Սիրելի ընկերներ, ընթերցողներ
Յաջորդ գիրքիս՝ «Փիւնիկեան ափերէն յուշերուս արահետներով»ի հրատարակութիւնը կեցուցի, որովհետեւ յանկարծ նկատեցի երկու կարեւոր վրիպում։ Առաջինը «Մեր թաղերու ժողովրդային գրադարանը/համալսարանը» վերնագրով յուշս, որ կը վերաբերի Նոր Հաճընի մուտքին ձեզի եւ մեզի քաջ ծանօթ վարսայարդար Սամի Կարոյի…գրադարանին, որ մեծ դեր կատարած է շրջանի երիտասարդութեան ընթերցասիրութեան եւ ինքնազարգացման մէջ։ Պէտք չէ մոռցուին այս պատմական կերպարները։
Երկրորդը ՀՄՄ-ի տպաւորիչ տողանցքներն էին Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուիի թաղերուն մէջ։ Մենք՝ պատանիներս, խրոխտաբար կը հետեւէինք արի-արենոյշներուն՝ փողային նուագախումբին երաժշտութեան տակ երգելով «Հնչակեա՜ն ենք մենք, ուխտեալ զինուորներ…» եւ այլ հայրենասիրական երգեր։ Պէտք չէ մոռցուին այս ձեռնարկները։ Հետեւաբար պիտի խնդրեմ ձեզմէ ձեր կարելին ընել մանրամասնութիւններ եւ նկարներ ղրկել այս երկու նիւթերու շուրջ։
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ։
Մինաս
Յ.Գ..- Սամի Կարոյին բուն անունը. Հաճընցի՞ էր արդեօք։ Մայրս ողջ չէ որ իմանայի իրմէ։