ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ազգային, քաղաքական կազմակերպութիւններ կան, որոնք չդիմանալով ժամանակի քննութեան, պատմութեան գիրկը անցան, զրկուեցան իրենց անցեալը փառաբանելու պատեհութենէն: Ուրիշներ ալ, անմխիթար ներկայի մը մէջ, խանդավառող տեսիլքի եւ հեռանկարի բացակայութեան, հիւծող հիւանդի մը տուայտանքներով իրենց օրհասը կը սպասեն:
Մեր ազգային, քաղաքական կազմակերպութիւններուն մեծամասնութիւնը զգուշանալով նոր մտքերու հետ հաղորդուելու եւ կամ հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելու հետեւանքներէն, դեմոկրատական հաստատութեան կամ կառոյցի վերածուելու փոխարէն՝ նախընտրեցին անհատի պաշտամունքի ուղին՝ փոքրիկ տիրապետութիւններու վերածուեցան դժբախտաբար, ուր իշխող դարձաւ՝ « Yes, sir», «թըքրամ, սիտի», «Սթալինը ըսաւ» գործելաոճը: Շատեր չհանդուրժեցին «հաւնոցի օրէնք»-ի այս կարծրատիպը եւ հեռացան: Հեռացան՝ նախընտրելով մնալ հաւատարիմ զինուոր, քան անկոչ զօրավար: Տուժեցին եւ նօսրացան գրեթէ մեր բոլոր կառոյցները, տուժեց մեր հաւաքականութիւնը, տուժեց սփիւռքը…: Բայց որու՞ հոգը…
Այստեղ պիտի յիշեմ Կոկոլի մէկ խօսքը. «Կը խնդանք, այո, բայց որու՞ վրայ կը խնդանք…»:
Դժբախտ են նաեւ անոնք, որոնք անցեալէ եւ ապագայէ զրկուած ներկայ մը կ’ապրին: Իսկ դուն, ո՜վ Հնչակեան ընկեր, գիտա՞կ ես, թէ անցեալէն ին՞չ մեծ հարստութեան մը ժառանգորդն ես եւ քու անմահ կուսակցութիւնդ սնած, ուռճացած եւ խարսխուած է՝ գաղափարական վառ տեսիլքով մը ներկան ներշնչելու եւ դէպի ապագան դիմելու վսեմ առաքելութիւնն ունի, որպէսզի կարենաս այդ տաժանելի, բայց փառաւոր պատմական երկար ուղեւորութիւնդ աւելի դիւրաւ կատարել՝ հանգրուաններու պէտք ունիս: Այդ հանգրուաններն ու կայանները քու պանծալի կուսակցութեանդ կոթողած պատմական դէպքերու տարեդարձերն են, որոնցմէ մէկը Պապ Ալիի հնչակեան ցոյցն է, որ կատարուեցաւ ասկէ 125 տարի առաջ, 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Պոլսոյ մէջ:
Դէպքին արժէքն ու կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է մեր երեւակայութեամբ փոխադրուինք այդ ժամանակաշրջանը: Աչքի առջեւ բերենք նաեւ մեր թշնամիներուն հոգեբանական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային գոյավիճակները, այդ ժամանակ միայն կը գնահատուի կատարուած գործին մեծութիւնը:
Հայ յեղափոխութեան ծնած վայրկեանէն՝ Արեւելքի մէջ կը տիրէր այն սխալ մտայնութիւնը, թէ «Աստուած մէկը ստեղծած է տիրելու, իսկ մէկ ուրիշը՝ ճնշուելու, պետութիւններու իշխանութիւնները Աստուծոյ փոխանորդի պատմուճանը իր ուսերուն վրայ կրող գահակալով մը, որուն կամքն ու քմահաճոյքը աստուածադիր օրէնք էր: Պէտք էր բոլորը ոչ միայն ենթարկուէին, այլեւ անոր փառքը հիւսէին: Թուրքը մարդկային ամէն իրաւունք ունէր՝ իբրեւ մենաշնորհեալ, մինչ հայը իրաւազրկուած էր մարդկային ամենատարրական իրաւունքներէն»:
Ցաւալին այն է, որ հայոց այդ վիճակը թուրքի կողմէ առաջ բերուած համոզում մը չէր, այլ նոյնինքն հայը այդպէս կ’ըմբռնէր իր կեանքը: Անոր ապրած ստրկական առօրեան զինքը այդ վիճակին հասցուցած էր՝ տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին իմաստ տուող յենարանները կորսնցնելէ ետք, ընկերային սխալ դաստիարակութեամբ:
Մէկ խօսքով՝ փճանալու եզրին հասած էր մեր ժողովուրդը:
Այս ճակատագրական վայրկեանին էր, որ հրաշքի մը համազօրութեամբ 1887-ին ծնաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը տուայտանքի եւ տառապանքի խաւարին մէջէն իբրեւ առաջնորդ Լուսաստղ մը:
Հնչակեան կուսակցութիւնը մեծ դեր ունէր կատարելիք: Ան, քաղաքական եւ տնտեսական բարօր եւ ազատ կեանք տալէ առաջ, պէտք էր հայ հոգին արիացնէր, հին մտայնութիւնները շրջէր, հասկցնէր շրջապատին՝ թուրքին եւ մեր ժողովուրդին, թէ մարդիկ եւ ժողովուրդներ ստրուկ չեն ծնիր, իբրեւ ստրուկ կ’ապրին ու կը մահանան…
Իրաւունքները խնդրանքով եւ աղերսանքով չեն տրամադրուիր, այլ կը ստացուին պահանջելով եւ ուժով:
Այս բոլորը դիւրին չէր. ինչպէս դիւրին չէր տագնապով մը դադրած սիրտը բաբախեցնել եւ շարժման մէջ դնել: Հնչակեան կուսակցութիւնը, կենդանի խաչելութեան մը յանձնառութեամբ, գործի լծուեցաւ այն մեծ եւ ամուր հաւատքով, թէ այս խաչելութիւնը ծնունդ պիտի տար մեր ժողովուրդի Հրաշալի յարութեան: Հնչակեան կուսակցութիւնը գիտակ էր նաեւ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդը թէեւ արտաքին երեւոյթով շատ բան կորսնցուցած էր, բայց տակաւին կը պահէր ներքին արժանիքներ, հոգ չէ թէ երբեմն վտիտ վիճակով, բայց կենդանի եւ յուսալի:
Հնչակեան կուսակցութիւնը արթնութիւն շեփորեց, քաղաքական թմբիռով քնացող հայութեան: Սարսափէն կարկամած լեզուները բացաւ, շրթները շարժման մէջ դրաւ. Հոգիները վերանորոգեց. զանոնք արիացնելէ ետք՝ թուլցած կամքերը պողպատեց եւ զանոնք առաջնորդեց դէպի ազատութիւն:
Ուրիշներու հաշուոյն գործող բազուկները,՝ սեփական շահերու համար, վեր բարձրանալ սկսան, արիւնաքամ եւ կոշտացած մատերն ու ձեռքերը պրկուած բռունցքներու վերածուեցան՝ պատժելու համար չարաշահողները: Մէկ խօսքով՝ «կեաւուրի հոգին» մարտիկին հոգիին փոխուեցաւ:
Այս բոլորը ունենալու համար ան պայքարեցաւ երկար ժամանակ: Օգտագործեց իր մամուլն ու բեմը, կազմակերպչական ցանցը: Նոր հայութեան ստեղծած նոր դէպքերը իրար յաջորդեցին, նոր շրջանի նոր դէմքերով: Հայոց պատմութեան նոր անկիւնադարձէն-1887-ին յաջորդեցին Կարնոյ, Գում Գափուի, Պապ Ալիի ցոյցերը, Սասունի, Զէյթունի, Շապին Գարահիսարի ապստամբութիւններն ու ինքնապաշտպանութիւնները:
Հայ յեղափոխութեան վերակերտած նոր հայութիւնը իր կորսուած իրաւունքները նոր ուղիով ձեռք ձգել կը ձգտէր, ձանձրացած ու ձերբազատած հին ուղիներէ եւ փորձերէ:
«Մի՛ աղերսեր, այլ պահանջէ՛» յեղափոխական կարգախօսով հայրենազուրկ եւ սակայն հայրենիք, ազատութիւն եւ մարդկային տարրական իրաւունք պահանջողներու այս ցոյցը ոչ միայն հնչակեաններէն յիշատակուելու արժանի է, այլ բոլոր այն հայերէն, որոնք կը հպարտանան այսօր երեւան եկող եւ փայլող մեր հայկական արժէքներով:
Պէտք է վերապրեցնենք մեր մօտաւոր անցեալի փառքերը կազմող այս փառաւոր եւ արիւնոտ ցոյցերը, իրենց ներքին հոգիով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մենք ներկայի փառքերէն զուրկ եւ գուցէ պատմութեան անցնող ինքնակորոյս ժողովուրդ մը դառնայինք եւ կամ «գոյութիւն» մը քաշկռտող հաւաքականութիւն մը:
Փառք եւ պատիւ Պապ Ալիի մեծ ցոյցին եւ անոր հերոսներուն, որոնք ստրուկը մարտիկի վերածած մեր ժողովուրդը մղեցին տէր դառնալու իր պատմա-անհատական իրաւունքներուն: