ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Ես իմ ծառս զարդարեցի անուշահամ
բիւր միրգերով…
Տարիներուս տքնանքը լուռ եւ քրտինքս
կաթի՛լ-կաթի՛լ
Ոռոգեցին զայն շի՛թ առ շի՛թ գորովանքիս
հետ միասին,
Որ չըլլար ան խորշակահար, չտապալէր
սիրատոչոր…
Քանի անգամ քամին սպառնաց արմատախիլ
ընել զանի,
Կիզիչ տաքը, ձմրան ցուրտը խոցոտեցին
ծառս մատղաշ,
Սիրոյս հրաշքն էր որ զայն փրկեց ու դիեցուց
զայն խանդակաթ
Եւ դիմացաւ ու բարձրացաւ, դեռ զօրացաւ
կամքով արի…
Մատղաշ ծառս դարձեր է այժմ պտուղներով
բիւր բեռնաւոր…
Եւ որքան ալ ուրախանամ իմ պտղաբեր
աշխատանքին,
Գիտեմ, Բարձրեալն Ի՛նքը օրհնեց ծառս յուռթի
եւ սիրաւոր,
Որ պարգեւէ հիւթեղ միրգեր մարդուն քաղցած
եւ ծարաւի…