Ժողովրդային շարժումը եռօրեայ սառած իրականութենէն ետք երէկ առաւօտեան կատարեալ աշխուժութեամբ վերադարձաւ փողոց եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ փակեց խորհրդարան տանող բոլոր մուտքերը:
Մեծաթիւ ցուցարարները փակեցին խորհրդարան տանող բոլոր ճամբաները` նպատակ ունենալով արգելակել գումարումը խորհրդարանի զոյգ նիստերուն, որոնցմէ առաջինին ընթացքին պիտի ընտրուէին խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները, իսկ երկրորդը օրէնսդրական էր` վաւերացնելու համար այնպիսի օրինագիծեր, որոնք պիտի վերածուէին ժողովրդային շարժումի պահանջները գոհացնող օրէնքներու:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի չմասնակցի խորհրդարանի զոյգ նիստերուն:
Նշենք, որ օր մը առաջ կարգ մը քաղաքական ուժեր, պլոքներ եւ անձնաւորութիւններ արդէն իսկ հաստատած էին խորհրդարանի նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումը:
Անոնք էին Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքը, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի պլոքը, Մարատա հոսանքի պլոքը, ինչպէս նաեւ Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, երեսփոխաններ Միշել Մուաուատ, Շամել Ռուքոզ, Նաամաթ Աֆրամ, Մոհամետ Քապպարա, Ֆայսալ Քարամէ եւ Ժամիլ Սէյիտ:
Խորհրդարանի գումարելիք նիստէն շուրջ ժամ մը ետք, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած արտակարգ պայմանները եւ համաձայն խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին ու հիմնուելով օրէնսդրական ելքի վրայ, խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը պիտի շարունակեն գործել նոյն անդամներով եւ նոյն ձեւով»:
Տահեր աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը եւս առկախուած է:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցներու ընթացքին յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը շրջանցելու նախաքայլը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելն է:
Պըրրիի պատկերացումով` կառավարութիւնը պէտք է բաղկանայ մեծաւ մասամբ մասնագէտներէ, որոնց պէտք է միանան սահմանափակ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ըստ Պըրրիի, նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս սկսի բարեկարգումներ գործադրել, ինչպէս նաեւ անսալ ժողովրդային շարժումի պահանջներուն` «նկատի ունենալով, որ անոնք բոլոր լիբանանցիներուն պահանջներն են եւ որդեգրուած մեր կողմէ», ըսաւ ան:
Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան արտակարգ իրավիճակ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ ցուցարարները պէտք է կարենան իրենց ցոյցը շարունակել, իսկ երեսփոխանները` հասնիլ խորհրդարան:
Ան նկատել տուաւ, որ եթէ երկրին մէջ բողոքի ցոյցեր կան, անիկա չի նշանակեր, որ երեսփոխանները ժողովուրդը չեն ներկայացներ, որովհետեւ անոնք հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու քուէներով ընտրուած են:
Խալիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն կայ` աւելցնելով, որ խորհրդարանի գումարելիք օրէնսդրական նիստին ընթացքին պիտի վաւերացուէին ժողովրդային շարժումին պահանջները, ինչպէս` փտածութեան դէմ պայքարն ու իւրացուած գումարներու վերադարձը:
Ան աւելցուց, որ ինք համաձայն չէ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու:
Նիստերուն յետաձգումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը կրնան իրենց ընթացիկ աշխատանքները շարունակել: Ան նշեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը իր կարգին կրնայ շարունակել 2020-ի պետական ամավարկը ուսումնասիրելու աշխատանքը:
Խալիլ նշեց, որ յանձնախումբերը նոյնը պահելը նախընթաց մը չէ, այլ` սահմանադրական ելք մը:
«Կարելի չէ ըսել, որ երկիրը անիշխանութեան փուլ մուտք գործած է, որովհետեւ խորհրդարանը սահմանադրական հաստատութիւն մըն է, որ իր լիիրաւ գործունէութեան մէջ կը գտնուի», ըսաւ Խալիլ:
Ցոյցերը Հիմնականին Մէջ Կատարուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մէջ
Նկատի ունենալով խորհրդարանի նիստը արգելակելու հիմնական նպատակը` ցուցարարներուն բողոքի ցոյցը երէկ հիմնականին մէջ կատարուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ` առանց անմասն մնալու ապահովութեան ուժերուն հետ արձանագրուած բախումներէն:
Բայց եւ այնպէս դպրոցներն ու դրամատուները շարունակեցին իրենց աշխատանքային սովորական ընթացքը:
Հիմնական միջադէպը եղաւ այն, որ երեք ինքնաշարժներէ բաղկացած շքախումբ մը ցուցարարներուն մօտէն անցնելու պահուն, վերջիններս փորձեցին կասեցնել զայն, սակայն շքախումբը յաջողեցաւ իր ճամբան շարունակել, եւ ցուցարարներուն մարդկային շղթան ճեղքելէ ետք ինքնաշարժին մէջ գտնուողները օդին մէջ կրակեցին:
Ժողովրդային շարժումը համակարգող խորհուրդը այս միջադէպին լոյսին տակ սկսաւ աջ ու ձախ ամբաստանութիւններ կատարել, սակայն այդ ամբաստանութիւնները հերքուեցան, եւ այդ պահուն այդ ճամբէն անցնող պատասխանատուին ինքնութիւնը մնաց անորոշ:
Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ այդ միջադէպը արձանագրուած պահուն ինք պատկերասփիւռի կայաններուն յայտարարութիւն կը կատարէր` աւելցնելով, որ ինք առաւօտեան ժամը 8:00-էն ի վեր խորհրդարան կը գտնուի` հերքելով այն ամբաստանութիւնները, թէ օդին մէջ կրակողները իր ընկերակիցներն էին:
Հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ` հաստատելով, որ ինք խաղաղասէր անձ մըն է եւ նախագահական պալատին մէջ իր աշխատանքը կը կատարէ:
Ան հերքեց այն ամբաստանութիւնները, թէ իր շքախումբն է, որ օդին մէջ կրակած է:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանին աշխատանքները խախտել կը նշանակէ լիբանանեան պետութեան համակարգը փլուզումի առաջնորդել` աւելցնելով, որ առանց պետական հիմքեր ապահովելու կարելի չէ ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջել:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակը կտրականապէս հերքեց օդը կրակելու իմաստով իր շքախումբին ուղղուած ամբաստանութիւնները:
Ցուցարարները երէկ ողողած էին Կեդրոնական Պէյրութի, «Նահար» օրաթերթի, Շաֆիք Ուազզանի, Զոքաք էլ Պլաթի, Պապ Իտրիսի եւ Ռիատ Սոլհի ճամբաներն ու հրապարակները:
Կեդրոնական Պէյրութի մէջ բախումներ արձանագրուեցան Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ, որովհետեւ ցուցարարները կը փորձէին Նըժմէի հրապարակ հասնիլ` բողոքելով խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստին դէմ:
Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէջ ցուցարարները փշաթելերը կտրեցին եւ փորձեցին մուտք գործել Նըժմէ հրապարակ, սակայն անոնք ետ քշուեցան Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող ապահովութեան ուժերուն օժանդակութեան հասաւ բանակի մէկ ջոկատը:
Նոյն հրապարակին վրայ յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին դարձեալ արձանագրուեցան բախումներ ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ցուցարարները ընդգծեցին, որ այդ բախումին պատճառը այն է, որ իգական սեռի պատկանող ցուցարար մը խոշտանգումի ենթարկուած է խորհրդարանի ապահովութեան յատուկ ուժերուն կողմէ:
Գիշերուան ժամը 10:00-ին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Բախումներուն լոյսին տակ ձերբակալուեցան 11 ցուցարարներ:
Բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան 5 վիրաւորներ, որոնք Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ փոխադրուեցան մօտակայ հիւանդանոցներ:
Նշենք, որ Սայտայի Էլիա հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին կարգ մը ցուցարարներ փորձեցին ճամբաները փակել: Այս քայլին լոյսին տակ ապահովութեան ուժերը կատարեցին ձերբակալութիւններ:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները յարձակում գործեցին «Ալֆա» ընկերութեան եւ անոր պաշտօնեաներուն դէմ:
Այս դէպքին պատճառով «Ալֆա» ընկերութեան Թրիփոլիի մասնաճիւղը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ պիտի փակէ իր դռները, մինչեւ որ բացայայտուին իր դէմ գործուած յարձակումին դրդապատճառները եւ մինչեւ որ ընկերութեան ու անոր պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնը ապահովող երաշխիքներ գոյանան:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին ցուցարարները բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թրիփոլիի քաղաքապետարանին դիմաց` պահանջելով լուծել քաղաքին աղբահանումի հարցը:
Նախագահ Աուն. «Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւնները Պիտի Ճշդուին Քաղաքական Ուժերուն Հետ Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Քննարկումները Աւարտելէ Ետք»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը շարունակէ վարչապետի նշանակման իմաստով սկսած իր հանդիպումներն ու հաղորդակցութիւնները` աւելցնելով, որ իրեն համար կարեւոր է, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը ունենայ քաղաքական համապատասխան հովանաւորութիւն եւ ներկայացնէ երկրին քաղաքական տարբեր ուժերը` մասնագէտ, ատակ եւ պարկեշտ նախարարներու, ինչպէս նաեւ ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներուն կողքին:
Նախագահ Աուն նշեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն պիտի հրաւիրէ քաղաքական ուժերուն հետ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող քննարկումները աւարտելէ ետք:
Ան աւելցուց, որ այդ քայլը կը միտի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին դիմաց խոչընդոտները հարթել եւ նոր նշանակուելիք վարչապետին աշխատանքը դիւրացնել, որպէսզի երկրին մէջ գործադիր իշխանութեան բաց մը չստեղծուի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը հակակշիռի տակ է` նշելով, որ այդ տագնապին լուծումը աստիճանաբար կը կատարուի: Ան յայտնեց, որ դրամատուները վերադարձած են իրենց աշխատանքին` գործի համադրումը կատարելով Կեդրոնական դրամատան հետ:
Նախագահ Աուն դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ այդ իմաստով կը գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, հակառակ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ այդ բանաձեւին վերաբերող խախտումներուն եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ արձանագրուած ոտնձգութիւններուն:
Քուպիչ յայտնեց, որ ՄԱԿ մօտէն կը հետեւի Լիբանանի իրադարձութիւններուն` խոստանալով նախագահ Աունի կեցուածքները փոխանցել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն:
Նշենք, որ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ արաբական եւ օտար երկիրներու թագաւորներէն եւ նախագահներէն:
Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ եւ բարեմաղթութիւններ յղեցին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանը, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտը, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, Պուրքինա Ֆասոյի նախագահ Ռոշ Մարք Քրիսթիան Քապուրին, Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ զօր. Տէյվիտ Հըրլին եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ընը:
Միւֆթի Տըրիան Կառչած Կը Մնայ Համաներման Օրէնքի Վաւերացումին
Միւս կողմէ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց իսլամական արգելափակեալներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որմէ իմացաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ ինք առաջինն էր, որ համաներում պահանջած էր: «Այդ պահանջը պիտի մնայ Տար Ֆաթուայի պահանջը, որ պէտք է ներառէ բոլոր բանտարկեալները առանց բացառութեան», ըսաւ ան:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, թէ ինք անհրաժեշտ խորհրդակցութիւնները կատարած է կառավարութեան եւ խորհրդարանին հետ, որպէսզի արդարութիւնը գործադրուի եւ անիրաւութեան վերջ տրուի` արագացնելով դատավարութիւնները:
Միւֆթի Տըրիան խոստացաւ համաներումի օրէնքի վաւերացման հոլովոյթին մօտէն հետեւիլ, մինչեւ անոր իրականացումը: