Երկար բանավէճերէ ետք, Ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացուց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Խնդրոյ առարկայ օրինագիծը յստակ յիշատակութիւն չի կատարեր Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան մասին: Սակայն որովհետեւ Ֆրանսա նախապէս ճանչած եւ քրէականացուցած էր հրեաներու Հոլոքոսթին ժխտումը, նոր օրինագիծին առաջադրած՝ ճանչցուած ցեղասպանութիւններու եզրին մէջ ինքնաբերաբար տեղ պիտի գրաւէր Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը:
Կ’արժէ նաեւ նշել, որ նոյնինքն Ծերակոյտը նախապէս մերժած էր յայտնապէս Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծ մը: Ցաւալի է արձանագրել, որ Մեծ Եղեռնէն 97 տարի ետք Ֆրանսայի եւ կամ Միացեալ Նահանգներու նման Մեծ-եր նոր կ’անդրադառնան մարդկութեան դէմ գործուած Քսաներորդ դարու Առաջին ցեղասպանութեան հետեւանքներուն: Այնպիսի կազմակերպուած ցեղային ու զանգուածային սպանդ, տեղահանութիւն, որ հետագային Ռաֆայէլ Լեմքինի նման հեղինակութիւն մը, Ցեղասպանութիւն եզրին նախատիպը բնութագրելու նպատակով, համայն աշխարհին նկարագրեց Քսաներորդ դարու Հայկական կոտորածները: Փաստօրէն հայ ժողովուրդի բնաջնջումը կը դառնար Ցեղասպանութեան եզրին նախատիպը: Օրին, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Մեծն Բրիտանիա դատապարտեցին «Զարհուրելի» ոճիրները եւ Երիտթրքական իշխանութեան վերագրեցին անոր պատասխանատուութիւնը: Այսօր, 97 տարի ետք, Միջին Արեւելքի եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մայրական գուրգուրանքով ծանօթ Ֆրանսա հին կամ մոռացութեան տրուած սխալ մը կը փորձէ սրբագրել պարզապէս:
Բնական է, որ հայ ժողովուրդը՝ Սփիւռքի մէջ եւ հայրենիքի պիտի խանդավառուի այս նուաճումով: Ի վերջոյ աշխարհի հեղինակաւոր պետութիւններէն մէկը կու գար նախ՝ ճանչնալու, ապա՝ պատժելու իր հողերուն վրայ Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ժխտողները: Իր բարոյական տարողութեան մէջ, օրինագիծը բաւական լուրջ հարուած կը հասցնէ Թուրքիոյ հեղինակութեան: Բայց միամիտ ըլլալու չենք հաւատալու, որ Նոթր Տամի եկեղեցիէն սուրբ մը յանկարծ ներշնչած ըլլար նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ընկերվար Կուսակցութեան ղեկավարները: Պահանջատէր ոեւէ ժողովուրդ պիտի մերժէ շահարկութեան նիւթի վերածել իր դատը: Պիտի ուզէինք իսկապէս հաւատալ, որ մարդասիրական զգացումներէ կը բխին նախագահ Սարքոզիի եւ Ընկերվարականներուն մօտեցումները: Սակայն ինչպէ՞ս բացատրել Կանաչներու կուսակցութեան ժխտական կեցուածքը բանաձեւին հանդէպ, երբ Կանաչները աւանդականօրէն նեցուկ յայտնած են Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան ճանաչման: Առանց թերագնահատելու Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ ցեղասպանութեան օրինագիծին յաջողութեան համար պայքարող հայկական քաղաքական, հասարակական կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու, անհատներու դերակատարութիւնը, պարտինք ընդունիլ, որ այս օրինագիծը պարզապէս մէկ օղակն է հայկական պահանջատիրութեան երկար ճամբուն: Ֆրանսա եւ ուրիշներ կրնան ճանչնալ Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, դատապարտել ցեղասպանը, բայց մենք ին՞չ քայլերու կը դիմենք այս ուղղութեամբ: Ու՞ր է պահանջատիրութեան ամբողջական թղթածրարը: Ստուգատես կատարած ենք արդեօք, թէ ին՞չ կը պահանջենք մենք ցեղասպանէն եւ որքա՞ն իրատես ենք կամ՝ իրաւականօրէն հիմնաւորած մեր պահանջները: Միատեսա՞կ է մեր պահանջատիրութիւնը, թ՞է …: Ֆրանսայի Ծերակոյտին քուէարկած օրինագիծը մեր ժողովուրդին ինքնագիտակցութիւնը վերարթընցնելու խթան պարտի ծառայել բոլորիս: Ինչ խօսք, որ արձանագրուածը բարոյական նուաճում մըն է, բայց կարեւորը ճիշդ նաւարկելն է մեզ խարխափումներու մատնող ուժերուն դէմ, որոնց գլխաւորը անկասկած ՝ քարոզչական, քաղաքական եւ միջպետական լծակներով հարուստ այսօրուան, վաղուան եւ երէկի Թուրքիան է:
Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ճգնեցան յանոն Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ արձանագրուած յաղթանակին: Յարգանք, բոլոր անոնց, որոնք վճռած են շարունակել պահանջատիրական պայքարը: Յարգանք Ցեղասպանութեան փաստի ժխտման դէմ պայքարող բոլոր թուրք մտաւորականներուն, որոնք Թուրքիոյ խորքային պետականութենէն կը պահանջեն յանդգնութիւն ցուցաբերել, վերանայիլ ու լաւ ճանչնալ իր սեփական պատմութիւնը, ընդունիլ Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ յանձնառու մնալ վերացնելու Ցեղասպանութեան յառաջուցած հետեւանքները:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com