Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, Չորեքշաբթի, 15 մայիս 2013 -ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.006ին, մասնակցութեամբ՝ Լիբանանահայ 10 նախակրթարաններու Ե.եւ Զ. կարգերու աշակերտութեանց, տեղի ունեցաւ «Արտասանութեան եւ Նկարչութեան» մրցում մը, Հ.Բ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Ը.-ի Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս:
«Խօսնակ»ի կողմէ կազմակերպուած «Արտասանութեան եւ Նկարչութեան» զոյգ մրցումները նուիրուած էին Արցախի ազատագրման 25-ամեակին, որուն մասնակցած էին «Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարան»ի, «Վահան Թէքէեան», Ազգային «Ռուբինեան», Հայ Աւետարանական «Կեդրոնական Բարձրագոյն» վարժարանի, Հայ Աւետարանական «Գոլէճ»ի, Հայ Աւետարանական «Թորոսեան», Հայ Կաթողիկէ «Մեսրոպեան», Հայ Կաթողիկէ «Գէորգ Հարպոյեան», Հ.Բ.Ը.Միութեան «Լ.Կ.Նազարեան» եւ « Պ.Կարմիրեան» վարժարաններու 40 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Յայտարարուած ժամէն առաջ, Ահրամճեան Կեդրոնի սրահը, ուր կը հնչէր հայրենասիրական զուարթ երգեր, լեցուած էր արդէն մրցման մասնակիցներով, ինչպէս նաեւ իրենց ընկերները քաջալերել փափաքող սան-սանուհիներով, որոնք գարնանային զուարթ առաւօտով, երամ-երամ, հաճելի տրամադրութեան մէջ եկած էին սրահ, իրենց համբերատար ու նուիրեալ ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ:
Առաջին իսկ րոպէին, բոլոր աշակերտներու դէմքերուն վրայ կար գոհունակութեան ժպիտ ու ուրախութեան զուարթ արտայայտութիւն: Անոնք խանդավառ էին, ու բոլորն ալ կը սպասէին լսելու մրցակիցներու արտասանութիւնները: Սակայն, այս միջոցառման մէջ կար տարբեր գեղեցիկ պատկեր մը. գաղութիս 10 հայկական նախակրթարաններէն բազմատասնեակ ուսանողներ հաւաքուած էին ի մի, եւ անոնք ժրաջան մեղուներու նման կը խօսէին ու կը կատակէին եւ կը ջանային ծանօթութիւն հաստատել իրարու հետ..:
«Արտասանական Մրցման» համար կազմուած էր «Գնահատիչ Յանձնախումբ» մը, որ կը բաղկանար գաղութիս ծանօթ դերասան-ասմունքողներ՝ Թուխիկ Աւետիսեանէ, Արփի Աւետիքեանէ եւ Արփի Քարամանլեանէ եւ վաստաւաւոր ուսուցիչ Օհան Պոտրումեանէ: Իսկ «Նկարչական մրցման» համար կազմուած «Գնահատիչ Յանձնախումբը կը բաղկանար գեղանկարչուհի Լենա Այտընեանէ եւ արուեստի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ արուեստագէտ՝ Վազգէն Մուղալեանէ:
Մրցում ցերեկոյթը սկսաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքով: Ան ողջունելով մեր նորահաս սերունդի պատանի ներկայացուցիչները, շեշտեց կարեւորութիւնը նման հանդիպումներու ու միջոցառումներու, որպէսզի փառաբանենք մեր մայրենի լեզուն եւ զայն հնչեցնենք ամէն ժամ:
Տիկին Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքէն ետք, հերթականութեամբ սկսան արտասանել մասնակցող վարժարաններու Ե. կարգի ուսանողները, նախ Լ.Զ.Սիւրմէլեանը պարտադիր՝ «Ասացուածք ծառ տնկելու մասին» անուն բանաստեղծութիւնը, ապա՝ իրենց նախընտրած ազատ քերթուածը: Ե. կարգերու 10 աշակերտներու մեկնաբանութիւններէն ետք, հերթը եկած էր Զ. կարգի ուսանողներուն, որոնք նախ արտասանեցին Մուշեղ Իշխանի՝ «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» բանաստեղծութիւնը, հուսկ ապա՝ ազատ քերթուածը:
Պէտք է անվարանօրէն ըսել, որ մասնակից երկու տասնեակ աշակերտ-աշակերտուհիներ, բոլորն ալ համարձակութեամբ, գիտակցութեամբ ու խոր ապրումով կատարեցին իրենց ասմունքի մեկնաբանութիւնները, մերթ սրահը վերածելով մարտական դաշտի, մերթ ներկաներուն ներշնչելով հայաբոյր գինարբուք, արժանանալով թէ «Ժիւրի»ի անդամներուն եւ թէ ներկայ աշակերտական փաղանգի գնահատանքին ու բուռն ծափահարութեանց:
Ուրախութիւն է, որ մեր վարժարաններէն ներս բացառիկ հոգ կը տարուի հայերէն լեզուին, հայոց պատմութեան ու արուեստներուն, որոնց շնորհիւ հայ աշակերտը աւելի ու աւելի կը կապուի մեր ժողովուրդի ազգային արժէքներուն, երեւոյթ մը, որ զգալի դարձաւ կատարուած «Արտասանական ու Նկարչական» մրցումներու ժամանակ:
Երբ Բ. յարկի սրահէն ներս տեղի կ’ունենար քերթողութեան յաջող վազքը, վարը՝ Ա. յարկի վրայ կը կատարուէր գծագրութեան մրցումը, ուր թէ Ե. կարգի եւ թէ Զ. կարգի ուսանողութեանց համար որոշուած էր յանպատրաստից « Գարուն» եւ «Բնանկար» նիւթերը,: Իրապէս հետաքրքիր էր պարզուող պատկերը: «Նկարչութեան մրցման» մասնակից 20 ուսանողներ, որպէս փոքրիկ գեղանկարիչներ, խոհականութեամբ ու մեծ լրջութեամբ կը շարժէին իրենց փոքրիկ մատները՝ թուղթին յանձնելով իրենց երեւակայութեան արգասիքները, գունաւորելով իրենց նկարները..:
Եւ վերջապէս… երբ յաջողութեամբ աւարտեցան թէ՛ ասմունքները ու թէ՛ ալ գծագրութիւնները, ասոնց հետ դադրեցան նաեւ ուրախութեան կանչերը, ժպիտները եւ ծափահարութիւնները եւ Տիկին Անժէլ Միսիսեանի փափաքին վրայ, կարգ մը աշակերտներ երգով ծաղկեցուցին ցերեկոյթը, որուն յաջորդեց բոլորի կողմէ հնչած՝ «Երեւան Էրեբունի» խմբերգը: Հուսկ ապա, աշակերտներ հեւ ի հեւ սպասեցին զոյգ գնահատիչ յանձնախումբերու որոշումներուն, տեսնելու համար մրցումներուն արդիւնքները:
Արդիւնքներու յայտարարութեան լոյսին տակ, «Խօսնակ»ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակից 10 վարժարաններու տնօրէնութեանց, այդ վարժարաններու հայերէն լեզուի եւ արուեստի ուսուցիչներուն, գնահատելով անոնց ազգանուէր ու կրթանուէր առաքելութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժիւրի»ի անդամներուն, իրենց անկողմնակալ գնահատանքին համար, ինչպէս նաեւ Տիար Արմէն Յարութիւնեանին եւ Ռաֆի Միքայէլեանին, իրենց տրամադրած նուէրներուն համար, որմէ ետք ան շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները, յայտարարելով, թէ այսօր «յաղթող ու յաղթուող չկայ, այլ՝ բոլոր մասնակիցներն ալ յաղթանակած են… քանի որ ներկայ եւ ասոր նման բոլոր միջոցառումներ նետուած ձեռնոցներ են մեր ոսոխի դէմքին, որովհետեւ, ան, արիւնարբու գազանը՝ 98 տարիներ առաջ կ’ուզէր աշխարհի երեսէն ջնջել հայն ու հայուն անունը, իսկ մենք այսօր կա՛նք ու կը շարունակենք մեր պահանջատիրութեան երթը, որուն դրօշակակիրները դո՛ւք էք, սիրելի աշակերտներ»:
Ապա Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհաւորեց թէ՛ Արտասանական եւ թէ Նկարչական մրցման լաւագոյնները եւ անոնց բաժնեց արժէքաւոր պարգեւներ:
Ըստ «Գնահատիչ յանձնախումբ»ի որոշման, «Արտասանական մրցման» Ե. կարգի Ա. պարգեւի արժանացաւ Լիթիսա Հէքիմեանը՝ Մեսրոպեան վրժ.էն, Երկրորդ հանդիսացաւ՝ Նարօտ Խաչատուրը՝ Հ.եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարանէն, Երրորդ հանդիսացաւ՝ Փիթըր Մուրատեանը՝ Վահան Թէքէեան Վրժ.էն, իսկ Խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Քարոլին Սարեանը՝ Հայ Աւտր. Փ.Թորոսեան վրժ.էն:
Զ.կարգի Առաջին հանդիսացաւ՝ Կասիա Ժէնեանը՝ Մեսրոպեան վրժ.էն, Երկրորդ հանդիսացաւ՝ Ծովակ Քէօշկէրեանը՝ Հայ Կաթ. Հարպոյեան վրժ.էն, Երրորդ հանդիսացաւ՝ Վանայ Ճորճեանը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նազարեան վրժ.էն, իսկ Խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ՝ Լիլիթ Գույումճեանը՝ Հայ Աւետր. Քոլէճէն:
Գալով «Նկարչական մրցման», Ե.կարգի Առաջին հանդիսացաւ՝ Հրանդ Քալէմքէրեանը՝ Հ.եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարանէն, Երկրորդ հանդիսացաւ՝ Արաքս Էլմայեանը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լ.Կ.Նազարեան վրժ.էն, Երրորդ հանդիսացաւ՝ Փոլ Քէշիշեանը՝ Վահան Թէքէեան վրժ.էն, իսկ Խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Մարկրիթա Մայտոսթեանը՝ Հայ Կաթ. Հարպոյեան վրժ.էն:
Նկարչական Մրցման Զ.կարգի Առաջին հանդիսացաւ՝ Մարիօ Սապունճեանը՝ Վահան Թէքէեան վրժ.էն, Երկրորդ հանդիսացաւ՝ Ալին Պետոյեանը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պ.Կարմիրեան վրժ.էն, Երրորդ հանդիսացաւ՝ Ճէնիֆըր Քըյմէթլեանը՝ Հայ Աւտր. Քոլէճէն, իսկ Խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Մարիա Գասպարեանը՝ Հայ Աւետր. Բարձրագոյն վրժ.էն:
«Խօսնակ»ի խմբագրութիւնը, գնահատելով զոյգ մրցումներու մասնակցող բոլոր աշակերտները, իւրաքանչիւրին տրամադրեց յիշատակի նուէրներ ու գիրքեր: Հայաբոյր ցերեկոյթը վերջացաւ խանդավառ տրամադրութեան մէջ, որ վստահաբար իր տպաւորութիւնը պիտի թողու մեր նորահաս սերունդի մօտ, որպէսզի աւելի սիրեն հայերէնը ու փարին անոր: