ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամները յաջող կերպով սկսան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները:
Արդարեւ, Քաթարի մէջ մեկնարկած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող Հայաստանի կանանց խումբի անդամ Տաթեւ Յակոբեան (87 քլկ.) պոկում վարժութեան ընթացքին գլխուն վերեւը պահեց 105 քլկ., իսկ հրումի ատեն՝ 127 քլկ.: Երկամարտի 232 քլկ. արդիւնքով՝ Յակոբեան դարձաւ ոսկի մետալակիր:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը՝ Իզապէլա Եայլեան, 59 քլկ. դասակարգին մէջ 6րդ հանդիսացաւ: