ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան «Անպտղութեան յաղթահարման» պետական ծրագիրով ցուցանիշները տարուէ տարի կը բարելաւուին: «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման վարչութեան պետ Նունէ Փաշայեան նշեց, որ տարուէ տարի կ՛աւելնայ շահառուներու թիւը:
«Եթէ 2021ին ամբողջ տարուայ ընթացքում ծրագրի շրջանակում սպասարկուել է 917 շահառու, ապա այս տարուայ միայն առաջին կիսամեակում արդէն 577 շահառու է սպասարկուել: Ասեմ, որ այս տարուայ առաջին կիսամեակում ծրագրի շրջանակում ծնուել է 44 երեխայ: Եւ այս տարուայ առաջին 6 ամիսներին գրանցուել է 104 նոր յղութիւն: Դեռ չեմ խօսում նախորդ տարի արձանագրուած յղութիւնների մասին, որոնց ծնունդները սպասում ենք տարուայ երկրորդ կէսին», նշեց Փաշայեան:
Ծրագիրէն օգտուելու իրաւունք ունեցողներուն բոլոր ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը՝ մինչեւ ծննդաբերութիւն։ Ծրագիրի շահառու կրնան դառնալ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը, սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները, զինուորներուն եւ զինուորական աստիճանի հաւասարեցուած անձեր: Ըստ փոփոխութիւններուն՝ 44օրեայ պատերազմէն ետք ծրագիրի շահառուներ դառնալու իրաւունք տրուած է զոհուածներու ծնողներուն: 2022ին կատարուած փոփոխութեամբ՝ շահառուներու մէջ ներառուեցան անյայտ կորսուած նկատուողներուն եւ 44օրեայ պատերազմէն ետք սահմանին վրայ զոհուած զինուորներու ծնողները:
Ծրագիրի ծիրին մէջ, պատերազմի, ռազմական գործողութիւններու պատճառով զոհուածներուն ընտանիքներուն մէջ արդէն 20 մանուկներ ծնած են եւ կան 31 նոր յղութիւներ:
«Անպտղութեան յաղթահարման» պետական ծրագիրին յատկացուած գումարը եւս աւելցած է՝ 2020ին 300 միլիոն դրամ էր, 2021ին կատարուած է 500 միլիոն դրամի աշխատանք,. 2022ի համար պետական ֆինանսաւորումը կը կազմէ 917 միլիոն դրամ: