Հայ ազգի պատմութեան մէջ միշտ եղած են գոյատեւման յաճախակի պայքարներ։ Միջին դարերուն, Կիլիկեան թագաւորութեան կործանումէն ետք (1375), վեց հարիւր տարիներու պետականազուրկ կեանքի ընթացքին գոյատեւման պայքարը կեդրոնացած էր հայութիւնը պահպանելու մէջ։ 1895-1923 տարիներուն ունեցած ենք աւելի քան երկու միլիոն մարդկային կորուստ՝ ջարդերու եւ ազատագրական պայքարներու պատճառով։ Մանաւանդ 1915-ին, մեր գոյութեան վատթարագոյն եւ ճակատագրական տարին ըլլալով, ունեցած ենք աւելի քան 1.5 միլիոն մարդկային զոհ, իսկ մահուան ճիրաններէն հրաշքով ազատուողները հաստատուած են աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ՝ կազմելով նոր հայկական գաղութներ։ 1918 -ին հնարաւորութիւն ստեղծուած է ունենալ հայկական նոր պետութիւն մը մեր պատմական հայրենիքի մէկ մասին վրայ։ Եթէ չունենայինք մարդկային այդ զոհերը, փաստօրէն մեր ազգին թիւը կ՚ըլլար 22 միլիոն, փոխանակ տասը միլիոնի։
1920-ին պոլշեւիկեան բանակներու յարձակումներուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ դարձաւ Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններէն փոքրագոյններէն մէկը։ 1945-ին Հայաստանի ժողովուրդը մէկ միլիոնէն պակաս ըլլալով կրնար կորսնցնել իր հանրապետական կարգավիճակը, եթէ զանգուածային հայրենադրաձութիւնը տեղի չունենար։ Արդարեւ Խորհ. Հայաստանը Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տուած էր 300,000 զոհ, որուն բացարձակ մեծամասնութիւնը այր մարդիկն էին եւ երիտասարդ ուժերը։
1991-ին Խորհրդային կարգերու փլուզման հետեւանքով ստեղծուեցաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը։ 1991-1994 տարիներուն տեղի ունեցան Արցախեան կռիւները, որոնք աւարտեցան Արցախի հայութեան փրկութեամբ եւ զարգացման հնարաւորութիւններու ստեղծմամբ։ 2020-ին Ատրպէյճան Թուրքիոյ եւ ՌԴ-ի աջակցութեամբ յարձակեցաւ Արցախի վրայ եւ կարգ մը բարձրաստիճան հայ զինուորականներու դաւադրութեանց շնորհիւ կրցաւ պարտութեան ենթարկել ՀՀ-ն եւ Արցախը։ Ներկայիս թէ՛ Արցախը եւ թէ՛ ՀՀ-ն կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրներիու առջեւ։ Արդէն ունինք գոյութենական լուրջ խնդիր։
2015-ին, հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի վերջ, գրեթէ բոլոր թրքական իրարայաջորդ կառավարութիւնները որդեգրած էին ուրացումի քաղաքականութիւն եւ որեւէ վնասուց յատուցումի մասին չէին արտայայտուած ։ Եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց թշնամական կեցուածքը հայութեան հանդէպ։ Այս իրականութիւնները նկատի առնելով Երեւանի մէջ խումբ մը պատմաբաններ եւ այլ մասնագէտներ կ՚որոշեն ցեղասպանութեան պատճառած նիւթական վնասներուն հաշուարկները կատարել։ Պէտք եղած տուեալները եւ տեղեկութիւնները հաւաքելէ վերջ, նիւթական շարժական եւ անշարժ վնասներու գումարը կը ներկայացնէ 3.2 թրիլիոն տոլարի գումար, որ կը պարունակէ նաեւ 100 տարիներու տոկոսը այս պարտքին։ Անշուշտ այս գումարը չ՚ընդգրկեր որեւէ հատուցում հայութեան մարդկային զոհերուն եւ հայաբնակ հողերու կորուստին մասին։
2015-ին նաեւ ՌԱԿ-ի Հայ Իրաւանց Խորհուրդը կ՚որոշէ «Համահայկական Գաղափարախօսութեան» շուրջ գրքոյկ մը պատրաստել՝ նկատի առնելով հայ ազգին գոյատեւման եւ ապագայի հեռանկարները։ Ապա «Գաղափարախօսութեան» նպատակները գործադրութեան դնելու մտադրութեամբ օրինակներ կը բաժնուին ՀՀ կարգ մը պետական անձնաւորութիւններու։ Վերջիններս որոշ հետաքրքրութիւն ցոյց տալէ ետք դժբախտաբար որեւէ գործնական քայլի չեն դիմեր ի գործ դնելու այս գրքոյկի մէջ ներկայացուած գաղափարները։
Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուեցան նոր ծրագիրներ՝ Կովկասի երկիրներու սահմանները բանալու եւ իրենց յարաբերութիւնները աշխուժացնելու նպատակով։ Այպիսով արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ նոր միջանցքներու համար նկատի առնուած է Նախիջեւանը, Մեղրիի եւ Սիւնիքի միջոցով Թուրքիան կապելու Ատրպէյճանի հետ։ Ուրեմն փաստօրէն Թուրքիան կը կապուի Միջին Ասիոյ թուրքական պետութիւններու հետ, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ փան-թուրանական ծրագիրի իրականացումը։ Մինչ այդ հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ նկատի առնուած է նոր ճամբաներու շինարարութիւնը՝ իրարու կապելով Հնդկաստան, Իրան, Հայաստան Վրաստան եւ Եւրոպա, որպէսզի ծառայէ քարիւղը փոխադրելու եւ առեւտրական կապեր հաստատուի Եւրոպայի հետ։ Ակնյայտ է նաեւ թէ այս ծրագիրները ունի քաղաքական նպատակներ։ Եթէ փան-թուրանական ծրագիրը յաջողի, անուղղակի կերպով Ռուսիա հարաւէն եւ արեւելքէն պիտի շրջապատուի, այսպիսով ծառայելով Արեւմուտքի կողմէ՝ Ռուսիան շրջափակելու նպատակին։
Եթէ քննենք այս ծրագիրներուն գործադրութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան եւ ապահովութեան տեսանկիւնէն, ակնյայտ կը դառնայ թէ որեւէ ձեւով դրական ազդեցութիւն պիտի չունենայ, հակառակը, Հայաստանի ապահովութիւնը վտանգուած պիտի ըլլայ եւ մանաւանդ Մեղրիի սահմանի փակումը անընդունելի է Իրանին, մինչ հիւսիս-հարաւ ճամբաներու շինութիւնը պիտի ծառայէ Հայաստանի շահերուն։
Այժմ, եթէ պահ մը քննենք 2020 թուի պատերազմի հետեւանքները, պիտի նկատենք թէ հակառակ այն իրողութեան թէ Արցախի 70% գրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ, դեռ ճնշումներ կը բանեցնեն, որպէսզի կարենան Արցախը բոլորովին հայաթափել, միեւնոյն ժամանակ ճնշումներ կը բանեցնեն, որպէսզի նոր զիջումներ պարտադրեն Հայաստանի կառավարութեան վրայ։ Դժբախտաբար որքան ներկայ Հայաստանի կառավարութիւնը տեղի կու տայ անոնց պահանջներուն՝ նոր զիջումներ կը ներկայացնեն՝ պնդելով որ շատ մը հայապատկան հողեր մաս կը կազմեն «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան»։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը ջանայ գոհացում տալ Ատրպէյճանին՝ յուսալով թէ պիտի կարենալ խաղաղութիւն հաստատել, բայց կարծես ճիշդ հակառակը տեղի կ՚ունենայ։ Դժբախտաբար եթէ այս դրութիւնը շարունակուի առանց առաջքը առնելու, Հայաստանի գոյութիւնը հարցականի տակ պիտի գտնուի, ինչպէս նաեւ շարք մը Հայաստանի քաղաքացիներ պիտի լքեն ու հեռանան երկրէն։ Եթէ կ՚ուզենք այս շատ վտանգաւոր կացութիւնը կասեցնել՝ պէտք է նկատի առնուին հետեւեալ քայլերը։
1.- Հայաստանի անկախութիւնը ապահովելու համար յոյս չդնել Ռուսիոյ եւ ուրիշ «բարեկամ» ազգերու վրայ, այլ՝ մեր ազգային ուժերուն։
2.-Շուտափոյթ կերպով վերակազմել հայկական ազգային բանակը եւ օժտել զայն արդիական զէնքերով։
3.- Կազմել ազգային կառավարութիւն մը, ուր արտասահմանի հայութիւնը ունենայ իր գործօն մասնակցութիւնը։
4.- Նախաձեռնել քաղաքացիական նոր կրթութիւեան համակարգ մը՝ ներմուծելու համար ժողովրդական նոր սկզբունքներ։
5.- Կիրարկել արդարութեան սկզբունքներ եւ ապահովել անոնց գործադրութիւնը։
6.- Քաղաքացին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ վճարել ազգային տուրքերը։
7.- Չօգնել թշնամի պետութիւններու տնտեսական ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որպէսզի չվնասեն ազգային տնտեսութեան, առիթ չտալու համար որ անոնք յաջողցնեն իրենց քաղաքական հեռուն գացող նպատակները։
8.- Քաղաքացիներ պէտք է կատարեն իրենց զինուորական ծառայութիւնը։
9.- Կազմակերպել Հայկական բանակը հետեւելով Զուիցերիոյ, Շուէտի եւ նման երկիրներու օրինակներուն։
Նկատի առնելով որ ներկայ Հայաստանի կառավարութիւնը տկար է եւ չունի անկախ գործելակերպի փորձառութիւն եւ ենթակայ է Քրեմլինի բացայայտ ազդեցութեան, պէտք է առնուազն օգտուի արտասահմանի հայութեան ունեցած մտային եւ քաղաքական կարելիութիւններէն ու փորձառու դէմքերէն։ Ներկայ վիճակէն դուրս գալու միջոց, որպէս թելադրութիւն մեր կողմէ, պէտք է հիմնուի «Հայաստանի Փրկութեան Կոմիտէ» մը (ՀՓԿ), որուն հովանիին տակ պիտի գործեն ուղեղային կեդրոններ սփիւռքի մէջ (Think tanks)։ Այս կեդրոններու մէջ մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրուին ազգային հրատապ հարցեր եւ համապատասխան թելադրութիւններ կատարուին հայրենի կառավարութեան։
Հետեւեալները կը ներկայացնեն այդ հարցերու ցանկը.
1.-Թելադրութիւններ հայկական նոր բանակի կազմութեան վերաբերեալ։
2.- Նոր կառավարութեան կազմութիւնը՝ հիմնուած քաղաքացիներու ծառայութեանց ազգային շահերու հետապնդման սկզբունքներուն վրայ։
3.- Նոր տնտեսական ծրագիրներ որ Հայաստանը դարձնէ հնարաւորին չափ ինքնաբաւ պետութիւն մը։
4.- Պատրաստութիւն դատական թղթածրարներու, որոնք օգտագործուին հայկական դատի եւ պահանջատիրութեան աշխատանքներուն համար։
5.- Հայաստանի բնական հարստութիւններու օգտագործում ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական հզօրացման։
6.- Հայրենադարձութեան նոր ծրագիրներ, որպէս հակադարձութիւն հայրենաթափութեան եւ յօգուտ Հայաստանի բնակչութեան աճին։։
7.- Մշակել նոր ծրագիրներ, որոնք պիտի նպաստեն հայրենի նոր երիտասարդութեան հայրենասիրական դաստիարակութեան։
8.- Հայաստանի սահմանները կարմիր գիծեր են եւ որեւէ թշնամի ուժի ներխուժումը պիտի նկատուի թշնամական արարք եւ ներխուժում, որ դատապարտելի է միջազգային օրէնքներով։
9.- Որեւէ միջացքի օգտագործումը Հայաստսանի տարածութեան վրայ պիտի գտնուի Հայաստանի օրէնքներու հսկողութեան եւ տրամադրութիւններուն տակ։
10.- Համա-հայկական գաղափարախոսութեան երեք հիմնական սկզբունքներն են.
ա) Բոլոր քաղաքական եւ ազգային ծրագիրները պէտք է ծառայեն հայութեան շահերուն։
բ) Հայաստան պէտք է դառնայ ինքնաբաւ պետութիւն մը (ապրուստ, ուտելիք, սնունդ, հանրային առողջապահութիւն, հաշուետուութիւն)։
գ) Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք պէտք է դառնան միացեալ հայութեան զօրաւոր կեդրոններ։
11.- Խաղաղութիւն ապահովելու համար պէտք է պատրաստուինք պատերազմի։
12.- Թուրքիոյ իսլամացած հայերը պէտք է քաջալերենք որ շարունակեն պահել իրենց հայութիւնը։
Յակոբ Նազարեան
Պատւոյ Անդամ
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան
Քալիֆորնիա