Աւանդութիւն դարձած է տարեդարձներու եւ յոբելեաններու առթիւ անդրադառնալ հաստատութիւններու, անհատներու կամ պաշտօնաթերթերու մատուցած ծառայութեանց:
Երբ «Խօսնակ»ի ժրաջան խմբագիր պարոն Համբիկ Մարտիրոսեանը զիս հրաւիրեց խօսք առնելու պարբերաթերթի 55-ամեակին առիթով նախատեսուած հանդիսութեան, պահ մը վարանեցայ, ինչպէ՞ս մտածել. ծովուն մասին՝ առանց ջուրի: Ցերեկի մասին՝ առանց լոյսի: Կեանքի մասին՝ առանց հոգիի:
Որոշեցի այցելել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մատենադարանը եւ թերթել «Խօսնակ»ի համարները: Վկայարանի մը կամ՝ հանրագիտարանի մը հատորներուն առջեւ կարծէք ըլլայի:
Փնտռտուքի ճիգիս մէջ հանդիպեցայ, մեր ազգային հրապարակին վրայ տեղ գտած անուններու: Անոր էջերուն մէջ ստորագրած են ծանօթ դէմքեր՝ Ժագ Ս. Յակոբեանը, Օննիկ Սարգսեան, Վարուժան Պետիկեան, Գէորգ ծայրագոյն վարդապետ Կարպիսեանը, Ենովք Արմէնը, Վահէ Վահեանը, Լեւոն Վարդանը, Եղիշէ արք. Դուրեանը, Գէորգ Էմինը, Յովհաննէս Շիրազը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Վահան Մալէզեանը, Սիսակ Վարժապետեանը, Նուպար Պէրպէրեանը, Երուանդ Կրպոյեանը, Երուանդ Պապոյեանը, Սարգիս Ճինկէօզեանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Արամ Սեփեթճեանը, Վաչէ Սեմերճեանը, Յակոբ Վարդիվառեանը, Գրիգոր Քէօսեանը, Խաչիկ Ճանոյեանը, մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանը, Հրաչ Գումրուեանը, Սարգիս Մինասեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Յովհաննէս Պօղոսեանը, Վեհանոյշ Թէքեանը , Յակոբ Թորոսեանը ,Վազգէն Թիւթիւնճեանը, Յակոբ Ալթունեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Թորոս Թորանեանը, Պէպօ Սիմոնեանը, Արմէն Իւրնեշլեանը, Անդրանիկ Տաքեսեանը, Անժէլ Միսիսեանը, Աւետիքեան Սեպուհը եւ տակաւին շատ շատեր: Գիր գրականութեան նուիրեալներու կողքին նաեւ ազգային դէմքեր:
«Խօսնակ»ի նախնական համարներուն մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց, խմբագիրի փոխարէն՝ Հ Ե Ը-ի Մշակութային Կեդրոնական Յանձնախումբ արձանագրութիւնը: Յետագայ տարիներուն, պատասխանատու խմբագիրի պարտականութեան վրայ կը կարդանք Պարոյր Աղպաշեանի, Ատրունի Մատուռեանի, Արամ Սեփեթճեանի, Համբիկ Մարտիրոսեանի հեղինակութեամբ յանձնառու մտաւորականներու անունները: Իսկ խմբագրական կազմին մէջ՝ Ժիրայր Դանիէլեանը, Անժէլ Միսիսեանը, Պայծիկ Գալայճեանը, Ճանճանեան Անժէլը, Քիւրտեան Հասմիկը, Կարպիս Քէշիշեանը, Սերոբ Աբոյեանը, Յակոբ Պոտրումեանը, Սեփեթճեան Մելինէն, Գէորգ Սանթուրեանը, Յակոբ Թորոսեանը, Զարեհ Թիւթիւնճեանը, Գէորգ Քէշիշեանը, Երուանդ Պապայեանը, Ասատուր Մակարեանը: Անոր մէջ կը տողանցեն մեր գաղութին մէջ ապրած բազմաթիւ դէմքեր, բոլորն ալ ազգային ապրում եւ հեռանկար ունեցող անձնաւորութիւններ: Ուշագրաւ է նորերու ներգրաւումը, առանց անտեսելու երէցները: 55-ամեակը առիթ մըն է նաեւ յարգելու «Խօսնակ»ի շուրջ բոլորուած երախտաւորներու յիշատակը:
Մամուլը սովորաբար լրատուութին կամ քարոզչութիւն է: Սակայն հայ մամուլը եւ հրապարակագրութիւնը լրատուութենէն անդին, ազգային առաքելութիւն մը ունին իրենց ուսերուն վրայ:
Սփիւռքահայ կեանքի տարբեր մարզերուն աշխուժութիւն բերելու խանդավառութեամբ, խումբ մը մտաւորականներու գործակցութիւնը դարձաւ ամենօրեայ ապրում, երբ 1957 թուականի Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, սկսաւ լոյս տեսնել «Խօսնակ»ը: Իր բազմակողմանի եւ հարուստ բովանդակութեամբ, «Խօսնակ»ը ինքնատիպ հրատարակութիւն մը դարձաւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ: «Խօսնակ»ը բացաւ իր շուրթերը եւ ծաղկեցաւ: Հետեւողական յաճախականութեամբ լոյս տեսաւ եւ իր արժանի տեղը գրաւեց մեր բոլորի գիտակցութեան եւ մտածողութեան մէջ:
«Խօսնակ»ը տագնապեցաւ ազգով, անոր մշակոյթով: «Խօսնակ»ը չառաջադրուեցաւ թթու ազգասիրութեամբ կամ քարացած հայկականութեան տենչով: «Խօսնակ»ին ճամբան եղաւ հայերթ, իրմով հրապարակագրութիւնը նուաճեց որակ: «Խօսնակ»ը պատգամեց ազգային մտածողութիւն եւ դարձաւ սփիւռքահայութեան հոգեմշակութային սնունդի մատակարարման առաջնահերթ աղբիւրներէն մէկը:
«Խօսնակ»ին շուրջ բոլորուած մտաւորականութիւնը՝ ժողովուրդին հոգեմտաւոր, իմացական, ազգային եւ քաղաքական լուսաւորում հաղորդելու նախանձախնդրութեամբ կը գործէր: Ազգային ծառայութեան հաւատքով աշխատանքին փարած նուիրեալներ էին բոլորը:
Հիմնաւորելու համար այս հաստատումները անհրաժեշտ է կեդրոնանալ «Խօսնակ»ի բովանդակութեան.
«Խօսնակ»ի իւրաքանչիւր համար կը սկսի մեր ազգային, հայրենական, ընկերային, կեանքը յուզող, Հ Բ Ը Մ-ի ազգանուէր առաքելութիւնը վեր առնող խմբագրականներով: Խմբագրականներուն մէջ շեշտակիօրէն կը տեսնենք մեր ժողովուրդի միասնականութեան եւ հաւաքական աշխատանքի հոլովոյթը: Միասնաբար գօտեպնդելու մեր ազգին արդար դատը եւ ապագան: Անոր էջերուն մէջ լուսարձակի տակ կ’առնուին կրթական, ազգային, հայրենական, ընկերային, բազմերանգ յօդուածներ,վերլուծութիւններ, քննարկումներ:
Այնտեղ են Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի տարբեր շրջաններու՝ Պէյրութ, Անթիլիաս, Զահլէ, Թրիփոլի, Միջին Արեւելքի կրթական հաստատութիւններուն առօրեան: Այնտեղ են տարբեր հորիզոններէ առաքուած՝ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանոցին տակ գործող միաւորներու բազմաբնոյթ միջոցառումներ՝ տօնակատարութիւններ, հրապարակային ձեռնարկներ: Այնտեղ է Հ Բ Ը Միութիւնը իր խոյանքներով ու հազար ու մէկ հանդիսութիւններով:
«Խօսնակ»ի էջերուն մէջ պիտի տեսնենք մեր իրականութեան մէջ ծանօթ բազմաթիւ հրապարակագիրներու առաջին փորձերը: Այնտեղ են հայրենի տաղանդաւոր գրիչներ, գրողներ եւ պատմաբաններ՝ Բագրատ Ուլուպապեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Լեւոն Հախվերտեանը, Յովհաննէս Թումանեանը, Ակսէլ Բակունցը, Եղիշէ Չարենցը, Արփիար Արփիարեանը, Վահան Թէքէեանը, Յովհաննէս Շիրազն ու Կոմիտասը, Վահան Տէրեանն ու Պարոյր Սեւակը, Վարդգէս Պետրոսեանը եւ Լեւոն Անանեանը՝ թուելու համար մէկ քանին, մեր պատմամշակութային աւանդը, հայ գրականութիւնը իր հիներով եւ նորերով: Ծանօթ եւ նոր անուններ, որոնք կը հարստացնեն մեր լեզուն եւ գրականութինը: «Խօսնակ»ը յաջողեցաւ զարգացնել ընթերցողի, գրասէրի մշակոյթ եւ փոխանցեց ազգային դաստիարակութիւն:
Այնտեղ է բոլորիս հպարտութիւն ներշնչող, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կրթական բերրի հունձքը: Տարի առ տարի, բարձրագոյն ուսման եւ կեանքի ասպարէզի դուռը թակող յանձնառու երիտասարդութիւնը: Սերունդներու պատմութիւնը:
Այնտեղ են մեր մօտաւոր անցեալի եւ անմիջական ներկայի, հայեցի դաստիարակութեան մտատիպար՝ «Անդրանիկ – Սեւան»ի, Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան՝ մարզական – մշակութային գործունէութեանց ոսկետառ էջերը, սկաուտական բանակումները: «Խօսնակ»ը արուեստի եւ մշակոյթի բեմ դարձած է միաժամանակ՝ մեզի մատչելի սահմաններու մէջ բարձրացնելու սփւռքահայութեան հոգեմտաւոր կեանքի մակարդակը:
Այնտեղ են իր տեսակին մէջ եզակի «Նաւասարդեան» համասփիւռքեան խաղերուն տողանցող խրոխտ մարզիկները, ղօղանջող փողերախումբերը, սկաուտական երկսեռ փաղանգները :
«Խօսնակ»ի էջերուն մէջ կը ցոլայ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հ Ե Ը-ի պատգամաւորական ժողովներուն, միջ-շրջանային խորհրդաժողովներուն համայնապատկերը, Մշակոյթի Օրուան պատգամները: «Խօսնակ»ը դարձաւ Հ Բ Ը Մ-ի համասփիւռ միաւորներուն նիւթաբարոյական հաշուետութեանց թափանցիկ հայելին:
Այնտեղ կը շողան Սփիւռքի բեմահարթակներուն վրայ Վահրամ Փափազեան թատերախումբին քանդակած լուսապսակ էջերը : Սփիւռքի մշակութային կեանքը ուսումնասիրող հեղինակը, առատ նիւթ պիտի գտնէ «Խօսնակ»ին մէջ եւ անպայմանօրէն պիտի հակի անոր էջերուն:
Այնտեղ դրոշմուած են 1906-ին հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած Հ Բ Ը Մ-ի պանծալի էջերը, անոր հիմնադրութեան պայմաններուն, ծաւալած զործունէութեան մասին եզակի տեղեկութիւններ: Այնտեղ են փառապանծ միութեան տեսլապաշտ ղեկավարները, իրենց ուսանելի կենսագրութիւններով:
«Խօսնակ»ը նաեւ դարձաւ Հ Բ Ը Մ -ի համպարփակ պատմութիւնը լուսանկարներու հարուստ հաւաքածոներով յաւերժացնող անշարժ տեսերիզը:
Այնտեղ են մեր ազգային լինելութեամբ եւ ինքնութեան պահպանութեամբ տագնապող մտաւորականները:
Այնտեղ հոգեխառնուած են Սփիւռք – Հայրենիք փոխյարաբերութիւնները: Այնտեղ կը ցոլայ Սփիւռքահայ գաղութներու կենդանի պատկերը: «Խօսնակ»ի որ համարն ալ թերթենք, մէկ խորհուրդ կը ստանանք բոլորէն՝ հայրենիքը մէկ է եւ անոր տեղը Արարատ լերան ստորոտն է…:
Այնտեղ են մեր պահանջատիրութեան յանձնառու գրիչներու հոյլը՝ Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ վերլուծութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով: Ահա, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան պաշտօնաթերթ ԽՕՍՆԱԿԻ 55- ԱՄԵԱՅ ԵՐԱԽՏԻՔԸ:
«Խօսնակ»ը դարձաւ ինքնագիտակցութիւն նուաճելու, ազգային արժէքները, հայրենասիրութեան եւ արեւմտահայաստանի ազատագրութեան տենչը, մշակոյթը պահպանելու ներշնչարանը: Տակաւին պատանի, մեր չունեցած դահեկաններով «Խօսնակ» կը գնէինք, քանի որ ան դիմագիծ ունէր, պատգամ մը կը փոխանցէր:
Անոր աւանդը պահուած է առ այսօր եւ «Խօսնակ»ը օրինակելի քաջութեամբ լոյս կը տեսնէ հայերէնով, մինչ ուրիշներ զինաթափ կ’ըլլան: Եթէ հերոսութիւն է պատնէշի վրայ մնալ՝ զէն ի ձեռին, նոյնքան հերոսութիւն է աւելի քան յիսուն տարի, ամբողջ կեանք մը ծառայել սեփական ժողովուրդին, անոր դատին ու մշակոյթին:
« Ոյժ մըն է մամուլը հանրային բարիք մը, երբ գիտակից է ան իր կոչումին ու կը ծառայէ անոր՝ անշահախնդիր ձեռնհասութեամբ». օրին գրած է ուսուցիչներէս Վահէ Վահեանը:
55-ամեակը առիթ մըն է արդար յարգանք մատուցելու «Խօսնակ»ի վաստակին, զայն կեանքի վերածած նուիրեալներուն եւ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելու անոր կենսունակութեան հանգամանքը: 55-ամեայ իր գոյութեամբ ու մեր ժողովուրդին մատուցած իր թանկագին ծառայութեամբ, յաղթանակ մը է « Խօսնակ»ը, պատուաբեր՝ թէ մեր գաղութին համար, եւ թէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք ենթահողը ստեղծեցին անոր ծնունդին ու պահեցին իբրեւ կամաւոր տուրքը՝ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ իրենց մեծ սիրոյն:
Միւս կողմէ, 55 տարիներու ուսումնասիրութիւնը բաւարար դաս պիտի ըլլայ, որպէսզի հասկնանք մեր այսօրը: Այսօր ի՞նչ պայմաններու մէջ է սփիւռքահայ մամուլը: Հարցումին պատասխանը այնքան ալ մխիթարական չէ, ինչպէս մխիթարական չեն հայ սփիւռքեան բազմաթիւ կառոյցներ, ընդհանրապէս ինքը` Սփիւռքը: Միջին Արեւելքը, որ յաճախ Սփիւռքի միջնաբերդը կը համարենք ,յատկապէս Լիբանանը, Սուրիան, Իրաքը, ինչպէս նաեւ Իրանը եթէ համեմատենք նախորդ չորս-հինգ տասնամեակներուն հետ, պիտի նկատենք, թէ փոխանակ զարգացում ապրելու, անոնք առնուազն տեղքայլի մէջ են, գուցէ աստիճանական նահանջի մէջ:
Ժողովուրդի մը գիտակցութեան եւ յաջողութեան չափանիշը իր առաջնահերթ արժէքներուն տուած կարեւորութիւնն է: Գիտական, տնտեսական եւ այլ նուաճումներ ինչ խօսք՝ անհրաժեշտ են: Սակայն պատմութիւնը վկայ, ամենահզօր զէնքը հոգեւոր եւ մշակութային զօրութիւնն է, բոլոր զօրութիւններէն աւելի խոր եւ մնայուն:
Սխալ մի հասկնաք զիս, բնականաբար անհրաժեշտութիւնը ունինք տնտեսական բարօրութեան, սակայն միայն անոր մէջ չփնտռենք մեր գերագոյն արժէքը: Արտօնեցէք ըսելու, մենք լոյսը մոռցած, փայլքը կը փնտռենք, ներքին գեղեցկութիւնը մոռցած՝ շպարը կը փնտռենք, կեղեւը աւելի կը խօսի քան՝ աւիշը՝ երեւնալը աւելի կ’արժէ քան ըլլալը:
Մշակութային արժէքներու պահպանումը ու անոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը տժգունացման ընթացքի մէջ է: Համաշխարհայնացման մակերեսայնապաշտ փորձութիւնը դարձեր է քայքայիչ չարիք հայութեան առօրեային մէջ, սփիւռքի համայն տարածքին վրայ: Հայերէնի տեղատուութիւնը լայն ծաւալ ստացած է այսօր: Մեր ազգային ինքնութեան խաթարման առաջին ախտը մայրենիէն եւ հայ գիր-գրականութենէ աստիճանաբար հեռացումն է: Մինչդեռ ժողովուրդներ իրենց մշակութային արժէքներով դիմադրած են իրենց դէմ տարբեր տեսակի յարձակներուն:
Եկէք գէթ պաշտպանենք մեր մայրենին:
Այս համատարած փորձութիւններուն դիմացն է , որ «Խօսնակ»ի նման հայ դպրութեան ծառաներ կենսական դեր ունին կատարելիք այսօր եւ վաղը:
Լուսաւոր ճանապարահ եւ նորանոր յաջողութիւններ 55-ամեայ մշտադալար «Խօսնակ»ին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ