ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Մամուլէն կ՛իմանանք, որ առաւել քան տաս օրեր հացադուլի դիմած Արցախի Քարվաճառ շրջանի բնակիչ Ալեքսանդր Քանանեան վերջ տուած է իր հացադուլին: Քանանեան հացադուլի դիմած էր՝ բողոքելու համար Քարվաճառ շրջանին մէջ ջրաելեկտրակայիններու սանձարձակ կառուցումներուն դէմ: Քանանեան կը բողոքէր՝ ըսելով, որ շրջանի գետերուն վրայ կայ ջրաելեկտրական կայաններու կառուցուման ընթացք մը, որ տեղի կ՛ունենայ առանց պետական հակակշիռի եւ հսկողութեան, բայց մանաւանդ առանց յարգելու բնապահպանութեան կանոնները եւ օրինակարգերը: Ըստ Քանանեանի՝ այս բոլորին իբրեւ արդիւնք՝ շրջանին մէջ ստեղծուած է բնապահպանական առումով ապառողջ իրավիճակ մը, որ ուղղակի աղէտաբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ Քարվաճառի գետերուն եւ ընդհանրապէս շրջակայ բնութեան վրայ: Քանանեանի բողոքի ձայնին արձագանգեցին շրջանի բնակչութիւնը եւ յատկապէս դպրոցներու աշակերտները, որոնք, իրենց կարգին դիմեցին դասադուլի՝ նոյնպէս պահանջելով կասեցնել ջրաելեկտրական կայաններու կառուցումները:
Օրըստօրէ ծաւալող բողոքի այս ալիքին դիմաց, Արցախի իշխանութիւնները ստիպուած եղան հաշիւի նստելու ստեղծուած կացութեան հետ: Կառավարական պաշտօնատարներու հետ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ որոշուեցաւ ստեղծել յատուկ կառավարական յանձնաժողով մը՝ քննելու համար ջրաելեկտրական կայաններու կառուցման բոլոր ծրագիրները, զանոնք համահունչ ու համապատասխան դարձնելու համար բնապահպանական օրէնքներուն: Մամուլէն այսօր կ՛իմանանք նաեւ, որ Արցախի պետական նախարար Գրիգոր Մարտիրոսեան գլխաւորած է այս հարցը քննող յիշեալ յանձնաժողովի առաջին նիստը, որուն մասնակցած են նաեւ Հայաստանէն ժամանած բնապահանութեան եւ ջրաելրկտրականութեան ոլորտի պետական պաշտօնատարներ եւ մասնագէտներ:
Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, քաղաքացիական պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան խրախուսիչ օրինակը Ալեքսանդր Քանանեանի պարագան է: Իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին շահերուն գիտակից քաղաքացիական հասարակութեան այս երիտասարդ տարրն է որ շատ ըսելիք եւ ընելիք ունի մեր պետականութեան կառուցման ու բարգաւաճման գործին մէջ, եւ այդ՝ հեռու քաղաքական հռետորաբանութեան ժխորէն եւ անտեղի բանավէճային քաշքշուքներէ, բայց ազդու՝ իր խօսքով ու գործով, այսօր Քարվաճառի մէջ, վաղը թերեւս Ամուլսարի, իսկ մէկ այլ օր՝ Ազգային ժողովին մէջ: