ՀԲԸՄ – ՀԵԸ
Ծաղկազարդի նախատօնակին, Հ.Ե.Ը «Արին» պարախումբի տիկնանց վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացաւ հաճելի երեկոյի մը միջոցով ուրախացնելու մանկապատանեկան պարախումբի անդամ- անդամուհիները:
Ուրբաթ, 27 Մարտ 2015, երեկոյեան ժամը 8.30-ին, մանկապատանեկան պարախումբի բոլոր անդամները համախմբուեցան Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ, ուր վայելեցին տիկնանցի ժրաջան անդամուհիներուն կազմակերպած հիւրասիրութիւնը: Պատանիները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան իրենց համար պատրաստուած խաղերուն եւ մրցումներուն: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Բախտաւորները ստացան նուէրներ: Հաճելի երեկոյի աւարտին, պատանիները ուրախ տրամադրութեամբ վերամիացան իրենց ծնողներուն: