Հարցազրոյց՝ խմբագիր ու պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի հետ ( ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ)
Խմբագիր ու պատմաբան Գէորգ Եազըճեան արեւմտահայ այն սակաւ մտաւորականներէն է, որ հաստատուած է Հայաստան, մարդկային ու մտաւոր տարբեր աշխարհահայեացքով։ Հայաստանի անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ, ուզեցինք իմանալ իր մօտեցումները հայկական պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոր գոյատեւման պայքարին նկատմամբ։
Հարցում – Դուք «հայրենադարձած» մըն էք, ինչպէս կը կոչեն վերջին տասը տարիներուն: Բայց քառասուն տարի շարունակ դուք գործունէութիւն ծաւալած էք որպէս Հայ դատի գործիչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Արդեօք Հայաստան հաստատուելու ընտրութիւնը ձեր յանձնառութեան բնական եւ տրամաբանական արդի՞ւնքն է։
Գէորգ Եազըճեան – Ճշդեմ՝ հայրենադարձած եմ 1993-ի Դեկտեմբերի վերջէն: Մինչ այդ, 1980-1988-ին ուսանած եմ Երեւանի Փոլիթեքնիք հիմնարկին, ապա Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ: 1988-ի Հոկտեմբերէն 1993-ի Դեկտեմբեր գտնուած եմ պարտադրուած աքսորի մէջ՝ քաղաքացիութեան երկրիս մէջ՝ Լիբանան. Արցախեան շարժումին գործուն մասնակցութեանս համար խորհրդային գաղտնի սպասարկութիւնները զիս առեւանգեցին 8 Հոկտեմբեր 1988-ի առաւօտեան եւ չորս ժամ ետք արտաքսեցին դէպի Հալէպ:
Հայրենադարձութեան ընտրութիւնս եղած է լիուլի գիտակցուած եւ ազատ կամքով՝ գաղափարական հիման վրայ, որովհետեւ համոզուած եմ, թէ հայօրէն յարատեւելու միակ երաշխաւորուած վայրը աշխարհի մէջ՝ հայրենական պետութիւնն է (Արցախի Հանրապետութիւնը ՀՀ-ի մարզ կը նկատեմ):
Հ.- Ինչո՞ւ ընտրեցիք հայրենադարձութիւնը։
Գ.Ե. – Հայը կրնայ հոգեպէս հանգիստ զգալ միմիայն իր հայրենիքին մէջ: Պէտք է վերջ տայի հօրենական եւ մօրենական կողմի նախնիներուս գաղթականի թափառաշրջութեան: Միշտ ինքզինքս օտար զգացած եմ Հայաստանէն դուրս: Զիս անհանգստացնող այդ մշտական զգացումներուն վերջ դնելու համար՝ վերադարձայ հարազատ տունս, որմէ նախնիներս հեռացեր էին դարեր առաջ: Թափառական խաշնարած ցեղերը նստակեաց դարձան մեր հայրենական հողերուն վրայ, մինչդեռ մե՛նք դարձանք աշխարհով մէկ թափառական: Այս փաստը ամօթալի չէ՞: Ես չուզեցի այլեւս ապրիլ այդ ամօթի զգացումով:
Հ.- Որո՞նք եղան ձեր ամենամեծ դժուարութիւնները համարկման առումով։
Գ.Ե. – Նկատի ունենալով, որ 8 տարի ուսանած էի Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ 1993-ին ՀՀ-ի մէջ հաստատուելէս ետք համարկման լուրջ դժուարութիւններու չհանդիպեցայ: Այլ խօսք, որ ուսանողութեան սկզբնական շրջանին այդպիսի բազմաթիւ հարցեր ունեցայ, յատկապէս որոշ անընդունելի սովորութիւններու դէմ դիմաց գալու առումով: Բայց եւ այնպէս, մինչեւ այսօր ունիմ համարկուելու մանր խնդիրներ. օրինակ՝ չեմ կրնար հասկնալ հայրենաբնակ ազգակիցներուս մեծ մասին վատնելու հակումը, շէնքերու մուտքերուն եւ աստիճաններուն աղտոտ տեսքն ու գարշահոտութիւնը, երթուղային միքրօպիւսներու մէջ իրարու վրայ դիզուած երթեւեկելու անմարդկային փաստը եւ այլն:
Հ.- Հայաստանի ակադեմական աշխարհին մէջ ինչպէ՞ս կ՚ընկալուին արեւմտահայ մտաւորականները, որոնց մաս կը կազմէք դուք եւս։
Գ.Ե. – Առանձնապես խտրականութիւն չեմ նկատեր, որոշ պարագաներու կայ նոյնիսկ դրակա՛ն իմաստով խտրականութիւն: Սակայն ոչ քիչ պարագաներու, զուտ անձնական մղումներով (նախանձ, պաշտօնին փարելու հիւանդագին ձգտում եւ այլն) արհեստական խոչընդոտներու կամ անտարբերութեան կը հանդիպիմ, սակայն այդ, շեշտեմ, չեմ ընկալեր իբրեւ հայրենահայ-սփիւռքահայ հակադրութեան դրսեւորում:
Հ.- Հայաստան այս տարի կը նշէ անկախութեան 30 տարիները շատ իւրայատուկ համածիրի մէջ, մինչ պետութիւնը կը շարունակէ մնալ ծայր աստիճան խոցելի: Ի՞նչ կը մտածէք։
Գ.Ե. – Նախորդ 30 տարիներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւորները, հազուադէպ բացառութեամբ, «փայլեցան» բացասական կողմերով՝ պետական եւ հանրային ունեցուածքի գողութիւն, մսխումներ, ցուցամոլութիւն, լկտիութիւն եւ այլն: Մինչեւ որ երկրին ղեկը չստանձնեն մարդկային ու ազգային առաքինութիւններով օժտուած, իրենց ղեկավարելիք ոլորտներուն մէջ մասնագիտական կրթութիւն ստացած, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ սրտցաւ անձեր՝ յառաջդիմութիւն չենք կրնար ունենալ: Ցաւօք, այդպիսի իշխանութիւն այսօր եւս չունինք եւ դեռ չի նշմարուիր հորիզոնին վրայ:
Հ.- Ըստ ձեր ըսածին Հայաստան ունի ընդամէնը երկու տարբերակ՝ դառնալ Ռուսաստանի ինքնավար մարզ, կամ «սփիւռք»-անալ…
Գ.Ե. – Նախորդ հարցումի պատասխանիս մէջ յայտնած ղեկավար քատրերու պարագային՝ ՀՀ-ը թռիչքաձեւ կը զօրանայ: Այս նպատակին հասնելու համար առաւելագոյնս պէտք է օգտագործուի սփիւռքի ներուժը՝ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ: Ռուսաստանի ինքնավար մարզ կամ նման բան մը դառնալու ամէն փորձի պէտք է ընդդիմանալ ամէն գնով, ընդհուպ համաժողովրդային ազատագրական զինեալ պայքար մղելով Խորհրդային Միութիւնը վերականգնել երազող Փութինի նորգաղութատիրութեան դէմ: Եթէ Թուրքը կ’ուզէ Հայը մարմնապէս վերացնել, Ռուսը կը ձգտի Հայը իբրեւ տեսակ վերացնել՝ պահպանելով հանդերձ անոր գոյութիւնը իբրեւ մարդ, բայց ոչ իբրեւ Հայ, այսինքն՝ ան կը ձգտի Հայերը ձուլել իր մէջ: Ռուսաստանի այսօրուան 2-2,5 միլիոն սփիւռքին առնուազն 90 տոկոսը պէտք է վերջնականապէս կորսուած նկատել հայ ազգին համար՝ եթէ հրաշք մը չպատահի:
Հ.- Դուք չէ՞ք հաւատար սփիւռքին եւ անոր ներուժին կազմակերպուելու կարողութեան… ուրեմն, այժմ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր դերը։
Գ.Ե. – Սփիւռքը շատ խայտաբղէտ իրականութիւն է: Իրանի Հայը էապէս կը տարբերի, օրինակ, Արժանթինի Հայէն: Երբեմն՝ նոյնիսկ մէկ երկրի հայկական տարբեր գաղութները շատ տեսակէտներէ կը տարբերին իրարմէ. օրինակ՝ Գամիշլիի Հայը՝ Դամասկոսի Հայէն: Զանազան տուեալներու հիման վրայ եկած եմ եզրակացութեան, թէ Սփիւռքը զինք ներկայացնող ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ կառոյց պիտի չունենայ, ուստի ՀՀ-ը պէտք է գործակցի իւրաքանչիւր երկրի, նոյնիսկ իւրաքանչիւր քաղաքի հայկական գաղութներուն հետ՝ օգտուելու համար անոնց ներուժէն, եւ, փոխադարձաբար, ամէն կերպ օգնելով անոնց ինքնութեան պահպանումին:
Սփիւռքի գլխաւոր դերը պէտք է ըլլայ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ եթէ անկեղծ է իր հայրենասիրական զգացումներուն մէջ: Հայրենասիրութեան ժամանակները անցած են, եկած է հայրենատիրութեա՛ն ժամանակը: Եթէ Հայրենիքը բոլորիս տունն է, անոր տիրութիւն ընելն ու անոր բարգաւաճման նպաստելը բոլորի՛ պարտաւորութիւնն է:
Հ.- Դուք Հայ դատի նախկին գործիչ էք, եւ դուք կը պատկանիք այն սերունդին, որ մասնակցեցաւ զինեալ պայքարին եւ ականատես եղաւ 1988-ի Շարժումին: Կը կարծէ՞ք, որ նոր սերունդը կը յաջողի ջահը յանձն առնել։
Գ.Ե. – Հայկական ազատագրական պայքարը երբեք ընդհատում չէ ունեցած, թէեւ վերիվարումներ ունեցած է: Հայը անկանխատեսելի (irrationnel) ժողովուրդ է. ճակատագրական պահերուն երբեմն կը տեսնենք, թէ անպէտ կարծուած հայ անհատներ անօրինակ հերոսութիւններ կը գործեն, մինչդեռ ամէն օր պայքարէ ճառողներ յանկարծ կը չքանան մէջտեղէն: Հետեւաբար, միշտ լաւատես եմ գալիք սերունդին նկատմամբ: Երիտասարդներուն յաճախ կ’ըսեմ՝ ձեզմէ տարիքով մեծերը միշտ լսեցէ՛ք, բայց անոնց ըսածները մի՛ կատարէք անպայման:
Հ.- Դադիվանքի մերձակայքը գտնուող Քարվաճառի շրջանին մէջ կամաւոր մասնակցած էք Արցախեան վերջին պատերազմին, ու նշած էք կարգապահութեան բացակայութիւնը… Դուք ինչպէ՞ս գացիք հոն։
Գ.Ե. – Շեշտեմ՝ կարգապահութեան գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը կախուած էր կամաւորներու գիտակցութենէն եւ հրամանատարներու անձնական որակներէն: Երբ 44-օրեայ պատերազմը սկսաւ, ուխտաւորներու խումբով կը գտնուէի Գանձասարի վանքին ստորոտը՝ Վանք գիւղը: Այդ օր Կորիւն վարդապետ Առաքելեանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէր Հատրութի շրջանի Գտչավանքին մէջ: Սակայն ուխտաւորներով հազիւ ճամբայ ելած՝ պատերազմը սկսաւ եւ ուխտաւորներուն հետ վերադարձայ Երեւան: Շատ զղջացի վերադառնալուս համար, սակայն ուխտաւոր սիրելիներս չէի կրնար լքել այդ ծանրագոյն պահին: Յաջորդ օրերուն բազմիցս ձգտեցայ երթալ իբրեւ կամաւոր: Տարիքս պատճառաբանելով՝ զիս չէին ընդուներ մինչեւ որ կամաւորական դասակի փոխհրամանատար ընկերս Երեւան եկաւ որոշ առաքելութեամբ, ու երբ ընկերական շրջապատի մէջ հարցուց, թէ ո՞վ կը փափաքի իրեն հետ իբրեւ կամաւոր երթալ Քարվաճառի շրջան՝ անմիջապէս համաձայնեցայ: Զարմացած՝ երեսիս նայեցաւ եւ … ընդունեց զիս: Ուրախութեանս չափ ու սահման չկար: Հոկտեմբեր 16-ին կամաւորներու փոքր խումբով մեկնեցայ նշուած շրջանը: Շատ բախտաւոր էի, որ իմ գտնուած կամաւորներու դասակին հրամանատարը կարգապահութեան առումով շատ խիստ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ հոգատար էր՝ հօր նման: Դժբախտաբար, նոյնը չեմ կրնար ըսել մեզմէ քանի մը տասնեակ մեթր անդին կեդրոնացած կամաւորներու ջոկատին մասին, ուր կարգապահութեան պակասն ու անփութութիւնը մեծ չափերու հասած էին, եւ այդ պարզ կ’երեւէր: Այդ պատճառներով, անոնք զգալի կորուստներ ունեցան:
Հ.- Ձեր կարծիքով, ինչպէ՞ս այդ երեւոյթը հասաւ այդ սահմանին եւ ի՞նչ դասեր դեռ չեն քաղուած։
Գ.Ե. – Մեր պարտութիւնը ոչ մէկ օրուան կամ մէկ տարուան, ոչ ալ մէկ կամ քանի մը հոգիի անպատասխանատւութեան կամ, հասարակ դարձած եզրոյթով՝ դաւաճանութեան, հետեւանք է: Մենք մեր պարտութիւնը կերտեցինք ԱԶԳՈՎԻՆ՝ ՀՀ-ի մէջ հանդուրժելով ամենաթողութիւնն ու անարդարութիւնը, կեղծ ընտրութիւնները, քիլոներով շքանշան-մետալներու բաժանումները, պարապ ձգելով ազատագրուած տարածքները եւ այլն եւ այլն: Մինչեւ որ իւրաքանչիւրս չգիտակցինք մեր սեփական մեղքը պատահած աղէտին մէջ, ամօթ չզգանք, չզղջանք, չապաշխարենք եւ կամք չդրսեւորենք չկրկնելու մեր մեղքերը մեր Սուրբ Հայրենիքի հանդէպ՝ պարտութիւնները կրնան նոյնիսկ շարունակուիլ: Ոեւէ մէկը կը կասկածի՞, որ եթէ Արցախի տարածքին փոխանակ 120-140 հազարի, շուրջ կէս միլիոն Հայ ապրէր, պատերազմը այս արդիւնքը կ’ունենար: Անշուշտ ո՛չ:
Ինքնամաքրուի՛լ. ահա՛ այսօրուան առաջին հրամայականը ըստ ինծի: Երկրորդ հրամայականն է՝ աշխատիլ, աւելի՛ աշխատիլ, շա՛տ աւելի աշխատիլ՝ պարտութեան հետեւանքները հնարաւորին չափ շուտ վերացնելու եւ նոր յաղթանակներ կերտելու համար: 27 տարուան ընթացքին երկու համաշխարհային պատերազմներու մէջ պարտուած Գերմանիան եւ երկու աթոմական ռումբով հարուածուած Ճափոնը իրենց անձնատւութենէն ընդամէնը մէկ տասնամեակ ետք ոչ միայն շտկած էին իրենց մէջքը, այլեւ թափով սկսած էին յառաջընթաց արձանագրել:
Հ.- Որո՞նք են հայկական պետութեան ազգային ինքնութեան կայունութիւնը երաշխաւորելու պայմանները։
Գ.Ե. – Ազգը, հայրենիքն ու ազգային մշակոյթը եռամիասնութիւն են՝ քրիստոնէական աստուածաբանութեան «Աստուած» հասկացութեան նման՝ երեք անձ, բայց մէկ էութիւն: Առանց ազգի՝ չկայ ազգային պետութիւն, առանց ազգային մշակոյթի՝ չկայ ազգային պետութիւն, առանց հայրենիքի՝ չկայ ազգ եւ այլն: Հետեւաբար, իբրեւ Հայոց ազգային պետութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքներն են ԱԶԳԻ ՀԱՄԱՀԱՒԱՔԸ հայրենական պետութեան տարածքին մէջ, եւ հոն ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹի ծաղկումը: Իսկ մեր ազգային մշակոյթին առանցքը մեր լեզուն է՝ իր մեսրոպեան այբուբենով: Ասոնց պէտք է աւելցնել ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ զէնքի տիրացումը՝ գերգաղտնի պայմաններու մէջ: ՀՀ-ի ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ պէտք է ունենանք «Սամսոնի տարբերակը»՝ «եթէ ես պիտի կործանիմ, իմ նկատմամբ անբարեացակամ պետութիւններն ու հաւաքականութիւնները հետս պէտք է կործանեմ»:
Խստագոյն կարգապահութիւն, նուիրեալ աշխատանք եւ զանգուածային ոչնչացման զէնք՝ ահա՛ երեք հիմնասիւները, որոնք կ’երաշխաւորեն Հայութեան յարատեւումը իր հայրենական պետութեան մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ ■