ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ծանրամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը այս տարի տեղի կ՛ունենայ Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ:
Հայաստանի տղամարդոց խումբը պայքարի սկսաւ 81 քլկ. դասակարգին մէջ, ուր Ռաֆիկ Յարութիւնեան պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց 160 քլկ., իսկ հրում վարժութեան մէջ՝ 194 քլկ. եւ երկամարտի 354 քլկ. արդիւնքով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նոյն դասակարգին մէջ, Կարէն Մարգարեան գրաւեց 4րդ դիրքը: