Յունուար 9-ը 20-րդ դարու մեծատաղանդ բեմադրիչ Սերգէյ (Սարգիս) Փարաջանովի ծննդեան օրն է: Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի ԽՍՀ-ներու ժողովրդական արտիստ, բազում պետական եւ միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, վաղամեռիկ հանճարը, որ ծնած եւ ստեղծագործած է Թիֆլիսի մէջ, պիտի դառնար 92 տարեկան:
Akhaltskha.net-ը կը հաղորդէ, որ 2016-ի Յունուար 9-ին կազմակերպուած է այցելութիւն Թիֆլիսի մէջ Մանթաշովեան շարքերու պատին տեղադրուած ազգի արժանաւոր զաւակի` Սերգէյ Փարաջանովի յուշարձանին: Թեմի պաշտօնէութիւնը, երիտասարդական բաժինի ակտիւիստները եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութիւնը իրենց խոնարհումը բերած են մեծատաղանդ արուեստագէտի յիշատակին եւ Փարաջանովի արձանը զարդարած անոր սիրած նուռերով ու ծաղիկներով:
Վիրահայոց թեմի Մառնէուլի շրջանի հայկական համայնքներու հոգեւոր հովիւ եւ Քուեմօ Քարթլիի հոգեւոր-տեսուչ հոգեշնորհ Տէր Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեանը աղօթք բարձրացուցած է Փարաջանովի հոգիի խաղաղութեան համար: Աշխարհահռչակ բեմադրիչի տաղանդի ու գործունէութեան մասին խօսք առած են «Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Լեւով Չիդիլեանը եւ մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Խաչատրեանը, արժեւորելով անոր ներդրումը շարժանկարի համաշխարհային արուեստի զարգացման գործին մէջ: Սերգէյ Փարաջանովը յիրաւի այն հանճարներէ է, որ շատոնց դադրած է մէկ ժողովուրդի զաւակը ըլլալէն՝ դառնալով համամարդակային արուեստի կարկառուն դէմք:
Նուռերով ու կարմիր մեխակներով զարդարուած բեմադրիչին յուշարձանը դարձած է անմահացած Սերգէյ Փարաջանովի յիշատակի մեծարում: