Երէկ խորհրդարանը «շարժեցաւ» եւ որոշեց ընդառաջել ժողովուրդի պահանջներուն: Արդարեւ, առաւօտեան եւ երեկոյեան զոյգ նիստերով, խորհրդարանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած հրատապ հարցերը, որոնց շարքին առաջին դիրքի վրայ էր ծայրայեղ աղքատութեան մէջ տառապող լիբանանցիներու աւելի քան յիսուն առ հարիւրի ապրուստի կենցաղային յատկացումի քարտին հարցը: Յետ խորհրդակցութեանց, վաւերացուեցաւ յատկացումի քարտը, ըստ որուն 500 հազար կարիքաւոր լիբանանցի իւրաքանչիւր ընտանիքի պիտի յատկացուի 93-էն 126 ամերիկեան տոլարի միջեւ ամսական յատկացում մէկ տարուան տեւողութեամբ: Այս քարտի ֆինանսաւորման համար վաւերացուեցաւ նաեւ 556 միլիոն ամերիկեան տոլարի բացառիկ վարկ բանալու որոշումը: Ըստ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն, նշեալ վարկը պիտի հայթայթուի Միջազգային դրամական սնտուկին մօտ Լիբանանին պատկանող 900 միլիոն տոլարի գումարէն: Այս գծով բանակցութիւնները «շուտով ընթացք կ՛առնեն» եւ ըստ իրազեկ աղբիւրներու, նշեալ շուրջ կէս միլիոն տոլարի գումարը Լիբանանին կը փոխանցուի 23 սեպտեմբեր 2021-ին: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, խորհրդարանը որոշեց, իսկ գործադրութիւնը կը մնայ ընթացաւարտ կառավարութեան ուսերուն:
Ժողովականները նաեւ որոշեցին մինչեւ այս տարեվերջ` 31 դեկտեմբեր 2021 երկարաձգել պարտքերու հատուցման ժամկէտի պայմանաժամերը: Այլ խօսքով, այսօր` 1 յուլիսէն սկսեալ ոչ մէկ դրամատուն կամ պարտապահանջ իրաւասու է դատական հայցի կամ պատժական տնօրինումի դիմելու պարտքերը հատուցելու անկարող քաղաքացիներու դէմ:
Որոշուեցաւ նաեւ արտասահմանեան փոխադրութեան յատկացուած հանրային փոխադրակառքերը մէկ տարիով զերծ կացուցել մեքանիքի տուրքերէն:
Նշենք, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի անդամները, գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի, ժողովասրահը լքեցին առ ի բողոք ժողովի ընթացքին դէմ:
Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանը վճռէ իր կեցուածքը: «Կարելի չէ շարունակել այս ընթացքով», յայտարարեց Պասիլ` կոչ ուղղելով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին Լիբանան վերադարձին փութալու կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան, այլապէս թելադրելով, որ խորհրդարանը որոշէ եւ յետս կոչէ նշանակեալ վարչապետին կառավարութեան կազմութեան որոշումի յանձնարարականը:
Յունիս Ամսուան Մէկ Քիլոուաթը` 1326 Լիբ. Ոսկի
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ելեկտրածին շարժակներու յատուկ մէկ քիլոուաթին գինը որոշեց 1326 լիբ. ոսկի:
Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար երէկ բազմակողմանի խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց` դասաւորելու համար վառելանիւթի բաշխումի ծրագիրը: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ 20 լիթր պարունակող մէկ թիթեղ վառելանիւթի սակագինը պիտի բարձրանայ 70 հազար լիբ. ոսկիի:
Մինչ Այդ` Փողոցը Կ՛եռեւեփի Եւ Պոռթկումի Սեմին Է
Մինչ այդ, ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովման համար պայքարող քաղաքացիներ, մաս մը պենզինի կայաններու մուտքին շարքի կեցած, ուրիշներ` յուսալքուած, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն զօրաշարժի մատնուեցան ու փակեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մայրուղիներն ու ճամբաները, յատկապէս Թրիփոլիի, Պեքաայի, Աքքարի, Նապաթիէի եւ մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ:
Կարգ մը շրջաններու մէջ անխուսափելի էր ծեծկռտուքն ու հրմշտուքը` պենզինի ապահովման առաջնահերթութեան համար:
«Արգիլուած է լիբանանցի երեսփոխաններուն եւ քաղաքական դէմքերուն այցելել ու ճաշել հանրային վայրերու մէջ, այնքան ատեն որ ժողովուրդին մեծ մասը կը տառապի ապրուստի, կենցաղային եւ տնտեսական անցուկ պայմաններէն», յայտարարեց Ժողովրդային շարժումի մէկ ներկայացուցիչը` սպառնալով շարունակել իրենց քայլերը բոլոր ղեկավարներուն դէմ անխտիր: Նշենք, որ նշեալ շարժումի անդամ ցուցարարներ վերջերս աղմկարար ելոյթով «պաշարեցին» Պէյրութի կեդրոնը գտնուող «Սերայ» ճաշարանը, ուր համախմբուած էին կարգ մը երեսփոխաններ եւ հանրային դէմքեր: Աւելի ուշ մէկէ աւելի երեսփոխաններ եւ անձնաւորութիւններ հերքեցին իրենց ներկայութիւնը նշեալ ճաշարանին մէջ, ինչպէս որ յայտարարած էր ցուցարարներու ներկայացուցիչը: