ԼԵՒՈՆ Շառոյեան (Հալէպ)
Կրթական ասպարէզի մէջ ըլլալով՝ գրեթէ ամէնօրեայ շփում ունիմ պատանի տարիքի մեր նոր սերունդին հետ: 15-16 տարեկան տղաք ու աղջիկներ են ասոնք, որոնք կը կազմեն Սփիւռքի չորրորդ սերունդը: Դասարան կը մտնեմ հաճոյքով ու զանգին հետ դուրս կ՛ելլեմ հոնկէ… բեռնաթափուած: Պարպած կ՛ըլլամ այդ օրուան մախաղս իրենց առջեւ…: Իրենք, մեր այդ տղաքը, իմ մախաղին մէջ զիրենք շահագրգռող որքա՞ն բան կը գտնեն, չեմ գիտեր: Բայց անպայման բաներ մը կը հաւաքեն ու կը պահեն իրենց գրպանը կամ իրենց ուղեղին մէջ…:
Այսօր, դարձեալ մէկտեղուեցայ չափահաս պատանիներու 40 հոգինոց խմբակի մը հետ: Բայց այս մէկտեղումը արտադասարանային էր, արտադպրոցական: Ասոնք անդամներն էին ՍԵՄ-ի Պատանեկան Միութեան: Այս տղաքը մօտ հինգ տարիէ իվեր կ՛անդամակցին Պատանեկանին ու հիմա անհամբեր են մտնելու ՍԵՄ-ի շարքերը: Փուլէ մը դէպի այլ փուլ անցում մը պիտի կատարուի: Ուստի, իրենց վարիչները հերթական դասախօսութիւններով կամ դաստիարակչական ծրագրերով կը ջանան քիչ մը աւելիո՛վ կոփել զանոնք, մօտեցնել զիրենք այն ամէն ինչին՝ որ Հայաստան կամ հայութիւն կը բուրէ…:
Փայլուն ու խելացի աչքերով 40 պարման-պարմանուհիներ…: Չէի ճանչնար անոնցմէ որեւէ մէկը: Գաղափար ալ չունէի՝ թէ ի՞նչ էր անոնց հայերէնի իմացութեան մակարդակը կամ թէ որքանո՞վ կապուած էին իրենց ինքնութեան…:
Ու… սեղան դրի պատմական հարց մը: Պատմեցի ճիշդ ու ճիշդ 1000 տարի առաջ Հայաստանի մէջ պատահած տխո՜ւր դէպք մը: Այո՛, մանրամասն բացատրեցի, թէ ի՛նչպէս 1022 թոականին Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորը իր հայրենի Վասպուրական նահանգը կամաւորաբար յանձնեց բիւզանդացիներուն ու անոր փոխարէն՝ գնաց ապաստանեցաւ Սեբաստիա, սելճուքեան մահացու արշաւանքներէն փրկուելու համար…: Յաջորդ տարի, նոյնանման արարքի մը յանձնառու եղաւ նաեւ Բագրատունեաց Յովհաննէս Սմբատ թագաւորը: Ա՛ն ալ պայմանագիր մը ստորագրեց բիւզանդացիներուն հետ՝ խոստանալով Անին ու Բագրատունիներու թագաւորութիւնը յանձնել յոյներուն…: Ահա այդպէ՛ս ինկան հայ թագաւորութիւնները ետեւ-ետեւի:
Պատանի ունկնդիրներս (ոմանք՝ թուղթ-մատիտ ի ձեռին) տրուած բացատրութիւններուն հետեւեցան լարուած ուշադրութեամբ: Անդադար հարցումներ ալ ուղղեցին: Ոմանք կատարեցին շատ տրամաբանական վերլուծումներ՝ մեծապէս ուրախացնելով զիս: Միով բանիւ՝ այսօր լրիւ մէկ ժամ, ես ու 40 պատանիներ, թեւածեցինք Վասպուրականի ու Անիի երկնքին վերեւ…: