Լ. Շառոյեան (Հալէպ)
Կանուխէն լսած էինք արդէն, որ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ձեռնամուխ եղած էր յուշամատեանի մը պատրաստութեան՝ պանծացնելու համար յիշատակը Մեսրոպ Բ. պատրիարքին, որ երկու տարի առաջ կանխահասօրէն կնքած էր իր մահկանացուն, խորհրդաւոր հիւանդութեան մը ճիրաններուն մէջ երկա՜ր տարիներ տառապելէ ետք:
Աւետիսը, այս օրերուն, հասաւ Պոլսէն: Հրատարակուած էր սպասուած յուշագիրքը, եւ թէ՝ մեր ակնկալութենէն շա՛տ աւելի ծաւալուն կերպարանքով:
Արդարեւ, փառաւոր հատոր մըն է այս նորատիպը, 385 էջանի, ուր ընթերցողը պիտի գտնէ այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք կ՛առնչուին Հայ Եկեղեցւոյ այս բարձրաստիճան եկեղեցականին, անոր կեանքին ու գործունէութեան: Հատորը, իր ծաւալով ու բովանդակութեամբ, մեզի կը յիշեցնէ Անթիլիասի «Հասկ» ամսագրին այն բացառիկ թիւը, որ տասնամեակներ առաջ լոյսին բերուած էր Զարեհ կաթողիկոսի վախճանման առիթով, 1963-ին:
Մեծապէս գնահատելի է Պոլսոյ Պատրիարքութեան այս նախաձեռնութիւնը, մա՛նաւանդ նկատի ունենալով այն պարագան՝ որ տարաբախտ Մեսրոպ պատրիարք գրական կամ այլ ստեղծագործութիւններ չունի: Հետեւաբար, այս յուշագիրքը կոչուած է դառնալ այն միա՛կ տեղեկատու հաւաքածոն, որ լոյս կրնայ սփռել պատրիարք հօր դիմագծութեան վրայ:
Յուշամատեանին առաջին 100 էջերը կը մէկտեղեն հոգելոյս պատրիարքին վախճանման առթիւ ստացուած պաշտօնական ցաւակցագրեր՝ հայ թէ օտար շրջանակներէ: Երկրորդ 100 էջերը ի մի կը բերեն շուրջ յիսուն անձնաւորութիւններու կողմէ գրի առնուած վկայութիւններ կամ մահագրականներ, բոլորն ալ՝ առհասարակ 1-3 էջի ծաւալով: Այս բաժնին մէջ տեղ գտած է նաեւ մեր (տողերս ստորագրողին) ընդարձակ գրութիւնը, 32 էջանի (էջ 148-180), «Յիշելով տարաբախտ Մեսրոպ պատրիարքը» խորագրով: Այնտեղ պատմած ենք մեր անմոռանալի հանդիպումները պատրիարք սրբազանին հետ ու վերագծած ենք անոր փոթորկալից գահակալութենէն բազմաթիւ ուշագրաւ դրուագներ: Հատորին վերջին 150 էջերը «ալպոմ»ի բնոյթ կը կրեն՝ ամբողջովին յատկացուած ըլլալով պատմական ու յատկանշական լուսանկարներու:
Այս հիանալի աշխատանքը գլուխ հանուած է պատրիարքարանի հրատարակչական աշխատանքներու պատասխանատու Տ. Յովակիմ աբղ. Սերովբեանի անձանձրոյթ ճիգերով:
Մեսրոպ Բ. պատրիարքին վախճանման Բ. տարելիցին զուգադիպող այս պատկառելի հրատարակութիւնը թէ՛ կը պանծացնէ յիշատակը քաջակորով եկեղեցականի մը, որ Մեսրոպ պատրիարքն էր, թէ՛ ալ պատուաբեր իրագործում մը կ՛աւելցնէ դժուարին պայմաններու մէջ գործող Կ. Պոլսոյ մեր Ազգ. Պատրիարքարանի «ցուցակ գործոց»ին վրայ…: