ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովին մէջ, 24 Օգոստոսին պատահած դէպքերը պիտի դառնան քննութեան առարկայ։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը` մանրամասնելով, որ Ազգային ժողովին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններուն տեսագրութիւններու ուսումնասիրութիւնը առերեւոյթ կը վկայէ Ազգային ժողովի առանձին պատգամաւորներու կողմէ օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչի վարքագծին ոչ յարիր, նիստին ներկայ, ինչպէս նաեւ անոր հետեւող քաղաքացիներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորումներուն մասին, որուն զուգահեռ հնչեցին անպարկեշտ արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ բռնութիւն՝ խոչընդոտելով Ազգային ժողովի բնականոն աշխատանքը:
Գլխաւոր դատախազին կողմէ յիշեալ տեսագրութիւնները ուղարկուած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն` նիւթեր նախապատրաստելու, դէպքին եւ անոր մասնակցողներուն արարքներուն իրաւական գնահատական տալու յանձնարարութեամբ։
Յայտնենք, որ Ազգային ժողովին մէջ, 25 Օգոստոսին եւս կիրքերը չհանդարտեցան։ Նախ կացութիւնը լարուեցաւ, երբ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան իր խօսքին մէջ ամպիոնէն դաւաճաններ անուանեց «բոլոր ժամանակների պաշտպանութեան այն նախարարներին, ում օրօք զանգով, կամ փողով բանակից մարդիկ են ազատուել»: Երկրորդ վէճը «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանի եւ իշխանական պատգամաւորներուն միջեւ էր: Հայհոյանքներ հնչեցին, քաշքշոցներ եղան եւ դարձեալ դադար յայտարարուեցաւ: