Աղէտալի օրեր կ’ապրին լիբանանցիները: Ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ առողջապահական աղէտներէն ետք ապահովական աղէտ մը հարուածեց Լիբանանը այսօր երեկոյեան:
Երկու հզօր պայթումներ ցնցեցին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը: Պայթումներուն ցնցումը մինչեւ իսկ զգացուեցաւ Կիպրոսի մէջ:
Առաջին պայթումը պատահեցաւ Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 6-ին: Քանի մը երկվայրկեան ետք յաջորդեց երկրորդ մը: Պայթումները խլեցին մարդկային մեծ թիւով զոհեր, հարիւրաւոր վիրաւորներ: Պայթումին ալիքը աւերեց քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակարանները, հաստատութիւնները, պատճառելով ծանր վնասներ: Նաւահանգիստէն մինչեւ Տորայի շրջանը դարձաւ ամբոջական աւերուածութեան թիրախ: Պայթումները աւերակի վերածեցին Պէյրութի նաւահանգիստը: Ներքին ապահովութեան եւ շտապ օգնութեան միաւորներ փութացին պայթումին վայրը, անմիջական օգնութիւն հայթայթելու վերապրողներուն:
Պայթումին պատճառները կը մնան խորհրդաւոր:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան լրատուական միջոցներուն յայտնեց, թէ հրավառութեան նիւթեր փոխադրող նաւ մը պայթած է նաւահանգիստին մէջ: Ան հիւանդանոցները հորդորեց դռները բանալ եւ անմիջապէս ընդունիլ բոլոր վիրաւորները: Պէյրութի բոլոր հիւանդանոցներուն մէջ ստեղծուեցաւ քաոսաին վիճակ: Հիւանդանոցները ներկայիս կը գտնուին իրենց հնարաւորութիւններէն աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ ընդունելու ստիպողութեան տակ: Կարմիր խաչը արեան տուչութեան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն:
Զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը ցարդ կը մնայ անորոշ:
Պայթումին լոյսին տակ, Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն արտակարգ նիստի հրաւիրեց Ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդը:
Վարչապետ Հասան Տիապ սուգի օր յայտարարեց չորեքշաբթի, 5 օգոստոս 2020-ը:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ զաւեշտական նկատեց հրավառութեան պայթուցիկներու պայթումին մասին տեղեկութիւնները:
Լիբանանէն դուրս, Իսրայէլի վարչապետին մօտիկ աղբիւր մը հաղորդեց, թէ Թէլ Աւիւ ոչ մէկ կապ ունի պայթումին հետ: Սակայն «Հաարեց» օրաթերթը յայտնեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ Հըզպալայի պատկանող զէնքի պահեստարան մը հարուածուած է:
Փենթակոն անունով խօսնակ մը հաղորդեց, թէ մօտէն կը հետեւին Պէյրութի իրադարձութիւններուն: Եւրոպական Խորհուրդը, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Իրան,Քաթար իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանին:
Յորդանան յայտնեց, թէ պայթումը 4,5 ռիխթըր աստիճան երկրաշարժի մը հզօրութիւնը ունէր: