https://arevelk.am-Խօսքը՝ նորոգ հանգուցեալ՝ ճարտարագէտ ընկեր Սարգիս Զգուշեանի մասին է, որուն կուսակցական եւ հասարակական կեանքը՝ եղաւ համակ նուիրում եւ քրտնաթոր աշխատանք՝ վասն լինելութեան Կիլիկեան կրթամշակութային հաստատութեանց բարօրութեան ու բարգաւաճման:
Այնթապցի համեստ ընտանիքի զաւակ՝ ապագայ ճարտարագէտ, կուսակցական եւ հասարակական գործիչը լոյս աշխարհ եկաւ, Հալէպի Տաւուտիէ արուարձանի բարձունքին ու թոթովեց մայրենին՝ անոր զառիթափին կառուցուած Վարդանեան վարժարանին մէջ: Վեցամեայ կրթութեան առընթեր, հագաւ դպիրի շապիկն ու ձայնակցեցաւ նոյնանուն Սուրբ Վարդան Մատռան դպրացդասին ու քանի որ շատ կը սիրէր չարքաշ կեանքը, համլրեց այդ բարձունքի Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական շարքերը: Ան, ըլլալով աշխատասէր, կարգապահ եւ ուսումնատենչ պատանի, ծնողները ի գին ամէն զոհողութեան, իր ուղին հարթեցին դէպի ուսումն ու յանձնեցին Կիլիկեան ճեմարանի խնամքին, որուն դասընթացքները բարեյաջող աւարտելէ յետոյ, բարձրագոյն մասնագիտական կրթութիւնը շարունակեց՝ Երեւանի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ, ուրկէ մագիստրոսի կարգաւիճակով՝ վերադարձ Հալէպ ուր աշխատանքի անցաւ պետական ելեքտրական ընկերութեան մէջ, որպէս բաժնի վարիչ, պատասխանատու գործ մը, զորս ձեռնհասօրէն ղեկավարեց՝ մօտ քառասուն տարի ու բարձր գնահատականով ալ անցաւ թոշակի: Պետական ծառայութեան ընթացքին, երբէք տուրք չտալով բազմապիսի գայթակղութեանց, խստագոյնս կիրառեց օրէնքի գերակայութիւնը եւ փոխարէնը հոն ստացաւ՝ ԱՆԿԱՇԱՌ-ի պատուաբեր տիտղոսը: Ընկեր Զգուշեանը, սեփական կեանքը աշխատանքով ապահովելէ յետոյ, անսալով բնութեան օրէնքին ու պահանջին՝ իր կեանքը կապեց Հայկուհի Թոփալագեանի հետ: Իրենց ընտանեկան սիրոյ ու ջերմութեան մթնոլորտէն ի լոյս աշխարհ եկան Սիրանը, Շաղիկն ու Գէորգը, Որոնք նոյնպէս անցնելով Կիլիկեան կրթական հաստատութեանց բովէն, յընթացս եղան .Հ.Մ.Մ.ի արենուշ-սկաուտ ու ստանձնեցին պատասխանատու պաշտօններ՝ միութենական կեանքէն ներս:
Պատուական մեր ընկերոջ հասարակական ընկալումները՝ յետ տարբեր վարչական ծառայութիւններու, Հ.Մ.Մ.-ի ատենապետ, Անդրանիկ թատերախումբի վարչական, իր ընդունակութիւնները կատարելապէս դրսեւորեց՝ կրթական եւ ուսումնական ծառայութեանց մէջ: Նախքան հոգաբարձութեան անդամութիւնը, ան Կիլիկեանի տնօրէնութեան փոխանցման օրերուն, որ զուգադիպեցաւ վերամուտին, աշակերտներու արձանագրութեան գծով թափուր մնացած տնօրէնի պարտականութիւնը կատարեց համարձակօրէն, կողքին ունենալով՝ ընկեր Գէորգ Աթոգեանը … մօտ երկոււ ամիս, նորոգ հանգուցեալը, պետական գործը ձգելով ու վտանգելով իր պաշտօնը՝ ամէն օր առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ երկուք, ամբողջացուց եւ կատարելապէս իր լրումին հասցուց աշակերտներու արձանագրութիւնները՝ առանց բացակայութեան եւ ուշացումի: Երբ իրեն հարցուցինք թէ ինչպէս կը հասցնէ կազմակերպել պետական ծառայութեան գործերը, ժպտալով ըսաւ, «երեկոյան մինչեւ ուշ ժամերը»… Այնուհետեւ, դպրոցը եղաւ իր տարերքը, իւրաքանչիւր անոր հետ կապուած հրամանագիր թէ օրէնք՝ թղթապանակով կը տանէր տուն՝ մանրամասնօրէն ուսումնասիրելու, որպէսզի սխալ մը թոյլ չտրուի : Իսկ որքան ժամանակ ու քրտինք թափած է, տոմարներու եւ հաշուեկշիռներու, վերանորոգման ու շինարարական աշխատաննքներուն վրայ եւ այդ ամէնը՝ վասն դպրոցի ինքնաբաւութեան, տնտեսական կայունութեան…Իր նոյնիսկ կարճաժամկէտ բացակայութիւնը, հոգաբարձու ընկերներուն մօտ տագնապ կը յառաջացնէր… նոյն իրավիճակը կ՝ապրէր նաեւ նորանշանակ տնօրէնուհին…միով բանիւ, ան դպրոցին բաբախող սիրտն էր ու հոգին; Առանց չափազանցութեան, ի՛ր մօտ, սեփական տունն ու դպրոցը՝ միաձոյլ ամբողջութիւն մըն էր: Հիմա պիտի ըսէք, անսխալակա՞ն անձնաւորութիւն էր ան, բնականաբար ոչ, …անսխալական մարդ գոյութիւն չունի, իւրաքանչիւր անհատ ալ կրնայ սխալիլ, բայց սխալը ընդունիլն ալ բարոյական յատկանիշ մը ըլլալով, ան ողջմտօրէն կ՝ընդունէր զայն …նաեւ դիւրաբորբոք էր ու շտապունակ, սակայն բարի, իր կապոյտ աչքերուն պէս վճիտ ու ջինջ, անյիշաչար…իր խօսքը ճակատային էր տեւական, շատեր իրմէ կը խրտնէին յասճախ, սակայն, աւելի լաւ չէ՞ ուղղակին քան՝ դաւադիր նենգութիւնը:
Անսահմանօրէն բարի մեր ընկերը, գաղափարական տեսանկիւնէ, ծնունդը ըլլալով պարզ ու խոնարհ խաւի, մանկուց չէր հանդուրժեր անարդարութիւնը եւ այն բոլոր բացասական երեւոյթները, որուն յաճախ կը բախուէր ան: Այդ հաւատամքին ոչ միայն չ՝դավաճանեց՝ այլ եւ հասունութեան հետ, առաւել եւս արդարութեան, հաւասարութեան գաղափարը՝ արմատացաւ իր մէջ: Երեք սկզբունքի կը դաւաներ, Առաջինը՝ Ազգայինի ու հայ ընտանիքի պահպանում, երկրորդը, -Ազատ խօսքի իրաւունքը, եւ երրորդ՝ ընկերվարութեանը: Ահա այս ազգային ու հասարակական մղումները զինք առաջնորդեցին դէպի Հնչակեանութիւն, այն ալ հասուն եւ գիտակցական տարիքին: Բայց, Կուսակցականութիւնը որքան ալ միագիծ բեւեռ մը ըլլար, ան երբէք մոլեռանդութեան չտարաւ զինք, ընդհակառակը՝ որքան մօտեցաւ ու ստանձնեց ղեկավար պաշտօններ, այնքան լայնախոհութիւնը զարգացաւ իր մէջ: Իր երազանքը, սփիւռքահայ կեանքը՝ արմատական փոփոխութեամբ մերձեցնելն էր եւ ոչ երբէք բեւեռացում, որ պառակտման ու կործանման կ՝առաջնորդեր ազգը: Իր այս մտահոգութիւններով յաճախ կը կիսուէր մտաւորական ընկեր-բարեկամներու հետ, յստակ պատկերացնելով՝ սփիւռքի անհեռանկար ճակատագիրը… Դժբախտաբար, ան իր կեանքի մայրամուտին տեսաւ ու իր մաշկին վրայ զգաց, մերձաւոր արեւելքի մեր բարգավաճ գաղութներու հայաթափութիւնը,: Պարտադրուած պատերազմներն ու կործանարար հռթիրակոծութիւնները, իր տարիներու քրտնաթոր աշխատանքի ոչնչացումը, իր իսկ շրջանակին մէջ…աւաղ յումպէտս վատնուած ժամանակին, նուիրումին, որ անանձնական էր, հաւատք էր վասն աւելի լաւ գալիքի… որովհետեւ ինքն ու իր սերնդակիցները՝ տուին իրենց կարելիութիւններէն աւելին ու յանկարծ՝ հոգեմտաւոր ոչնչացում, մերժուածի մէկուսացում… սա՞ էր իր սերմանած հունձքին արդիւնքը…Վստահաբար կարելի է ըսել, որ մահուան հոգեվարքին մէջ…այս բառերը մրմնջեց՝ մեր սիրելի , անձնազոհ ու նուիրեալ սերմնացան՝ ընկեր Սարգիս Զգուշեանը…Խռով գացիր ընկեր, բայց գիտցիր, որ տարեգրութիւնը՝ արժանին պիտի մատուցէ քու վաստակիդ հանդէպ…: Փոխան ծաղկի ափ մը հող՝ Կիլիկեանէն Պէյրութի շիրիմիդ մեր աննման ընկեր:
Կարպիս Լեփէճեան