Արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած է իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին, Հ.Ե.Ը-ի սկաուտներուն եւ թողերախումբին այցելութիւնը Հայ Կաղողիկէ պատրիարքարան: Ուրբաթ, 24 Ապրիլի յետմիջօրէին, Հ.Բ.Ը.Մ –Հ.Ե.Ը սկաուտները եւ փողերախումբը, ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամներու ընկերակցութեամբ, այցելեցին Հայ Կաթողիկէ պատրիաքարան եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ:
Խրոխտ երգերու տարափին տակ, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը-ի փողերախումբը տողանցելով Ժաաթաուի գլխաւոր փողոցը մուտք գործեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան:
Օրուան խորհուրդը արտայայտող իր խօսքին մէջ, Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան գնահատեց ոգեկոչման բոլոր հանդիսութիւններուն եւ յատակապէս Ապրիլ 24-ի օրուան գլխաւոր հանդիսութեան ընթացքին, Հ.Ե.Ը-ի սկաուտներուն գործունեայ մասնակցութիւնը, միաժամանակ խոստացաւ շարունակել պատրիարքարան այցելելու աւանդութիւնը:
Իր կարգին, պատրիարքարանի անունով Տէր Կարապետ Թադէոսեան բարի գալուստ մաղթեց սկաուտներուն եւ արժեւորեց հայ իրականութեան մէջ Հ.Ե.Ը-ի ծառայութիւնները: Սրտի խօսքերու փոխանակումէն ետք, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում, ապա սկաուտները տողանցելով հրաժեշտ տուին պատրիարքարանին: