ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Այս մէկը իմ երախտագիտութեան խօսքն է, ուղղուա՛ծ` բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք կարելի դարձուցին երէկուան ոգեկոչական շքեղ փառատօնը Ծիծեռնակաբերդի մեր ազգային յուշահամալիրէն, որ կը ճառագայթէր աշխարհի բոլոր եթերներու ալիքներէն եւ հպարտութեամբ կը լեցնէր մեր հոգիները: Նաեւ իմ շնորհակալութեան խօսքը, ուղղուա՛ծ` Հայաստանի կառավարութեան` այս բացառիկ եւ բարձրորակ իրագործման համար:
Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը դադրած էր սուգի օր մը ըլլալէ: Ան վաղուան մեր յաղթանա՛կն էր, որ կ՛աւետէր հայոց երկրի նորագոյն սերունդներու պայծառ խօսքով: Համավարակը չկասեցուց մեր երթը: Մենք հոն էինք միլիոններով` մեր պատգամը հասցնելու աշխարհին: Եւ հոն էին մեր հանճարեղ ժողովուրդին մեծաքանքար զաւակները իրենց հոգեշունչ երգերով, ասմունքով, լարային արուեստի կատարումներով: Ծիծեռնակաբերդը դարձած էր բեմը մեր նորահաս ստեղծագործողներուն: Ան կը յորդէր նոր աւիւնով, նոր գեղեցկութեամբ, նոր տեսիլքով, նոր վճռականութեամբ:
Մեր այս հեռաւոր կայքէն, համավարակի մեր մեկուսարաններէն, մենք յամենայն դէպս ձեզի հետ էինք, ամբողջ աշխարհի մեր հարազատնե՛ր: Մենք միասին էինք Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ: Մենք մէ՛կ էինք: Մենք ամբողջ էինք, ի հեճուկս մեր ամէնօրեայ դժուարութիւններուն, վէճերուն, առճակատումներուն: Մենք նոյնն էինք մեր կեանքի գերակշիռ արժեհամակարգով: Անբաժանելի, անսասանելի, անխորտակելի, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ հզօր առաքելութի՛ւն:
Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլորդ: Մենք անպայման պիտի յաղթենք: