ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական ընդդիամադիր «Odatv» լրատուական կայքին համաձայն՝ ծերակուտական Պեն Սասէ ելոյթ ունեցած է մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկեան ձեռնարկատիրական հիմնարկին կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց վրայ։
Ան շեշտած է, թէ միջազգային իրաւապաշտպան «Freedom House» կազմակերպութեան այս տարուան զեկոյցին մէջ, Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով գտնուած է «անազատ» երկիրներու ցանկին մէջ՝ այս անկումը վերագրելով Էրտողանին։
«Նախագահ Էրտողան շահագործեց Թուրքիոյ սահմանին ընթացող պատերազմն ու ձախողած յեղաշրջումը, որպէսզի աւելի ընդարձակէ քաղաքական կեանքին վրայ իր վերահսկողութիւնը: Ան սահմանափակած է իշխանական կառոյցներէն դուրս մնացածներու եւ ազատութեանց ջատագովներու գործունէութեան ոլորտը», ըսած է Սասէ:
Սասէ անդրադարձած է նաեւ ռուսական հակահրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ ջանքերուն՝ ըսելով. «Եթէ Էրտողան աւարտին հասցնէ ռուսական հրթիռային համակարգերու գնման գործընթացը, ապա պէտք է վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕի անդամակցութիւնը», ընդգծած է ան: