ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պահրէյն, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, բայց մանաւանդ` Սէուտական Արաբիա: Այս երկիրները, որոնք երկար ժամանակով «թեւ ու թիկունք» կանգնած են Լիբանանին, այսօր ոչ միայն երես կը թեքեն «Արեւելքի Փարիզ»-էն, այլ կ՛անցնին անուղղակի յարձակման փուլի մը, որ շատերու կանխատեսումով, կրնայ երկար տեւել:
Անշուշտ այս եւ յառաջիկայ բոլոր մակարդակի զարգացումները կամ «պատժական տնօրինումները» ունին մէկ ու միակ նպատակ` «ծունկի բերել» Հըզպալլան եւ ջլատել անոր քաղաքական ուժն ու ազդեցիկ ներկայութիւնը:
Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ընթացք առած այս «հակալիբանանեան» արշաւը սկիզբ կ՛առնէր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորած կառավարութեան անդամ եւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի շուրթերէն ելած կարգ մը յայտարարութեանց պատճառով:
Քըրտահի, որ նախքան կառավարութեան կազմութիւնը, հետեւաբար նաեւ` իր նախարար դառնալը, կատարած էր այդ յայտարարութիւնները, ընդամէնը ըսած էր, որ Եմէնի մէջ տեղի ունեցող պատերազմը անիմաստ է ու անիկա պէտք է դադրի:
Այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուց Ռիատի մէջ, որուն իբրեւ հակադարձութիւն` սէուտցիք շատ հապճեպ ձեւով վտարեցին Ռիատ գտնուող լիբանանցի դեսպանը ու առկախեցին ամէն մակարդակի կապ Լիբանանի հետ:
Այդ առկախումը քաղաքական առումով եթէ նոյնիսկ ունենար մեծ ազդեցութիւն, ոչինչ կրնար նշանակել տնտեսական այն վնասներուն դիմաց, որոնց ենթակայ պիտի դառնար Լիբանան:
Քաջ գիտենք անշուշտ, որ տնտեսական բարդագոյն դրութեան մէջ գտնուող լիբանանցիներուն համար Ռիատ միշտ ալ եղած է օգնութեան եւ յոյսի պատուհան մը, սակայն այս քայլով աւելի քան յստակ կը դառնար, որ լիբանանցի գիւղատնտեսներուն դէմ եղած արգելքը եւ տնտեսական «պաշարում»-ը պիտի ունենային շատ աւելի ծանր հետեւանքներ, քան` քաղաքական որեւէ մակարդակի յայտարարութիւն:
Այս զարգացումներու լոյսին տակ եւ մինչ Արաբական ծոցի մէկէ աւելի պաշտօնատար անձիք կը խօսէին նախարար Ժորժ Քըրտահիի հրաժարական տալու անհրաժեշտութեան մասին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այս անգամ յենելով արեւմտեան երկիրներուն վրայ` կը փորձէր խաղը ետ իր նախկին հունին բերել ու ստանալ որոշ վստահեցումներ, որ նախարարի հաւանական հրաժարումէն ետք իր կառավարութիւնը դարձեալ պիտի վայելէ Արաբական ծոցի երկիրներու «մասնակի» նեցուկը:
Մասնակի կ՛ըսեմ, որովհետեւ բոլորին համար արդէն իսկ յստակ է, որ Ռիատի գլխաւորութեամբ Ծոցի միւս երկիրներն ալ ներառեալ, ինչպէս նաեւ ամբողջ սիւննի աշխարհը երբեք պիտի չշարժին նախկին կանոններով:
Իսկ եթէ մտածենք, թէ ինչո՛ւ մասնաւորապէս այս օրերուն տեղի կ՛ունենան զարգացումները, ապա պիտի նկատենք նաեւ, որ այս մօտեցումներով կամ գուցէ փորձերով սէուտցի գահաժառանգ Մոհամետ պիտի փորձէ առկայ «սթաթիւս քո»-ի կանոնները խառնել ու ստեղծել բոլորովին նոր կանոն ու դրութիւն:
Պէյրութի մէջ եղած քաղաքական այս պայթումը անշուշտ կրնայ նաեւ օգտագործուիլ եմէնեան պատերազմի այս փուլին ու ձեւով մըն ալ այնտեղ ստեղծուած բարդ վիճակը (բնականաբար սէուտցիներուն համար) փարատել:
Այս վարկածը մէջտեղ կը բերուի նաեւ այն պատճառով, որ Ռիատի համար գերխնդիրը ոչ թէ Հըզպալլայի ընկճումն է, այլ նաեւ` Եմէնի խնդիրը, որ անցնող առնուազն 5 տարիներուն իրողապէս դարձաւ «գլխացաւանք» սիւննի աշխարհին համար:
Միւս կողմէ, կայ նաեւ տեսակէտ, որ այս ընելով` Ռիատ կը փորձէ իր ձեռքին պահել նոր մակարդակի խաղաքարտերն ու զանոնք ծառայեցնել Սէուտական Արաբիա-Իրան որեւէ մակարդակի համաձայնութեան սեղանին:
Կա՞յ շրջանին մէջ ընդհանուր լուծումներու նոր խաղաշրջան մը:
Այո՛, կա՛յ: Կա՛յ մեծ տէրութեանց համար, կա՛յ ուժեղներուն համար, կա՛յ իր կամքը թելադրել փորձող Միացեալ Նահանգներու համար ու կա՛յ մանաւանդ տասը տարիներէ (հակառակ անոր որ Իրանի դէմ առկայ պատիժները միայն 10 տարուան կեանք չունին, այլ աւելի) ի վեր պաժամիջոցները բեռան տակ «շնչահեղձ» եղած Իրանին համար: Սակայն նոյն այդ լուծումներու մեծ փաթեթին մէջ պարզ է, որ չկան փոքրերը, որոնց առաջինը անշուշտ Լիբանանն է:
Հեռու չերթալու համար, Լիբանանի այսօրուան վիճակը յար եւ նման է Հայաստանի վիճակին, որուն կեցուածքը նախ յայտնի չէ, աղօտ է, եւ որուն խօսքին հետ ոչ մէկ կողմ հաշուի կը նստի:
Հիմա շատեր հարց պիտի տան, որ այս բարդ դրութեան մէջ, ինչո՞ւ լիբանանցիք անկարող են շարժելու իրենց պետական շահերով, կամ ինչո՞ւ չեն կրնար ձեւով մը լռութեան մատնել Հըզպալլան, որուն ղեկավարները մերթ ընդ մերթ թոյն կը ժայթքեն Արաբական ծոցի երկիրներուն դէմ:
Պատասխանը շատ յստակ է, որովհետեւ Լիբանան չունի ներքին միասնականութիւն, իսկ անոնք, որոնք երեւութապէս Հըզպալլաի վարքագիծը կը քննադատեն կամ կը փորձեն արաբական աշխարհի սիրտը շահիլ, անոնք եւս կը շարժին համայնքային նօսր ու սին շահերով ու այդ ժամանակաւոր շահերուն վրայ կը փորձեն «կառուցել» իրենց սին ու նոյնիսկ վտանգաւոր երազները:
***
Գրեթէ ամիս մը անցած է այն օրէն, երբ Պէյրութի Թայունէ շրջանին մէջ տեղի ունեցան մտահոգիչ բախումներ: Այդ բախումները խորքին մէջ տուին այն պատկերը, որ Լիբանան ընդամէնը ժամերու ընթացքին կրնայ վերածուիլ պատերազմի մեծ դաշտի:
Զէնքը եւ զինեալները կան, զանոնք հովանաւորող եւ ֆինանսաւորող երկիրները կան ու կան, հետեւաբար շատ դիւրին պիտի ըլլար կրակներու բերանը նետել ամբողջ Լիբանանը:
Սակայն այդպէս չեղաւ, որովհետեւ ուզուածը այդ պահուն ու շատ հաւանաբար հիմա ալ այդ չէ ու այդ չէր:
Ուզուածը այն էր, որ Լիբանանի այսօրուան դրութիւնը աւելիով «ամրացուի», ու լիբանանցիք քաջ հասկնան, որ իրենք կ՛ապրին որպէս հլու հնազանդ պատանդներ:
Պատանդներ` ձեռքին Արեւմուտքի, որ ամէն ինչ ըրաւ, որ Հըզպալլան դառնայ այլընտրանք պետութիւն (մանաւանդ լիբանանեան հարաւի զարգացումներուն լոյսին տակ` 1980-ականներէն սկսեալ) ու հետեւաբար պատանդ` Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու մեծ սեղանին:
Հըզպալլայի մասին աւելի վաղ ալ գրած եմ ու նաեւ այսօր ալ նոյնն է տեսակէտս:
Շիա ընկալումներով հասակ առած այդ միլիսը լիբանանեան կտրուածքով քաղաքական կեանքի ամէնէն պատուաւոր տարրերէն մին է, անշուշտ` ՀՅԴ-ի կողքին, սակայն խնդիրը անոր գոյութեան, մարտունակութեան եւ առաջատար ըլլալուն մէջ չէ, խնդիրը այլ տեղ է, եւ այդ խնդիրը կը կոչուի Լիբանանի ինքնիշխան պետութիւն, որ այսօր մահաքունի մէջ է:
Չեմ ալ գիտեր, որ այդ պետութիւնը դարձեալ պիտի յառնի՞, թէ ոչ, սակայն աւելի քան վստահ եմ, որ Լիբանանի նման «նուրբ» թելեր ունեցող երկիր մը տարածաշրջանային առումով ունի իր դիրքը եւ այդ դիրքը, կը պարտադրէ, որ «պարապութիւն»-ը երբեք տեղ չունենայ:
Իսկ թէ ի՛նչ զարգացումներու պիտի սպասենք, այդ արդէն բաւականին բարդ հարցադրում մըն է. սակայն յստակ է, որ միջինարեւելեան կտրուածքով շրջանը պիտի մտնէ համաձայնութիւններու նոր դարաշրջան մը, որուն առաջին ծաղիկները հասակ կրնան առնել Պաղտատի մէջ ընթացող Ռիատ-Թեհրան գաղտնի բանակցութիւններու աւարտին: