«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի նախկին խօսնակ Տենիս Հասթերթին մեղադրանք առաջադրուեցաւ դաշնային դատախազներու կողմէ.
1) Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյին (FBI) ստելու համար, թէ ինչու տարբեր դրամատուներէ մօտ 1.7 միլիոն տոլար հանած է վերջին չորս տարուան ընթացքին.
2) Դրամատուներու կողմէ խոշոր կանխիկ գործարքներու համար պահանջուող հաշուետւութիւններէն խուսափելու պատճառով:
Այս մեղադրանքներէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնայ առաւելագոյն հինգ տարուան ազատազրկում եւ 250 հազար տոլարի տուգանք:
Ըստ ներկայացուած մեղադրանքին` Հասթերթը 2010 թուականին գաղտնի հանդիպում ունեցած է իր նախկին ուսանողներէն մէկուն հետ եւ համաձայնած անոր վճարել 3.5 միլիոն տոլար, որպէսզի ան լռութիւն պահպանէ իր «անցեալի վատ արարքի» համար, երբ ան ըմբշամարտի մարզիչ էր Իլինոյիսի Եօրքուիլ դպրոցին մէջ 1965-1981 թուականներուն: 73-ամեայ Հասթերթը այդ հանդիպումէն սկսեալ անոր վճարած է 1.7 միլիոն տոլար, սկիզբը 50 հազարական տոլար հանելով միաժամանակ քանի մը դրամատուներէ, իսկ յետագային դրամատան պաշտօնեաներու կասկածանքին պատճառով կրճատելով զանոնք մինչեւ 10 հազարական տոլարի` դրամատնային հաշուետւութեան պահանջներէն խուսափելու համար:
2014 թ. Դեկտեմբերին, երբ FBI-ը անոր հարցուցած էր, թէ ինչու այդպիսի խոշոր գումարներ վերցուցած է դրամատուներէն, Հասթերթը «էապէս սխալ, կեղծ եւ խաբուսիկ յայտարարութիւններ» ըրած է, ըստ դաշնային դատախազներու: Ըստ տարբեր լրատուական աղբիւրներու` Հասթերթը այս գումարները վճարած է իր նախկին ուսանողին` տասնամեակներ առաջ անոր նկատմամբ թոյլ տրուած սեռական ոտնձգութիւնները թաքցնելու նպատակով:
Հասթերթի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները յատկապէս կը հետաքրքրեն ամերիկահայ համայնքը, քանի որ անցեալին ան մեղադրուած էր, որ խոշոր չափերու կաշառքներ ստացած է թրքական կառոյցներէն Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակի պաշտօնին եղած ժամանակ 1999-2007 թուականներուն` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու համար: Այս մեղադրանքները երբեք լիարժէքօրէն չեն հետաքննուած ԱՄՆ կառավարութեան կողմէն: Քոնկրէսէն հեռանալէն յետոյ, Հասթերթը աշխատեցաւ Տիգշդայն Շաբիրոյի մօտ Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ լոբբիստ Թուրքիոյ եւ այլ յաճախորդներու համար:
Զարմանալիօրէն քոնկրէսական Հասթերթը իր քաղաքական ասպարէզի սկիզբը մեծապէս սատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: 1984 թ. Ապրիլ 19-ին Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ ան ելոյթ ունեցաւ ի նպաստ Քոնկրէսի ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի: 1996 թ. Յունիս 5-ին ան կողմ քուէարկեց օրէնքի մը փոփոխութեան, որմով պիտի կասեցուէր Թուրքիոյ տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը, քանի դեռ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, 2000 թ. Օգոստոսին խօսնակ Հասթերթը հանդիպեցաւ Կլենտէյլի հայ համայնքի ղեկավարներու հետ` խոստանալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը դնել քուէարկութեան` չնայած նախագահ Քլինթընի խիստ առարկութեան:
Սակայն, 2000 թ. Հոկտեմբեր 19-ին, ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ խօսնակ Հասթերթը օրինագիծը հանեց քննարկումէն, արդարանալով, որ նախագահ Քլինթըն իրեն նամակ ուղարկած է` «ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ» բարձրացնելով: Ինչպէ՞ս է, որ Ներկայացուցիչներու հանրապետական խօսնակը, որ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ կտրականապէս դէմ էր դեմոկրատ նախագահին եւ կ՝աջակցէր անոր պաշտօնազրկման (իմփիչմընթին), յանկարծ որոշեց համաձայնիլ անոր հետ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը մերժելուն վերաբերեալ: Չորս օր ետք, թրքական «Սապահ» թերթը հաղորդեց, որ Հասթերթը համաձայնած էր խափանել բանաձեւը, եթէ նախագահ Քլինթընը իրեն գրաւոր խնդրագիր ներկայացնէ:
Հաւանաբար աւելի՞ չարամիտ պատճառ եղած է, որ խօսնակ Հասթերթը մէկ անգամէն փոխած է իր վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ:
«Վէնիթի ֆէյր» ամսագիրը 2005 թ. իր Սեպտեմբերեան համարին մէջ բացայայտեց, որ FBI-ի նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմոնտս զննած էր գաղտնաբար ձայնագրուած թրքական հեռախօսազանգերը, որոնք կը հաստատէին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կանխելու համար խօսնակ Հասթերթը արժած է առնուազն 500 հազար տոլար: FBI-ը գաղտնալսած է թուրք զրուցակիցները, որոնք պարծեցած են, թէ ինչպէս «Հասթերթի նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ կազմակերպած է տասնեակ հազարաւոր տոլարներու վճարումները փոքր չէքերով», որովհետեւ 200 տոլարէն պակաս նուիրատւութիւններու համար յայտարարագրեր չէին պահանջուեր: Ի դէպ, «Վէնիթի ֆէյր»-ի կողմէ խօսնակ Հասթերթի 1996-2002 թթ. դաշնային փաստաթուղթերու քննութիւնը ցոյց տուած է, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ան ստացած է մօտ 500 հազար տոլարի չյայտարարագրուած վճարումներ:
Ապշեցուցիչ է, որ Էտմոնտսի լուրջ մեղադրանքները հետաքննելու փոխարէն FBI-ը պաշտօնէն հեռացուց զինք, իսկ ԱՄՆ կառավարութիւնը անոր թոյլ չտուաւ վկայութիւն տալու ոչ Քոնկրէսի եւ ոչ ալ դատարանի մէջ` «պետական գաղտնիքի առանձաշնորհման» օրէնքի պատրուակով:
Զարմանալի չէ, որ խօսնակ Հասթերթի այցերը Թուրքիա 2002 եւ 2004 թուականներուն ֆինանսաւորուած էին Թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդին կողմէ: Ուստի, 2004 թ. Յուլիսին Հասթերթը հանդէս եկաւ կոշտ յայտարարութեամբ` խոստանալով խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յետագայ բոլոր բանաձեւերը. Խոստում մը, որ ան պահեց մինչեւ Ներկայացուցիչներու պալատէն իր հեռանալը 2007 թ. Նոյեմբերին…
Հետաքրքրական է, որ Հասթերթի անձնական հարստութիւնը աճեցաւ 270 հազար տոլարէն մինչեւ 17 միլիոն տոլար Քոնկրէսի մէջ երկու տասնամեակ ծառայելու ընթացքին, այն պարագային, երբ անոր աշխատավարձը կազմած է տարեկան 175 հազար տոլար… Ուրկէ՞ անոր այդ միլիոնները…
Ներկայացուցիչներու պալատէն հեռանալէն վեց ամիս անց Հասթերթը սկսաւ օգուտ քաղել Քոնկրէսի մէջ թրքական շահերուն ծառայելէն` միանալով Տիգշդայն Շաբիրոյի ընկերութեան իբրեւ լոբբիստ` ներկայացնելով թրքական կառավարութիւնը, ի թիւս այլ յաճախորդներու: Ան համատեղ աշխատեցաւ Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիգ Կեպարտի հետ, երբեմն միասին ճանապարհորդելով Թուրքիա եւ միլիոնաւոր տոլարներ կիսուելով շահաւէտ լոբբիստական վճարումներէն: Նախորդ շաբաթ, դաշնային մեղադրանքէն անմիջապէս յետոյ, Հասթերթը հեռացաւ լոբբիստական ընկերութենէն:
Այժմ պէտք է լիարժէք հետաքննութիւն իրականացուի Հասթերթի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքներով, որոնք շատոնց անտեսուած էին: Ամերիկեան հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, թէ արդեօք ան կաշառուած է, կամ աւելի վատ` շանթաժի ենթարկուած է թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ, երբ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակն էր, որ երրորդ ամենահզօր պաշտօնն է Ուաշինկթընի մէջ նախագահէն եւ փոխնախագահէն յետոյ…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը