ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Իսրայէլ երէկ նոր իրավիճակ ստեղծեց Լիբանանի ուղղութեամբ: Կատարուածը ոտնձգութիւն է այն առումով, որ նախքան ծովային սահմանազատում կատարելը, Իսրայէլ վիճելի տարածքներ իրը նկատելով կը ձեռնարկէ հորատման աշխատանքներու: Պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը պարզ է. վիճելի շրջանին մէջ իսրայէլեան որեւէ աշխատանք կամ գործունէութիւն, սադրանք եւ թշնամական արարք է Լիբանանի նկատմամբ:
Ընդծովեայ ուժանիւթի շահագործման հանգոյցը միջազգային ընտանիքի արծարծած հիմնահարցերէն մէկն է: Նախապայմանային քաղաքականութեան մէկ կարեւոր բաղադրիչը` Լիբանանի տնտեսական պաշարումը թեթեւցնելու առումով: Բնականաբար առաջադրուածը այն է, որ Լիբանան իր ջրային տարածքներէն զիջի պարարտ բաժին մը իր հարաւի դրացիին:
Խնդիրը ունի իր պատմականը: Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները վաղուց կ՛արծարծէին այս առաջադրանքը: Պէյրութը կը պատասխանէր, որ սահմանազատումն ու սահմանագծումը միայն ջրային տարածքներու չեն վերաբերիր. հասկացողութիւնը ամբողջական է եւ պէտք է կատարուի ցամաքային սահմանազատում եւս: Պարզ էր ուղերձը` Իսրայէլ պէտք է հեռանար Լիբանանի հարաւային բռնագրաւեալ մնացած տարածքներէն:
Կար անշուշտ երկրորդ արգելքը: Պէյրութն ու Թել Աւիւը չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Այս հարցի կարգաւորումը միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները անջատած էին ծովային սահմանազատումի գործընթացէն եւ յայտարարած, որ այդ բանակցութիւնները կարելի է կատարել միջնորդաւորուած:
Այլ խօսքով, ցամաքային սահմանազատումի գործընթացին սկզբունքային համաձայնութիւն տալով եւ բանակցութիւնները միջնորդաւորելով առնչակից պետութիւնները կը ճնշէին անցնելու ծովային սահմանազատման: Առաջադրանքը` Իսրայէլը օժտել ուժանիւթի ընդծովեայ հանքով:
Այս ուղղութեամբ կար ձգձգումի վիճակ: Հիմա Իսրայէլը շտապողականութիւն կը ցուցադրէ:
Հիմա փոխսպառնական հռետորաբանութիւն կը հնչէ: Թել Աւիւը ի՛րը սեպած կազի հարթակին հասցուած որեւէ վնաս պատերազմի յայտարարութիւն կը նկատէ, մինչ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարը վիճելի տարածքներուն մէջ իսրայէլեան շարժումները հաւասարազօր կը նկատէ մարտահրաւէրի եւ կայունութեան ոտնահարումի:
Այս բոլորը կը նախանշեն, որ կատարուածը ճնշամիջոց է` սահմանազատման գործընթացին սկսելու: Կայ քաղաքական ենթագործընթաց մը: Իսրայէլի կողմէ գործուղուած հորատումի գործառոյթներ կատարող նաւը յունական է: Անմիջապէս երեւոյթը կը կապուի Իրան- Յունաստան ստեղծուած ծովային տագնապին, ոտնձգութիւններու փոխադարձ ամբաստանութիւններով իրանեան եւ յունական նաւերու բռնագրաւումի դէպքերուն: Յունաստան վերջերս մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ Անգարայի նորագոյն սպառնալիքները` զինուորական տեսքով, միւս կողմէ կը ստանայ ամերիկեան թէ՛ յայտարարողական եւ թէ՛ զինական օժանդակութիւններու նկատելի ծաւալ: Ի դէպ, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանը պարզաբանում կատարած էր, որ Իսրայէլի հետ միացեալ ռազմափորձերը չէին ուղղուած Լիբանանի դէմ:
Խնդիրը ուրեմն աւելի մեծ համապատկերի մէջ կարելի է դիտարկել: Միջերկրականեան ընդծովեայ հանքերու շահարկման աշխարհաքաղաքականութիւն մըն է, որուն մէկ բաժինը կը վերաբերի Լիբանանին:
Տնտեսական ներկայ տագնապին մէջ Պէյրութին տակաւին չի տրամադրուիր իր ընդծովեայ հարստութենէն օգտուելու կարելիութիւնը: Նախապայմանը այն է, որ այդ հարստութիւնը պէտք է առնուազն կիսել արդէն իսկ վիճելի տարածք մուտք գործած, ի՛րը սեպած բաժինին անվտանգութեան ձեռնարկած եւ հորատումի աշխատանքներուն շուտով ձեռնարկելու պատրաստութիւն տեսնող Իսրայէլին հետ: