Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով, Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Տօքթ. Հրայր ճէպէճեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան՝ հանդիպելու Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանն ու Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ եւ գաղութիս Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեաեանը:
Հանդիպման ընթացքին Տօքթ. Ճէպէճեան պատմեց Աստուածաշունչի Ընկերութեան յառաջիկայ տարուան համար նախատեսած ծրագիրներն ու աշխատանքները:
Իր Կարգին, Գերպ. Հայր Պետրոս շնորհաւորեց յարգարժան հիւրը՝ տօներուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուածաշունչի Ընկերութեան տեւական համագործակցութեան համար: