ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 18 Յունիսի գիշերը վաւերացուց աւելի քան 700 միլիառ տոլար արժող 2019 պաշտպանութեան ամավարկին առնչուող բանաձեւը, որուն կցուած են նաեւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ, եթէ վերջինս հաստատ մնայ ռուսական արտադրութեամբ «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգերը գնելու որոշումին վրայ: Պատժամիջոցներուն գլխաւոր թիրախը ամերիկեան «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութեան արտադրած «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերն են, որոնցմէ 100ը ապսպրուած են Անգարայի կողմէ։
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն իսկ վաւերացուցած է պաշտպանութեան ամավարկին իր տարբերակը, որուն մէջ չկան Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ։ Այժմ երկու բանաձեւերը պէտք է յարմարեցուին, որմէ ետք պէտք է ստորագրուի նախագահին կողմէ։
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ 19 Յունիսին «մտահոգիչ» որակեց Ծերակոյտին որոշումը, պնդելով, որ նման քայլեր «կը հակասեն մեր միջեւ եղած ռազմավարական եւ դաշնակցային ոգիին»։