Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, յառաջիկայ Շաբաթ օր, 10 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանի տուուչութիւն պիտի կատարուի հետեւեալ միաբաններուն.- Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. Արապեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեան: Ծ. Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութիւնը պիտի կատարուի Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն, թէ՛ Վարդապետութեան եւ թէ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու հայր սուրբերը պարտին յատուկ աշխատասիրութիւն պատրաստել եւ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան զայն ներկայացնել ու պաշտպանել:
Վերոյիշեալ թեկնածու հայր սուրբերուն թէզերու ներկայացումն ու պաշտպանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, ժամը 4:30-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ:
Յայտնենք, որ հայր Վարդանն ու հայր Պետրոսը պիտի չկարողանան ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պետական օրէնքներուն ու արգելափակումներուն պատճառով, սակայն Վեհափառ Հայրապետին արտօնութեամբ իրենց ծառայած թեմերէն ներս պիտի ստանան Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները: