Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Նոյեմբեր 11-ին մասնակցութեամբ մտաւորական խաւին «միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մշակոյթի գործիչներու Հալէպի մէջ գումարուեցաւ խորհրդաժողով մը անդրադարձող Սուրիոյ ճգնաժամային իրավիճակին։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի ՙԳանձասար՚ շաբաթաթերթը։
Վերջին եղելութիւններու մթնոլորտը ներկայացնող լուսանկարները խորապէս տպաւորեցին ներկաները։
Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Արտօ Համբարձումեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ խորհրդաժողովի բովանդակալից կէտերուն, ապա Սրբազան Հայրը ողջունեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, որ գիտակցութեամբ եւ քաջարի կեցուածքով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Զրուցավար Գրիգոր Տունկեան գնահատանքի արտայայտութիւնը փոխանցեց յանդուգն ու նպատակասլաց հաւաքին մասին, ապա ընթերցեց Միացեալ Նահանգներէն հասած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վահէ Ժամագործեանի կողմէ ուղարկուած խօսքը, զոր կը մէջբերենք՝
ՙ Յանուն Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովական ընկերներու ամենահարազատ զգացումներուն կը յայտնեմ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ձեր պահպանած մշակութային, մտաւոր, ազգային դիրքորոշումներուն, թարգմանը հանդիսանալով Համազգայինի համագաղութային մեծ ընտանիքի անդամ – անդամուհիներուն ամենաջերմ ապրումներուն, կրկին անգամ կը հաստատենք, թէ ձեզի հետ ենք միշտ եւ մանաւանդ երբ ձեր արժանապատիւ կեցուածքով, հպարտօրէն, համազգայնափայլ կերպով, կանգուն կը մնաք, մեզի պարտադրուած այս տագնապը ընկալող զսպող ընկերոջ, ֆիզիքական արիութեան հոգեկան ու իմացական միաձուլող ղեկավարի, մշակութային իրաւունքները եւ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը պահպանող գործիչի, պատմական ճշմարտութիւնները բծախնդրօրէն լուսաբանող իրաւագէտի, արեւմտահայերէնը անաղարտ պահպանող եւ զարգացնող ուսուցիչի եւ մանաւանդ ու բացառապէս ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ սերունդներ դաստիարակող առաջնորդի՚։
Այնուհետեւ օրակարգերու չորս կէտերու շուրջ իրենց գրաւոր զեկոյցը ներկայացուցին Ռաֆֆի Աւետիսեան, Հրազդան Թոքմաճեան, դոկտ. Հուրի Ազէզեան եւ Սարգիս Գասարճեան։
Ժողովականները անդրադարձան, որ անբաժան մասնիկը կը կազմեն սուրիական հայրենիքին, անոր ապրած իրավիճակին մէջ տեղ գրաւած ըլլալու հանգամանքին եւ դժուարին պայմաններուն,զանոնք դիմագրաւելու իրենց ունենալիք կամքի դրսեւորման անհրաժեշտութեան։ Հաստատեցին հաւատարիմ մնալ ընդհանրական տրամադրութեան եւ որոշեցին վերաշխուժացնել գալիքի միութենական կամքը։
Առ այդ, Սուրիոյ տարածքին հայ մշակութային արժէքներու պահպանման նկատմամբ իրենց կեցուածքը պիտի մնայ երաշխաւորուած յատուկ ռազմավարութեամբ։
Ժողովականները կարեւորութեամբ անդրադարձան նաեւ լրատուական միջոցներու անհրաժեշտութեան, այժմու հնարաւոր լրատուական միջոցներու իրագործման եւ տարածման։
Համազգայինի Սուրիոյ Վարչութեան աննախընթաց նախաձեռնութիւնը տագնապալի այս օրերուն քաջարի կեցուածք ներշնչեց բոլորին։
Խորհրդաժողովին Երեւանէն ժամանած Արման Սաղաթէլեանն էր, որ անդրադարձաւ հայրենիքէն ներս լրատուական միջոցներու իրագործման եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապալի իրավիճակին։
Խորհրդաժողովին փոխանցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնը եւ ճգնաժամային իրադրութենէն հաւաքական ճիգերով անվտանգ դուրս գալու եւ գօտեպինդ մնալու մաղթանքը: