Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու ընտրութեան նիստին, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ:
Նիստէն բացակայեցան երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս, Ղասսան Հասպանի, Աշրաֆ Ռիֆի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին` Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն Լիբանան պիտի հասնի կիրակի, 12 կամ երկուշաբթի, 13 յունիսին:
Խորհրդարանական յանձնախումբերուն ընտրութեան մասին Պըրրի շեշտեց, որ այդ մնայուն յանձնախումբերը խորհրդարանին իսկական խոհանոցը կը նկատուին, «եւ երանի կարելի ըլլար այդ իմաստով համախոհութիւն գոյացնել` նկատի ունենալով, որ բոլոր երեսփոխանները ներառելու կարելիութիւն կայ, այլապէս շաբաթներ պիտի տրամադրենք ընտրութիւնները ամբողջացնելու համար», ըսաւ Պըրրի:
Նիստին սկսելէն շուրջ երկուքուկէս ժամ ետք խորհրդարանը ընտրեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի 17 անդամները, որոնք են.
Իպրահիմ Քանաան, Ռաժի Սաատ, Ալի Հասան Խալիլ, Այուպ Հըմայէտ, Ալեն Աուն, Ժիհատ Սամատ, Հասան Ֆատլալլա, Միշել Մուաուատ, Սելիմ Աուն, Ղատա Այուպ, Իհապ Մաթար, Իպրահիմ Մնայմնէ, Ղազի Զաայթեր, Ժան Թալուզեան, Ալի Ֆայեատ, Ղասսան Հասպանի եւ Ֆուատ Մախզումի:
Այս իմաստով երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ օրէնսդրական աշխատանքին մէջ փորձառութիւնը հիմնական է` աւելցնելով, որ իրենք բազմիցս վտանգի փողը հնչեցուցած են, իսկ ներկայիս կարեւորագոյնը արդիւնաբեր ըլլալն է, ինչպէս նաեւ ապագայի մասին մտածելը, որովհետեւ տնտեսական եւ ելեւմտական բեռը ժողովուրդին վրայ բեռցուած է:
Քանաան յայտնեց, որ գլխաւոր թղթածրարը կը մնայ պետական ամավարկի վաւերացումը, ելեւմտական փրկութեան ծրագիրի մշակումն ու դրամատուներու վերակառուցումը, ինչպէս նաեւ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրէնքին վաւերացումը:
Ապա խորհրդարանը սկսաւ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ընտրութեան:
Նախքան քուէարկութեան հոլովոյթը Պըրրի առաջարկեց հինգ երեսփոխաններու կողմէ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչել, սակայն ոչ ոք անսաց խորհրդարանի նախագահին առաջարկին:
Խորհրդարանը ընտրեց հետեւեալ անդամները, որոնք կը ներկայացնեն վարչական եւ արդարութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբը.
Ժորժ Ատուան, Իպրահիմ Քանաան, Քապալան Քապալան, Ժորժ Օքէյս, Աշրաֆ Պայտուն, Ալի Խալիլ, Մարուան Համատէ, Ղատա Այուպ, Հասան Իզզէտտին, Ղազի Զաայթեր, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ժորժ Աթալլա, Ալի Խրէյս, Իմատ Հութ, Ուսամա Սաատ, Պիլալ Ապտալլա եւ Նետիմ Ժեմայէլ:
Առանց մրցակիցի գոյութեան, արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Ֆատի Ալամէ, Յակոբ Բագրատունի, Միշել Մուսա, Իպրահիմ Մուսաուի, Նատա Պուսթանի, Միշել Տուէյհի, Էլիաս Խուրի, Փիեռ Ապու Ասի, Նասեր Ժապեր, Ինայա Իզզէտտին, Նաամաթ Աֆրամ, Ռամի Ֆանժ, Ալի Օսէյրան, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ալի Ամմար, Միշել Մըր եւ Սելիմ Սայէղ:
Առանց մրցակիցի գոյութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Սիմոն Ապի Ռամիա, Ռաէտ Պըրրօ, Յակոբ Թերզեան, Շարպել Մարուն, Ղասսան Աթալլա, Ուատտահ Սատեք, Եանալ Սոլհ, Փիեռ Ապու Ասի, Քամիլ Շամուն, Ժիհատ Բագրատունի, Էլիաս Հանքաշ եւ Ռազի Հաժ:
Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները` առանց մրցակիցի գոյութեան.
Իպրահիմ Մուսաուի, Փոլա Եագուպեան, Եասին Եասին, Մարուան Համատէ, Ռամի Ապու Համտան, Նիքոլա Սահնաուի, Ղայյաս Եազպեք, Ճիմի Ժապպուր, Քապալան Քապալան, Սայիտ Ասմար, Սեզար Ապի Խալիլ եւ Մոհամետ Սլէյման:
Առանց մրցակիցի գոյութեան, կիներու եւ երեխաներու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Ինայա Իզզէտտին, Ատնան Թրապուլսի, Անթուան Հապշի, Ալի Խրէյս, Ալի Օսէյրան, Ալի Մըքտատ, Քասեմ Հաշեմ, Սինթիա Զարազիր, Իպրահիմ Մուսաուի, Նատա Պուսթանի, Սելիմ Սայէղ եւ Ատիպ Ապտել Մեսիհ:
Մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները` առանց մրցակիցի գոյութեան.
Միշել Մուսա, Իպրահիմ Մուսաուի, Ասաատ Տըրղամ, Ժորժ Օքէյս, Հասան Իզզէտտին, Սիմոն Ապի Ռամիա, Միշել Տուէյհի, Քասեմ Հաշեմ, Ալի Մըքտատ, Նազիհ Մաթթա, Մըլհեմ Խալաֆ եւ Շարպել Մասաատ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին խորհրդարանի նախագահը յայտարարեց առաւօտեան նիստի աւարտը եւ երեսփոխանները հրաւիրեց գիշերային նիստի մը` երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Երեկոյեան նիստը սկսաւ 6:10-ին, անոր ընթացքին քուէարկութիւն կատարուեցաւ պաշտպանութեան, ներքին ապահովութեան եւ քաղաքապետութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին անդամները ընտրելու նպատակով:
Յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան երեսփոխաններ Ահմետ Խէյր, Ասաատ Տըրղամ, Սամի Ժեմայէլ, Ալեն Աուն, Ժան Թալուզեան, Ապտել Քերիմ Քապպարա, Ալի Օսէյրան, Ալի Ամմար, Ռաէտ Պըրրօ, Քասեմ Հաշեմ, Մոհամետ Խաուաժա, Հասան Մըրատ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Միշել Մըր, Ֆատի Քարամ, Ժիհատ Սամատ եւ Մոհամետ Եհիա:
Առանց մրցակիցի գոյութեան կենսոլորտի յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Հատի Ապուլ Հասան, Քասեմ Հաշեմ, Մըլհեմ Հուժէյրի, Իհապ Համատէ, Սիմոն Ապի Ռամիա, Ղասսան Աթալլա, Ուալիտ Պաարինի, Նաժաթ Աուն, Ղայյաս Եազպեք, Նազիհ Մաթթա, Հանի Քպայսի եւ Ֆատի Քարամ:
Նշենք, որ այս յանձնախումբին պարագային երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ իր թեկնածութիւնը յետս կոչեց` ի նպաստ Հատի Ապուլ Հասանի:
Առանց մրցակիցի գոյութեան ընտրուեցան երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Այուպ Հըմայէտ, Ճիմի Ժապպուր, Մոհամետ Եհիա, Ռամի Ապու Համտան, Շարպել Մարուն, Շաուքի Տաքքաշ, Մըլհեմ Հուժէյրի, Ժորժ Օքէյս, Ապտել Ազիզ Սամատ, Ատիպ Ապտել Մեսիհ, Ուալիտ Պաարինի եւ Էլիաս Ժարատէ:
Առանց մրցակիցի գոյութեան ընտրուեցան գաղթականներու հարցերու եւ արհեստագիտութեան յանձնախումբի անդամները, որոնց շարքին է նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան 17 երեսփոխաններ: Նշենք, որ այս յանձնախումբին անդամակցելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 30 երեսփոխաններ:
Յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններն են. Հիւսէյն Ժաշի, Իպրահիմ Մնայմնէ, Թահա Նաժի, Ֆիրաս Սալլում, Նատա Պուսթանի, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Նեպիլ Պատըր, Սելիմ Աուն, Անթուան Հապշի, Մըլհեմ Թաուք, Ապտել Քերիմ Քապպարա, Ֆուատ Մախզումի, Ֆայսալ Սայեղ, Մոհամետ Եհիա, Մոհամետ Խաուաժա, Սաժիհ Աթիէ եւ Ահմետ Խէյր:
Տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի երեսփոխանական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ երեսփոխանները.
Ֆարիտ Պուսթանի, Նասեր Ժապեր, Յակոբ Թերզեան, Հասան Իզզէտտին, Միշել Տահեր, Ամին Շըրրի, Մըլհեմ Թաուք, Մոհամետ Սլէյման, Նիքոլա Սահնաուի, Ֆայսալ Սայեղ, Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ռազի Հաժ:
Պըրրի կոչ ուղղեց խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամներուն, նախագահներուն եւ զեկուցաբերներուն ընտրութիւնը շարունակելու ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն հրաւիրելը: Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանանի կացութիւնը դարձած է շատ վտանգաւոր, իսկ ապրուստի իրավիճակը ամբողջական փլուզումի կամ քաոսի կը մօտենայ:
«Մենք կ՛ուղղուինք դէպի վտանգաւոր վայր մը, հետեւաբար կը զգուշացնենք, որ սահմանադրական այս գործընթացները արագ կերպով պէտք է կատարուին», ըսաւ Ժեմայէլ:
Ան դիտել տուաւ, որ նաւթի եւ կազի պեղման վերաբերող տագնապը, որ մէկ օրէն միւսը կրնայ պայթիլ, կ՛ենթադրէ ունենալ ղեկավարութիւն` փրկելու համար երկիրը:
———————————————
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընտրուեցաւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու եւ արհեստագիտութեան խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ:
Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան ընտրուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ: