻՍԸ:
Հետեւաբար, 1890-էն սկսեալ Մայիս Մէկը կը հռչակուի աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու պաշտպանութեան օր:
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր ծննդեան առաջին օրէն Արեւտահայաստանի եւ Կովկասի մէջ կլանուեցաւ ընկերային արդարութիւն եւ ընկերվարութիւն հաստատելու պայքարին: Հայ իրականութեան մէջ բացառիկ պատմական նշանակութիւն ունի այն իրողութիւնը, որ շնորհիւ Հնչակեան Կուսակցութեան հայ ժողովուրդը առաջիններէն եղաւ, որ ճանչնայ եւ արժեւորէ աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր Մայիս Մէկի խորհուրդը: Հայ իրականութեան մէջ Մայիս Մէկը մուտք գործելու պաշտօնական թուական կարելի է ընդունիլ 1902-ը: Մայիս Մէկի առաջին ցոյցը Պաքուի մէջ կազմակերպած են հնչակեանները՝ 1902-ին: Տարի մը ետք, անոնց միացած է Ռուսաստանի Սոցիալ- Դեմոկրատ Բանուորական Կուսակցութիւնը: Միայն թուականէն ետք, Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ սկսած են Մայիս Մէկեան տօնակատարութիւնները: Մայիս Մէկը ամէնուրեք կը նշուի բացառիկ հանդիսութիւններով: Այս առիթով խօսք առնողները շեշտը կը դնեն աշխատաւորներու ընդհանրական շահերու վրայ: Անոնք կը ներկայացնեն տուեալ ժամանակաշրջանի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններուն բերումով, անտեսուած իրաւունքներուն տիրանալու ձգտումով բանաձեւուած պահանջներ, ի խնդիր՝ հացի, արդար կեանք ապրելու իրաւունքին եւ այլ անհրաժեշտութիւններու վրայ:
Այս տարուան Մայիս Մէկը կը դիմաւորենք դասակարգերու միջեւ խորացող բեւեռացումով, փլուզող համակարգերու, սնանկութեան սեմին հասած պետութիւններու եւ գործազրկութեան անհամեմատ սրտաճմլիկ պայմաններու տակ: Համաշխարհային Դրամատունը, Ելեւմտական Միջազգային Հիմնարկը եւ համբաւ վայելող տարբեր կառոյցներ, կարգ մը պետութիւններ կը զգուշացնեն իրենց յարաճող ծախսերէն, ոմանց կը թելադրեն հակակշիռի տակ պահել իրենց արտաքին պարտքերը, աշխատանքի նոր դիրքեր ստեղծել եւ բարձրացնել համախառն արտադրութեան համեմատութիւնը: Աշխատաւորներու իրաւունքին պաշտպանութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը, պատմական այս հանգրուանին, բաւական հեռու կը մնան ընկերվարական համոզումներու Մեր ընկալումներէն:
www.araraddailynews.com