ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Չքմեղանք.– Փառատօնը նոր աւարտած էր, երբ Ազրպէյճան շղթայազերծեց վաղուց սպասուած յարձակումը: Երկար մտորումէ ետք ակնարկը ամբողջացուցի, որովհետեւ ափսոս պիտի ըլլար, եթէ մշակութային գետնի վրայ մեծ ջանքերով իրականացած այս ձեռնարկը եւս զոհ դառնար: Հարկ է շարունակել կեանքը` ի հեճուկս դաժան «Քորոնա»-ի եւ թշնամիներու:
Ուրեմն.-
«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու 6-րդ միջազգային փառատօնը Ուջան աւանին մէջ կայացաւ նոր ձեւաչափով: Սրտապնդող երեւոյթ է, որ հայրենիքի մէջ մշակոյթի մարդիկ վճռական են` թոյլ չտալու, որ համավարակը ջլատէ գեղարուեստական գործունէութիւնները: Ինչպէս նախորդ ակնարկին մէջ նշած էի, ոմանք կը փորձեն մշակութային աշխուժութիւն ստեղծել նաեւ հեռաւոր մարզերու մէջ: Փառատօնը վեց տարի առաջ սկսած էր Երեւան: Յաջորդ տարի կայացաւ Գիւմրիի, ապա Ուջանի մէջ: Միջոցառումները չեն սահմանափակուիր ցուցադրութիւններով եւ քննարկումներով: Կը գործեն այլ ծրագիրներ, յատկապէս` ուղղուած շրջանի պատանիներուն:
Փառատօնը կ՛իրականացուի «Ֆիլմադարան»-ի-մշակոյթի նախարարութեան եւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի աջակցութեամբ: Յուրախութիւն ինծի եւ հաւանաբար երկայն շարք մը այլոց` հովանաւորներու շարքին այս տարի չենք տեսներ «CineDOC-Tbilisi», «Caucasian House», Noosfera կազմակերպութիւններու անունները: Այս մասին նախապէս անդրադարձած եմ:
Այս տարի հասկնալի պատճառներով թիւը կրճատուած էր 15 վաւերագրական ժապաւէնի: Փառատօնը նախապէս ունէր ազգագրական բնոյթ, ինչ որ անոր իւրայատուկ բնոյթ կու տար: Կարելի չէր նաեւ օտար արուեստագէտներ հիւրընկալել գիւղի տուներուն մէջ: Նախքան ազերիական յարձակումը` ծրագրուած էր ժապաւէնները շաբաթական դրոյթով ցուցադրել առցանց: Հանդիսատեսը առիթ պիտի ունենար առցանց քննարկելու եւ քուէարկելու: Պիտի անդրադառնամ չորս ժապաւէններու, որոնք շահեկան են քաղաքական եւ/կամ գեղարուեստական առումով:
Անցում (Pasaran) Նարէ Նաւասարդեան եւ Կարինէ Արոյեան 47 վ. 2019: Հասանելի է համացանցի վրայ:
Բներգ.- Ժապաւէնը ձեռք կ՛առնէ ցաւոտ եւ այժմէական հարց մը: Ցոյց կու տայ այն լուսանցքային պարապ-սարապ «ֆռֆռացող», բողոքող, բայց քաղաքական առումով անգրագէտ եւ անգիտակից երիտասարդութիւնը, որ խանդավառուեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութեամբ»: Երբ աւարտեցան ցոյցերը, եւ վերացան պատնէշները (barricade), կը պարզուի, որ իրենք գիտեն բողոքել, բայց` ուրիշ ոչինչ: Գիտեն, թէ պէտք է, որ նոր բան պատահի, բայց չեն գիտեր` ի՞նչ: Չունին որեւէ տեսլական: Ոմանք գլխիկոր կը մեկուսանան, ուրիշներ կը թափառին աջ ու ձախ եւ կը փնտռեն… նախ եւ առաջ իրենց անձը, ինքնորոյն ձայնը: Կը տեսնենք երեք յետ-«թաւշեայ յեղափոխական» (յետ =post) երիտասարդներ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
Ժոռ (28 տ.), «թաւշեայ յեղափոխութիւն» եղած է ծեծկռտուքի Տորք Անգեղ, բայց այժմ խաղաղասէր է, իր աւերակ «հայաթ»-ին մէջ կը պահէ ոչ նուազ քան 46 անտէր շուն: Աշխատած է որպէս կենդանաբանական պարտէզի կենսաբան եւ որպէս Յիսուսը կերպարաւորող (ձախորդ) դերասան: Առաջին անգամ կը մասնակցի քուէարկութեան: Կը տեսնենք խումբ մը այլ երիտասարդներ, որոնք կ՛անցնին ընտրական կեդրոնի առջեւէն` առանց ներս մտնելու: Ժոռ կ՛ըսէ, թէ այդ նաեւ վերջին անգամն է, որ կը մասնակցի, որովհետեւ այլեւս ինք ոչինչ չի «ջոկում»: Ժամանակը կ՛անցընէ նորաբոյս փապերու մէջ` «ուռելով» եւ խնամելով շուներ, որովհետեւ անոնք աւելի մարդամօտ են, քան մարդիկ (1):
Սաշկա աղջնակի կերպարանքով քանատացի երիտասարդ մըն է, որ շտապեր է գալ թշուառ Վանաձոր, զոր ընտրած է, որովհետեւ կեանքը այդտեղ աւելի դանդաղ է, քան Քանատա, կարելի է հանդարտ խոկալ (2): Թերեւս կը ներկայացնէ արտասահմանեան մշակոյթի մէջ կազմուած այն երիտասարդները, որոնք կ՛որոշեն գտնել իրենց ակունքները: Գլխաւոր զբաղումն է` մարդոց ծանօթանալ յատկապէս փապերու մէջ… յատկապէս` «ուռող» երիտասարդներու: Կը թուի, թէ որոշ գումար մը բերած է իրեն հետ: Մէկ-երկու քանատաբարբառ հայերէն նախադասութենէ ետք կ՛անցնի փապաբարբառ մոտայիկ անգլերէնի: Կը փորձէ հայերէն բառեր սորվիլ: Սաշկա եւս տակաւին չէ ջոկած, թէ ի՛նչը ի՞նչ ա: Մինչ այդ ժապաւէններ կը պատրաստէ սուրճ պատրաստող կիներու շուրջ:
Արտակ (27տ.) «եթերային նորարար» անքուն քուչի (շնիկ) մը, որ ցոյց-հաւաքներուն կը մասնակցի իր խաւաքարտէ փոքրիկ հրասայլով: Այժմ ինքնաաքսորուած է, արտառոց զգեստներ հագին` թափթփած տան մը մէջ իր ընկերներու հետ ցպիկով բռնած կը ծխէ չես գիտեր` ի՞նչ եւ կը բարբառի առանց ոչինչ ըսելու: Կողքի պատկերը ցոյց կու տայ իր որմնանկարներէն մին: Բացուած է նոր, «դուխով» էջ… Լիբանահայերու համար (թերեւս ոչ միայն) պատկերուած «յեղափոխական»-ը կրնայ ցաւոտ յիշատակներ արթնցնել:
Գեղարուեստական.– Հարկ է գեղագիտութեան մօտենալ` մեկնելով բեմադրիչի տեսանկիւնէն: Այս պարագային կը տիրէ անհեթեթի (absurd) զգացումը եւ հեգնանքը (sarcasm): Բեմադրիչները կը զգան, որ իրենք կ՛ապրին «աբսուրդ, գոյութիւն չունեցող Երեւանում»: Կը զգան, որ պատնէշի երկու ափերն ալ «միւս կողմ» են: Քաղաքական առումով, այս արդարանալի չէ: Այնուամենայնիւ, այս հասկնալի կը դարձնէ բացման տեսարանը, ուր աղմկարար մանկատի ցուցարարներ նոյն «անցումը» կը հատեն ձախէն աջ, ապա գրեթէ անզանազանելի խումբ մը նոյն անցումը կը հատէ աջէն ձախ: Հայաստանի մէջ «Zebra Crossing»-ներ կը կոչուին «անցում»: Վերնագիրը կրնայ ակնարկ մը ըլլալ: Երկու խումբերն ալ կը կրեն դատարկ պաստառներ… Ցուցարարները ոչ միայն կողմնորոշուելու անկարող են, այլ նաեւ ասք չունին: Տխուր պատկեր: Տուեալ շարժապատկերի տրամաբանութեան ընդհանուր պարունակի առումով` բարի՛:
Պատկերներու լեզուով կը տեսնենք, որ երեք հերոսները դուրս կու գան (պողոտան հատող) գետնանցքներէն, «անցում»-է մը: Հարկ կա՞յ մեկնաբանելու: Ստորերկրեայ անցքեր կան նաեւ այլ պատկերներու մէջ: Կը թուի, թէ նոյն տրամաբանութեամբ է: Բարի՛:
Այստեղ հարկ է նշել, որ բեմադրիչները օգտագործած են մէկէ աւելի միջոցներ` վաւերագրութիւն, տեսակցութիւն, գծանկար, խորհրդային շրջանի քարոզչական արխիւներ եւ այլն:
Աչքառու է նաեւ պատկերներու յարակցում-խմբագրումը (մոնթաժ): Լայն պողոտայի վրայ ամերիկեան բարքերը կապկող շարժակաւոր (Motorcycle) շքերթ մինչ Տիգրան Մեծի արձանը լքուած է այգիի մը անկիւնը: Օփերայի հրապարակին վրայ խորովածի «մանղալ», մինչ ագռաւներ անտարբեր կը շրջին: Կային նաեւ կցումներ, որոնք գոնէ ինծի համար անհասկնալի էին: Գիւմրիի մէջ Վարդանի յուշարձանին պատուանդանին տակ մարդ մը սրարշաւ ելեկտրական սղոցով նոյն գոյնի տուֆ մը կը կտրէ: Բազմիմաս՞տ, թէ՞ անկապ… մտածելու բան…
Ժապաւէնի բոլոր հերոսները այժմ կը զբաղին մանր հարցերով, բայց ժապաւէնի փակման տեսարանը կ՛ակնարկէ «Չարենց-ա-գուշակութան»: Միթէ ակնարկը խելագարուած ամբոխներո՞ւն է:
«Էլի կը գաս, պապ» (Come Again, Grandpa) Յովհաննէս Իշխանեան, 37վ., 2018
Բներգ.- Զգացական ժապաւէն մը` պապ ու թոռան մը յարաբերութեան մասին: Մանուկ հասակին բեմադրիչը իր պապը տեսած է որպէս գերմարդկային հերոս, որ ոտքի տակ առած է աշխարհը: Որպէս պատանի` մեծ յուսախաբութիւն ապրած է, երբ յայտնաբերած է, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Այժմ չափահաս է, կը գնահատէ այն մարդը, որ ոչ միայն լաւ արհեստաւոր էր, այլ նաեւ այգի կը խնամէր, օղի կը քաշէր եւ շաղախն էր խոշոր ընտանիքի մը: Պապի 60-ամեակին առնուած լուսանկարի մը մէջ կը տեսնենք ոչ նուազ քան 34 զաւակ ու թոռ:
Գեղարուեստական.- Ժապաւէնը զուրկ չէ պատկերաւոր լեզուէ: Բացման տեսարանը ցոյց կու տայ պապենական տան մը վանդակապատ պատուհանը: Պապը կը յայտնուի դուրսը` ճաղերու ետին: Յստակօրէն` խորհրդանշական: Կը քալէ յենած անտեսանելի աթոռակի մը: Պապը արդէն իսկ ուժասպառ է: Ուրեմն ժապաւէնը կը ներկայացնէ յուշեր: Փակման տեսարանին մէջ պապը նոյն ճաղերու ետին կը շարժի հակառակ ուղղութեամբ, կը հեռանայ:
Ինծի համար յատկապէս ցաւոտ էր պապին թափթփած աշխատանոցը: Ցաւոտ, որովհետեւ ծնած եւ մեծցած եմ հայ արհեստաւորներու թաղամասի մը մէջ, որ այժմ տառացիօրէն կորուսեալ է: Պէյրութի մէջ կորուսեալ են բազմատասնեակ հայ արհեստանոցներ: Ամենայն հաւանականութեամբ կորուսեալ դարձած է նաեւ այս բարի վարպետին արհեստանոցը:
Աւարտական տեսարաններուն մէջ քաղաքի խորապատկերին առջեւ կը տեսնենք Իշխանեան ընտանիքի «տոհմական» ծիրանի ծառը: Պապը կանգնած է բունին մօտ, իսկ թոռը նստած ճիւղի մը վրայ: Ծառի սաղարթը տեսանելի չէ: Հարկ կա՞յ մեկնաբանելու: Ցաւօք արտօնուած չեմ ժապաւէնի յղումը հրապարակելու:
Lennuajaam (Օդակայան) Մհեր Համբարձումեան եւ Տ. Լիթվիչենքօ, 4վ, 2020
Այո՛, միայն չորս վայրկեան: Կարելի է համարել բանաստեղծական քառեակ մը: Թատրը «Լեննուեաամ»-ն է… ո՞ւր… Թերեւս այդ է ժապաւէնին հայկական երեսը: Ի՞նչ կը փնտռէ հայ մը էսթոնական օդակայանի մը մէջ: Օդակայանը ինքնին խորհրդանիշ մը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր կացարանի, անցումային վիճակի: Իր պետութենէ զուրկ գաղթավայրերու համար այդ հեղուկ վիճակը գոյութենական հարցը եղած է դարերէ ի վեր:
Սպասման սրահները եւ անցքերը նկարուած են դատարկ: Այդ խորապատկերի վրայ կը տեսնենք կիսաթափանցիկ ապակիի միջոցով նկարուած մարդկային ստուերներ (տես կողքի նկարը): Անդէմ անցորդներ: Ժապաւէնը նկարուած է սեւ ու սպիտակ, ինչ որ աւելի եւս կը շեշտէ գորշ մթնոլորտը: Փակման տեսարանին մէջ օդանաւ մը կը բարձրանայ դէպի անձեւ անանձրեւ ամպեր:
Obon Ա. Հէօրման եւ Ա. Սամօ, Գերմանիա, 2018, 15վ.
Ցաւօք արտօնութիւն չունիմ ժապաւէնի յղումը հրապարակելու:
Բներգ.- Ամբողջութեամբ գծագրային ժապաւէնը կը յաւակնի վաւերագրական ըլլալ, որովհետեւ հիմնուած է Հիրոշիմայի դժոխքէն հրաշքով փրկուած կնոջ մը (Աքիքօ Թաքաքուրա) վերյիշումներուն վրայ: Անձնապէս այդ համոզիչ չեմ գտներ, որովհետեւ հոգեպէս խոցուած անձը մեծապէս կը վերախմբագրէ ցաւոտ յուշերը: Այս մասին նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (3): Ժապաւէնը պատրաստուած է, երբ այդ վերջին վերապրողը արդէն 92 տարեկան էր: Պատումը կը կատարէ նոյնինքն Աքիքօ:
Օպոն Պուտտայական տօն մըն է, երբ ամրան երկրորդ լիալուսնի գիշերը նախնիներու հոգիները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն: Ծփացող լապտերները կը ներկայացնեն այդ հոգիները:
Աքիքօ դուստրն է ռազմապաշտ ճափոնցի սպայի մը, որ տան մէջ պարտադրած էր խիստ կարգապահութիւն եւ աւանդոյթներ: Այդ բոլորը յօդս կը ցնդին:
Գեղարուեստական.– Ժապաւէնը կը կրէ Ճափոնի դասական նկարչութեան ոճը` առանց սակայն կրկնելու զայն: Կը նկատուին նաեւ դասական բներգներ (motive), ինչպէս չար ոգիները եւ նուազապաշտ սեւ մելան բնանկարը (տես կողքի նկարները):
Սեւ մելանը կը գործածուի նաեւ որպէս խորհրդանիշ: Հայրը կը փորձէ մաքրել իր դստեր ձեռքերը սեւ մելանէ: Թերեւս արդ ակնարկ է Ճափոնի կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն Չինաստանի մէջ եւ այլուր: Ընթերցողը թերեւս յիշէ «Արեւի կայսրութիւն» ժապաւէնը (4):
Վերապրողի հրդեհուած երեւակայութեան աչքով կը տեսնենք արհաւիրքը: Ծոցի խաղաղ ջուրերուն վրայ կը ծփան անհամար լապտերներ:
Պատկերը հասկնալի է յատկապէս անոնց համար, որոնք առաջին դէմք ապրած են աւեր եւ կորուստ: Իմա` բոլորս:
Ծիրանի ծիլեր.– Ակնարկը կարելի չէ փակել առանց անդրադառնալու 14-15 տարեկան ուսանողներու առաջին փորձերուն: Կազմակերպիչները ընտրած եւ ցուցադրած են երկու շնորհալի աղջնակներու հասարակ բջիջային հեռախօսով նկարուած ժապաւէնները:
Կիսատ Զրոյցներ.– Մանէ Վարդանեան , 5 վ.
Բացման տեսարաններուն մէջ կը տեսնենք գիւղի համայնապատկերը, ապա` պապիկներ, որոնք կ՛աշխատին այգիի մէջ եւ կամ կը զրուցեն թղթախաղի սեղանին շուրջ: Խումբ մը տղաք հրաւիրուած են ոչ պաշտօնական տեսակցութեան: Ժապաւէնի բներգը սերունդներու անուղղակի երկխօսութիւնն է: Ե՛ւ Ինսթակրամ ու համակարգչային խաղերու «կապուած» սերունդի տղաքը ե՛ւ հայրենական պատերազմ ապրած եւ պապերն ու տատերը լաւ տրամադրուած են իրարու հանդէպ: Կը բացակային գիւղի աղջնակներն ու միջին (ծնողներու) սերունդը: Կայ ակնյայտ հումոր եւ կան տպաւորիչ քատրեր:
Սպասում.– Սօսէ Հարոյեան, 5 վ.
Յուզիչ ժապաւէն մը: Բներգը արտագաղթն է, գլխաւորաբար` դէպի արտասահման: Համեստ բակերու մէջ նստած երեք պապիկներ կարօտով կը խօսին իրենց թոռներուն մասին: Այո՛, կրկին պապեր, բայց` առանց իրենց թոռներուն: Յարատեւ շարժող քամերան յաճախ կը մօտենայ անոնց դէմքերուն` ցոյց տալու համար ցաւը:
Աւարտական տեսարանին մէջ ճաշասեղանի շուրջ հաւաքուած միջին տարիքի տղամարդիկ կ՛եզրակացնեն (5). կը հեռանան անոնք, որոնք հանգիստ կեանք կը փնտռեն, բայց իրենց ետին կը թողուն մարդկային յարաբերութիւնները եւ արմատները:
Հուսկ բանք.– Բարձր գնահատանքի արժանի է միջոցառում մը, որ ի հեճուկս ամէն ինչի կը յամառի ոչ միայն վառ պահել մշակոյթի ջահը, այլեւ` պատրաստել նոր սերունդ մը, որ պիտի շարունակէ կրել զայն:
——————–
- Հայաստանեան բարբառին անծանօթ ընթերցողին համար.- «հայաթ»-ներքին բակ, «ջոկել»-ըմբռնել եւ «ուռիլ»-թմրանիւթ ծխել:
- Այդ իսկապէս ցաւոտ ակնարկ է, որովհետեւ Քանատա ծանօթ է իր միապաղաղ ապրելակերպով:
- «Եղեռնի վկայութեան վաւերագրութիւնը», Ա. եւ Բ., «Ազդակ», 19 եւ 20 մայիս 2016:
- Steven Spielberg, Empire of the Sun, 1987
- Այս ժապաւէնին մէջ եւս կը բացակային կիները: