Երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւն է ոգեկոչել , պահանջատիրական մեր պայքարին զօրակող հեղինակութիւններուն յիշատակը:
Ուղիղ 129 տարիներ առաջ,այս օրերուն ( 10 սեպտեմբեր 1890), ծնաւ աւստրիացի գրող, մարդասէր, Ֆրանց Վիքթոր Վերֆէլը: Փրակայի, Լայփցիկի եւ Համպուրկի համալսարաններուն մէջ մասնագիտական ուսումի հետեւելէ ետք, Վերֆէլ՝ 1912-ին, ծառայեց աւստրիական բանակին:
Երկրին մէջ տիրող ռազմատենչ մթնոլորտը խորթ էր երիտասարդ մտաւորականին: Իր կատարած քննադատութիւններուն պատճառով ձերբակալուեցաւ, ապա՝ ենթարկուեցա բանտարկութեան:
Ֆրանց Վերֆէլ մասնակցեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին եւ հետագային՝ Աւստրիոյ մէջ, 1918-ի յեղափոխական իրադարձութիւններուն: Երիտասարդ Վերֆէլ զարմանալիօրէն լքեց քաղաքական ասպարէզը եւ նուիրուեցաւ գրականութեան: 1938-ին, երբ Գերմանիա խուժեց Աւստրիա, Վերֆէլ ապաստանեցաւ Իտալիա, ապա՝ Ֆրանսա, իսկ աւելի ուշ՝ Միացեալ Նահանգներ:
Ֆրանց Վերֆէլ երիտասարդ տարիքէն առած է գրական առաջին քայլերը: Տակաւին 1910-ական թուականներուն, լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու փունջ մը: Այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ ընթերցողը կը նշմարէր Վերֆէլի մարդասիրական հայեացքները, պատերազմի դէմ անոր ընդվզումը: Վերֆէլ նաեւ գրած է վէպեր ու թատրերգութիւններ:
Ֆրանց Վերֆէլի ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւէ «Մուսա Լերան 40 Օր»ը վէպը, որ լոյս տեսած է 1932 –ին, գերմաներէն լեզուով: Վէպին հիմք ծառայած է 1915-ին, Սուէտիոյ մէջ ծաւալած իրական զարգացումները, երբ թուրք ջարդարարները փորձեցին հայաթափել Միջերկրական Ծովու ափին գտնուող այս շրջանը: Հայերը որոշեցին ընդդիմանալ թուրք իշխանութիւններուն, բարձրանալով Մուսա Լեռ՝ կազմակերպեցին ինքնապաշտպանութիւն, որ տեւեց 53 օր:
Մուսա Լերան շուրջ կային հայկական վեց գիւղեր՝ Քեպուսիէ, Վաքըֆ, Խտրբէկ, Եողունօլոք, Հաճի Հապիպլի , Պիտիաս:Երկրագործութեամբ զբաղող այս վեց գիւղերու հայերը կը հաշուէին վեց հազար: Սուէտիայի հայերուն անմիջապէս յայտնի դարձաւ,որ սկսած է դրացի գաւառներու մէջ հայերու տեղահանութիւնը: Եողունօլոքի մէջ տեղի կ’ունենայ հայկական վեց գիւղերու ներկայացուցիչներու հանդիպում: Ներկաները կ’որոշեն դիմել ինքնապաշտպանութեան: Դժբախտաբար բոլորը չէ,որ կ’ենթարկուին այս որոշումին: Ոմանք կը խորհէին,թէ փրկութիւնը միայն հպատակութեան մէջ էր..:
Յառաջացող թրքական բանակը չյաջողելով փշրել մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը՝ հրաժարեցաւ յարձակումէն եւ որոշեց լեռը պաշարելով սովամահ դարձնել տեղի բնակիչները: Տասն հինգ հազար հաշուող բանակ մը պաշարեց Մուսա Լեռը: Մուսալեռցիներուն դրութիւնը խիստ ծանրացաւ: Սկսան սպառիլ անոնց պարէնն ու զինամթերքը: Անհրաժեշտ էր օգնութեան դիմել: Ինքնապաշտպանութեան ղեկավարները յոյս ունէին ծովէն ստանալ օգնութիւնը: Սակայն երկար ժամանակ հորիզոնին վրայ չէր երեւար որեւէ մարտանաւ: Թուրքերը բազմիցս կը պահանջէին,որ անձնատուր դառնան Մուսա Լերան հայերը: Կտրականապէս մերժելով թրքական բանակին ծանր պայմանները եւ վերջնագիրները, մուսալեռցիները փնտռեցին փրկութեան նոր ճանապարհներ. Անոնք որոշեցին մարդ ուղարկել Հալէպ եւ Աղեքսանտրիա՝ Դաշնակիցներուն հետ կապելով իրենց յոյսը: Սակայն՝ ապարդիւն: Վերջապէս, ծովու հորիզոնին վրայ երեւաց ֆրանսական «Կիշէն» ռազմանաւը: Իմանալով հայերու դրութեան մասին՝ ռազմանաւի հրամանատարութիւնը հրաման արձակեց ռմբակոծելու թրքական դիրքերը եւ հեռացաւ հայերուն օգնութիւն հասցնելու խոստումով: Առ ի պատասխան այս ցնցումին, թրքական բանակը վճռական յարձակումի ձեռնարկեց մուսալեռցիներու դէմ: Մուսալեռցիները պաշտպանուելու փոխարէն անցան հակայարձակողականի եւ ջախջախիչ հարուած տուին յառաջացող թրքական զօրքերուն,որոնք խուճապահար նահանջեցին: Այս միջոցին երեւացին երկու ռազմանաւեր: Ֆրանսական կառավարութիւնը որոշած էր մուսալեռցիները փոխադրել Փորթ Սայիտ: Հերոս մուսալեռցիները ակամայ հեռացան իրենց ծննդավայրէն եւ փոխադրուեցան Փորթ Սայիտ: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեծ թիւով մուսալեռցիներ գաղթեցին Հայաստան եւ հիմնեցին Մուսա Լեռ աւանը, ուր յուշարձան մը կանգնած է ի պատիւ Մուսա Լերան պաշտպաններուն:
Գիրքը գրելու ծրագիրը Վերֆէլի մէջ ծագած է 1929-ին, երբ Դամասկոսի մէջ կը ծանօթանայ հայ որբերու առօրեային, անոնց անցեալին, ողբերգութեան…:Վերֆէլ, ականատեսի վկայութիւններ, լրատուական նիւթեր ուսումնասիրելով, կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն: Այդ նպատակով ան կ’այցելէ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան գրադարանը: Վերֆէլ խորապէս ընկալեց հայ ժողովուրդին տառապանքն ու վիշտը, անոր արդար պայքարը: Ներշնչուելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութիւններէն, Վերֆէլ ստեղծագործեց գեղարուեստական կոթողային աշխատանք մը, հայ ժողովուրդի ճակատագիրը իմաստաւորելով Մուսա Լերան հերոս պաշտպաններուն օրինակով:
Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ վէպը ձեռք բերաւ մեծ ժողովրդականութիւն: 1934-ին արժանացաւ Տարուան Լաւագոյն վէպ գրական միջազգային մրցանակին: Նոյն թուականին, թարգմանուեցաւ անգլերէն, իտալերէն, Ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներու: Այսօրուան դրութեամբ, ան թարգմանուած է աւելի քան 34 տարբեր լեզուներու: Կ’արժէ նաեւ նշել, որ ֆաշիստական Գերմանիան, Վերֆէլի այլ գործերուն նման, արգիլած էր անոր ցրւումը Գերմանիոյ մէջ՝ հակագերմանական ոգի քարոզելու պատճառաբանութեամբ: Ֆաշիզմը առ յաւէտ դուրս շպրտուեցաւ պատմութեան բեմէն: Վերֆէլի վէպին դէմ արգելքները վերացած են Գերմանիոյ մէջ: Միակ անհանգիստ պետութիւնը անոր վէպէն կը մնայ այսօրուան Թուրքիան:
Առ ի գիտութիւն մեր ազնիւ ընթերցողներուն, Վերֆէլի հռչակաւոր վէպին հայերէնի առաջին թարգմանութիւնը կատարած է Ե. Անդրէասեանը՝ 1935-ին: Աւելի ուշ՝ Պարոյր Միքայէլեանը, 1964-ին, Երեւան:Համեմատաբար վերջերս, լոյս տեսած է հայերէնի երեք հրատարակութիւն՝ 1987,1990, 2015: Իսկ 1982-ին, բեմադրիչ Սարգիս Մուրատեանը գեղարուեստական ժապաւէն մը նկարահանեց համանուն վէպին անունով:
Վէպը՝ տառապանքներու եւ հերոսութեան, բարոյական վեհ արժանիքներու, հայրենասիրութեան անզիջում պայքարի վկայութիւն մըն է թրքական բարբարոսութիւններուն դէմ:
Մեր ժողովուրդը չի կրնար մոռնալ մարդկային անարդարութեան դէմ Ֆրանց Վերֆէլ՝ Մեծ հայասէրին բարձրացուցած աղմուկը:
Երախտագէտ հայ ժողովուրդը Վերֆէլի աճիւնը Գալիֆորնիայէն փոխադրեց Վիեննա եւ անոր պատուին կառուցեց խաչքար մը:
Ֆրանց Վերֆէլի անունով Երեւանի մէջ կոչուած է փողոց: Անոր մահուան յիսնամեակին առիթով, դրոշմաթուղթ մը լոյս ընծայուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ Վերֆէլի դիմանկարով: Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին կցուած է յուշատախակ մը,որուն տակ ամփոփուած է Վերֆէլի գերեզմանէն փոխադրուած սափոր մը:
Վերֆէլի վէպով մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամրագրուած Մուսա Լերան հերոսամարտը, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի փառապանծ մէկ էջն է: Մենք՝ հայերս, դժուարութիւններու առջեւ չընկրկելու, մեր պայքարը վճռակամօրէն եւ մեր սեփական բազուկներով շարունակելու դաս պարտինք քաղել Մուսա Լերան հերոսներէն:
Յարգանք Ֆրանց Վերֆէլի յիշատակին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ