Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանան – Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւնները վարող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի գրաւոր առաջարկին մասին:
Դռնփակ հանդիպումէ մը ետք անոնց միացաւ սահմանագծումի թեքնիք մանրամասնութիւնները սերտող յանձնախումբը:
Հոքշթայնի առաջարկը որդեգրած է Լիբանանին ներկայացուցած դիտողութիւնները եւ շեշտած լիբանանեան սկզբունքներուն ճշգրտութիւնը` պահպանելով Լիբանանի բոլոր իրաւունքներն ու շահերը:
Իշխանութեան երեք պետերը միացեալ կեցուածք որդեգրեցին Հոքշթայնի առաջարկին վերաբերեալ եւ հաստատեցին, որ ժամերու ընթացքին իրենց կեցուածքը պիտի փոխանցուի բանագնացին:
Այդ դիտողութիւններուն լոյսին տակ ամերիկեան առաջարկը ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու, որոնք պիտի յանձնուին Հոքշթայնի, որ իր կարգին զանոնք պիտի ներկայացուի իսրայէլեան կողմին:
Նշենք, որ նախագահ Աուն կէսօրուան ժամը 1:00-ին նախագահեց սահմանագծումին վերաբերող թեքնիք այլ ժողովի մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան, բանակային մը, քարիւղի մարզի ներկայացուցիչ Ուիսամ Շպաթ եւ սահմանագծումի աշխատանքներուն հետեւող լիբանանեան ծովուժի դերգնդապետ Աֆիֆ Ղէյս:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան իշխանութեան երեք պետերուն դիտողութիւնները, որոնք թեքնիք եւ օրինական կէտերու կը վերաբերէին:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ սահմանագծումին առումով մթնոլորտը դրական է եւ ամէն ինչ իր հունին մէջ է, «իսկ Լիբանան կը ներկայանայ միացեալ կեցուածքով», շեշտեց ան:
Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի պահանջած հիմնասիւները համաձայնութեան մէջ ներառուած են:
Էլիաս Պու Սաապ յոյս յայտնեց, որ այսօր իսկ Լիբանանի պատասխան-նամակը կը յղեն Հոքշթայնի առաջարկին:
«Լիբանանի պատասխանը պիտի յղուի Հոքշթայնի, իսկ Լիբանանի վերջնական պատասխանը պիտի արձանագրուի` յղուած դիտողութիւններուն մասին բանագնացին պատասխանէն ետք», ըսաւ Պու Սաապ:
Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ ըսաւ, որ բոլոր իսրայէլացի պատասխանատուները, որոնց մէջ նաեւ Նեթանիահուն քաջ գիտեն Լիբանանի զօրութեան կիզակէտը:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ ծովային սահմանագծումին դրական ըլլալուն մասին պաշտօնական կեցուածքները, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի պատասխանատուներուն միջեւ ստեղծուած բանավէճերը կը շարունակուին:
Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ իրենք աշխատանքը հանդարտ կերպով պիտի շարունակեն` գործադրելու համար Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը, որ ի շահ Իսրայէլի է:
Իսրայէլի արդարութեան նախարար Կիտէոն Սահեր աւելցուց, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծման համաձայնութիւնը Քնեսեթէն գաղտնի պահելու մտադրութիւն գոյութիւն չունի:
Իր կարգին, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ իսրայէլացի աւագ բանագնաց Ուտի Ատիրի հրաժարած է իր ընթացիկ պաշտօնէն` նոր պաշտօն մը ստանձնելուն պատճառով:
Նշենք, որ իսրայէլեան «Մաարիֆ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի դատական գերագոյն ատեանը 27 հոկտեմբեր 2022-ին` Քնեսեթի ընտրութիւններէն 4 օր առաջ, պիտի ուսումնասիրէ Լիբանանի հետ կազի համաձայնութիւնը: