Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, 1992ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ, արձանագրուեցաւ ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութեամբ յաղթանակ մը, որ դարձակէտ կազմեց Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսական տարեգրութեան մէջ։
Հայ ազատամարտիկ ջոկատները ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկեցին ատրպէյճանական հրետանիի մահասփիւռ կեդրոն դարձած Խոջալուի վրայ եւ, թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելով ու դուրս մղելով, վտանգազերծեցին Արցախի ոստանները Կրատ եւ այլ տիպի ռումբերու եւ հրթիռներու ամէնօրեայ տարափէն։
Յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Բերդաձորը ամէնօրեայ ռմբակոծման թիրախ դարձած էին Խոջալուի կողմէ։ Շուշիի իրենց անառիկ դիրքերէն ազերի զինեալներու ծաւալած ռմբակոծման կիսատ թողած քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ամբողջացնելու կու գար Խոջալուն։
Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Խոջալուն նաեւ իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը՝ անշարժութեան մատնելով անզէն հայութեան մարդկային թէ զինական օգնութիւն հասցնող հայկական ջոկատները։
Թէեւ Արցախ Դեկտեմբեր 1991ին արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարական համակարգումի ստեղծումին, այսուհանդերձ՝ Շուշին, Խոջալուն եւ Աղդամը ատրպէյճանական բռնագրաւման բանակի ձեռքին կը շարունակէին հանդիսանալ հայկական արծուեբոյնը պատուհասող եւ, մահ ու աւեր սփռելով, հայութիւնը ծունկի բերելու ուղին ընտրած Պաքուի բռնատէրերուն վտանգաւոր յենակէտերը։
Խոջալուի վնասազերծման գործողութիւնը մեծաթիւ զոհեր խլեց ոչ միայն ազերի զինեալներու, այլեւ խաղաղ բնակչութեան շարքերէն։ Պատահեցաւ նաեւ ահաւոր ողբերգութիւն մը, երբ հայկական ջոկատներու հսկողութեան տակ առճակատման գիծը կտրած եւ ատրպէյճանական կողմի առաջաւոր դիրքերը հասած ազերի բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուեցաւ նոյնինքն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ։
Խոջալուի այդ ողբերգութեան ծալքերը բարդ են, բայց տակաւ կը բացայայտուին։ Ականատեսներ ու թղթակիցներ տակաւ կþամբողջացնեն առարկայական պատկերը Խոջալուի Գործողութեան՝ իրարմէ բաժնելով անոր զոյգ երեսները.- մէկ կողմէ՝ արցախահայութեան ազատագրումը ատրպէյճանեան հրետանիի մահացու հարուածներէն, իսկ միւս կողմէ՝ սեփական ժողովուրդը սպանդի ենթարկելու Պաքուի վարիչներուն ռազմատենչ քաղաքականութիւնը։
Բայց ինչպէս օրին, նոյնպէս եւ այսօր միջազգային հանրային կարծիքը չի վարանիր հալած իւղի պէս կուլ տալու ատրպէյճանական կողմի եւ անոր թափ տուող թրքական շրջանակներու հակահայ քարոզարշաւին տարածած անհիմն վերագրումներն ու մեղադրանքները։ Կը բաւէ էլեկտրոնային հետազօտական սպասարկութեանց տալ Արցախ բառը, որպէսզի Արցախի վերաբերեալ պատմական թէ այժմէական, քաղաքական թէ ընդհանուր տեղեկութեանց վերաբերեալ յղումներու շարքին, անմիջապէս գլուխ ցցեն ատրպէյճանական եւ թրքական կայքէջերու «Խոջալուի Ցեղասպանութիւնը» հրամցնող… խեղաթիւրումները։
Թերեւս 1992ին եւ անոր հետեւող քանի մը տարիներուն կարելի էր բացատրութիւն մը գտնել Արեւմուտքի կողմէ դրսեւորուած թրքանպաստ այդ կողմնակալութեան.- Արեւմուտքը կը փորձէր սիրաշահիլ Պաքուն՝ ընդդէմ Արցախեան իրաւունքին ու արդարութեան վերականգնումին կողմնորոշուած ատենի ռուսական քաղաքականութեան։
Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել ներկայիս եւս յամեցող արեւմտեան կողնակալութեան մասին։ Այսօր արդէն ատրպէյճանեան դեսպանատուներու նախաձեռնութեամբ, Փետրուարի այս օրերուն, աշխարհով մէկ թափ կ’առնէ այսպէս կոչուած «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» մեծ սուտին վերաբերեալ հակահայ քարոզարշաւը…
Ճիշդ է, իրենց խիղճը վարձու հանած թղթակիցներ ու պատմաբաններ միշտ ալ գտնուած են եւ, այս պարագային ալ, բացառութիւն չեն կազմեր բոլոր անոնք, որոնք այսպէս կոչուած «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» սուտ վկաները կþուզեն դառնալ՝ ձայնակցելով ատրպէյճանական եւ թրքական աղբիւրներու հակահայ քարոզչութեան։
Դժբախտաբար միեւնոյն դատապարտելի ընթացքին մէջ կը յայտնուին նաեւ միջազգային ատեաններու կողմէ եւ անոնց անունով հանդէս եկող որոշ հեղինակութիւններ, որոնք իրենց կարգին, այսօր եւս, կը շարունակեն արցախահայութեան վերագրել Խոջալուի մէջ «ազերիները ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու յանցագործութիւն»ը։
22 տարի անցած է Խոջալու վտանգազերծումէն ասդին։ Վաւերագրական ամբողջ գրականութիւն մը արդէն գոյութիւն ունի, որպէսզի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող եւ հեղինակութիւն նկատուող այդօրինակ անձնաւորութիւններն ու շրջանակները քիչ մը ժամանակ տրամադրեն եւ ստուգեն փաստերը, փոխանակ կուլ տալու ատրպէյճանական հակահայ թոյները։
Իսկ վաւերական փաստերը բազում են՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի այդ ժամանակուան նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւններէն սկսելով, հակահայ վերագրումները հետազօտած օտար լրագրողներու եւ պատուիրակութիւններու զեկոյցներէն անցնելով եւ Խոջալուի արիւնալի ողբերգութենէն վերապրողներու վկայութեանց հասնելով։
Կը բաւէ, որ մարդիկ արդարութեան եւ ճշմարտութեան չգերադասեն ատրպէյճանական քարիւղէն օգտուելու իրենց ինչ-ինչ հաշիւներն ու շահերը։
Կը բաւէ, որ վերջ տրուի աշխարհի ճակատագիրը վարող ուժերու մօտ տակաւին յամեցող երկու չափ եւ երկու կշռի պատեհապաշտութեան։
Խոջալուի վտանգազերծումը, ի վերջոյ, միակ ելքն ու գրաւականն էր հայկական Արցախի ինքնապաշտպանութեան՝ ազատ ու անկախ ապրելու անոր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքին նուիրագործումին, որուն նկատմամբ իրենց պարտքը կատարելէ կը խուսափին մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը մինչեւ այսօր։