Ժողովուրդի մը կեանքին մէջ անպայման առասպելներ կը ծնին, որոնք կ՛անմահանան իրենց նուիրեալ աշխատանքով եւ արուեստով: Այս առումով սփիւռքահայ մշակութային գանձարանը հարուստ է ազգային արժէքներով եւ վաստակաւոր արուեստագէտներով: Այս բնորոշումը լաւագոյնս կը համընկնի յաւերժի ճամբորդ, առասպել, էսդրատային երգերու հիմնադիր Ատիս Հարմանտեանին, որուն աւելի քան յիսուն տարիներու վաստակը լուսարձակի տակ առնուեցաւ եւ արժանի յարգանք մատուցուեցաւ ուրբաթ, 27 սեպտեմբեր 2019-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ: Սոյն գնահատանքի ձեռնարկը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի օրհնութիւնը կը վայելէր:
Յուշ երեկոն ընթացք առաւ նուագախումբի բացումով: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվա Սողոմոնեան: Ան յայտնեց, որ 1 սեպտեմբեր 2019-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Ան 1960-ական թուականներուն առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ հայերէնով եւ նոր երգացանկով, այնպիսի ժամանակի մը ընթացքին, երբ թրքական կշռոյթով էր հայ երգը եւ արեւմտեան աշխարհի ռոք երաժշտութիւնը մեծ տիրապետութիւն ունէր: Ան նշեց, որ աւելի քան յիսուն տարիներ, Ատիս Հարմանտեան հայ էսդրատային երգի տարածման դեսպանը դարձաւ: Սիլվա Սողոմոնեան թուեց հայագաղութներուն մէջ Ատիսի ունեցած բազմաթիւ ելոյթներն ու բանաստեղծ Յասմիկ Մանասէրեանի, ինչպէս նաեւ վերջերս մահացած Ժաք Գոճեանի հետ գործակցութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ «Ատիս երգի ճամբով» հատորը, որ շատ հաղորդական է ու լեցուն յուշերով:
Ատիս Հարմանտեան արժանացած է զանազան շքանշաններու եւ գնահատանքի գիրերու, ինչպէս` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Կոմիտաս» շքանշանը եւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ գնահատանքի գիրը:
Իր խօսքի աւարտին Սիլվա Սողոմոնեան յայտնեց, որ Համազգայինի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը իր առաջին ձեռնարկով` Ատիս Հարմանտեանի յուշ-երեկոյով Համազգայինի մեծ ընտանիքի եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչներով կը փաստէ լիբանանահայութեան տածած սէրն ու յարգանքը Ատիս Հարմանտեանի նկատմամբ: «Անոր ձայնն ու երգերը վառ պիտի մնան սփիւռքահայութեան յիշողութեան մէջ», եզրափակեց ան:
Երգիչ Վիգէն Տիշչեքէնեան կատարեց Ատիսի «Լիբանան», իսկ Ալիս Իբրաճեան` «Ի՞նչ է կեանքը» երգերը:
Յուշ-երեկոյին խօսք առաւ Իրմա Գապաքեան -Տէտէեան: Ան յայտնեց, որ այս համախմբման կազմակերպման նպատակը յիշել, ոգեկոչել եւ յարգել է յիշատակը անձի մը, որ ասկէ 50 տարիներ առաջ «Ծաղիկներ»-ով հիւրաբար մուտք գործեց իւրաքանչիւրիս տունը, շուտով դարձաւ հարազատ ու տնեցի: Իր երգերով ու երաժշտութեամբ զրուցակից եղաւ մեր հոգիներուն, թրթռացուց մեր սրտերը, ժպիտ մը ուրուագծեց մեր դէմքին, արցունքի կաթիլներով ամոքեց մեր մտամոլոր սրտերը:
Ան նշեց, որ Ատիս Հարմանտեանի յայտնութիւնը կարծէք նախախնամութիւն էր: Հայրենի հողերուն վրայ Յասմիկ Մանասէրեան անունով երգահան մը, որուն յօրինած երգերը մերժուած ըլլալով Երեւանի մէջ, «Ծաղիկներ» երգին բառերը պիտի հասնէին սփիւռք, եւ այստեղ` Լիբանանի հողերուն վրայ, «Ծաղիկներ» երգին բառերը մեկնաբանող երգիչ մը պիտի յայտնուէր եւ դարձեալ նախախնամութեամբ տիսքոթեքի տէր Անդրանիկ Մարտիրոսեան անունով երգի սիրահար մը պիտի առաջարկէր Ատիս Հարմանտեան անունը, որ մեկնաբանողը ըլլար այդ երգին: Այսպէս պիտի ծնէր հրաշքը, որ պիտի ճանչցուէր ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ` օտար շրջանակներուն մօտ:
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ըսաւ, թէ աւագ սերունդին համար Ատիս Հարմանտեան եղաւ այն անձը, որ ծաղիկներով մտաւ ամէն հայու տուն` դուրս շպրտելով թրքական «շարքի»-ները: Սերնդակիցներուն համար Ատիս եղաւ բեմի աստղը, իսկ նոր սերունդին համար ան հարուստ ժառանգ մըն է, որուն ետեւ կայ պատմութիւն մը, հայու ճակատագիրի էջ մը: Ատիս եղաւ այն վաւերական երգիչը, որուն ձայնը, չնուաղեցաւ, մնաց միշտ բարձր հայ երգի պատնէշին վրայ:
Ապա ան նշեց Ատիս Հարմանտեանի անմնացորդ մասնակցութիւնը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած պարահանդէսներուն, դարձեալ` Համազգայինի Լիբանանի «Երգ երգոց» ծրագիրին դատական կազմին:
Իրմա Գապաքեան -Տէտէեան յայտնեց, որ մենք հաւատք պէտք է ընծայենք Ատիսին արուեստը շարունակող նոր սերունդի հրաշքներուն, որպէսզի անոնց մէջէն ծնին նոր հրաշքներ:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան մէջբերեց «Ատիս երգի ճամբով» գիրքին շնորհահանդէսին ընթացքին արտասանած խօսքը եւ մատնանշեց, որ մենք շնորհակալ ենք Ատիսին, որ սփիւռքահայութեան տուաւ ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւն: Ան եզրափակեց եւ ըսաւ, թէ Ատիսին ձայնը պիտի մնայ հմայող եւ անունը պիտի յիշուի սերունդէ սերունդ:
Գարմէն Աճեմեան մեներգեց «Դու նորից հեռացիր էլ չեմ գայ», իսկ Սերոբ Յակոբեան` «Մնայ պլպուլ» երգերը:
Համազգայինի անունով արաբերէնով լիբանանցի վաստակաւոր երաժշտագէտ Իհսան Մունզերը ողջունեց Նանոր Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ Ատիսը հայկական երաժշտութեան հոգի, ճաշակ եւ այլազանութիւն տուաւ: Ապա ան ներկայացուց երաժշտագէտ, յօրինող Իհսան Մունզերը, որ հակառակ իր համբաւաւոր ըլլալուն, համեստ անձնաւորութիւն մըն է: Ան արաբական երաժշտութեան կարգ մը տիտաններուն յաջողութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած է:
Ապա խօսք առաւ երաժշտագէտ, յօրինող Իհսան Մունզեր: Ան իր խօսքը սկսաւ հարցադրումով մը, թէ ի՞նչ է Ատիս Հարմանտեանին կապը յօրինող Իհսան Մունզերին հետ: Ան նշեց, որ երբ Իտալիայէն վերադարձած է, որոշած է երաժշտական ալպոմ մը պատրաստել: Այս իմաստով ընտրած է յայտնի երգիչներու, ինչպէս` Ֆէյրուզի, Ապտել Ուահապի, Ֆարիտ Աթրաշի երգերը: Իր ուշադրութիւնը գրաւած են նաեւ հայերէն երգերու մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանին ձայնը եւ երգերը, մասնաւորաբար «Ծաղիկներ, ծաղիկներ» երգը: Ան նշեց, որ Ատիս այս երգին ճամբով աւելի հռչակ ստացած է: Ան լուսարձակի տակ առաւ Ատիսի երգերու բառերուն եւ երաժշտութեան իւրայատկութիւնը:
Իհսան Մունզեր ըսաւ, թէ Ատիս այլազանութիւն ունէր իր երգերուն մէջ, ինչպէս` սիրային, ժողովրդական: Ատիս այս այլազանութեամբ կրցաւ համախմբել ժողովուրդը իր գեղեցիկ ձայնին շնորհիւ: Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ Մունզեր ըսաւ, թէ արուեստագէտը միայն մարմնով կը բաժնուի, սակայն իր գործերը յաւերժ կը մնան եւ անունը անմահ կը դարձնեն:
Ապա Արարատ Ահարոնեան մեներգեց «Տեսքիդ եմ կարօտ», Լիզա Սվաճեան` «Ծաղիկներ», Զարեհ Քէնտիրճեան` «Բարտիները խշշացին» երգերը:
Ցուցադրուեցաւ վկայութիւններու տեսերիզ մը, որուն մէջ Ատիսին տղան` Նորայր Հարմանտեան, երաժշտագէտ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, Ժաք Մանտալեան, Սեմ Րագուպեան, Վարուժ Խանճեան, փրոֆ. Շահէ Գասպարեան եւ Շուշան Պետրոսեան ընդգծեցին հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ Ատիս Հարմանտեանին ունեցած անուրանալի դերը:
Համազգայինի «Քնար» պարախումբի մենակատարները կատարեցին «Մանուշակ» երգին պարային ներկայացումը:
Շաքէ Պաղտասարեան մեներգեց «Մթնշաղ», Հրաչ Կայծակեան` «Նունէ», Կարօ Կապուտակեան` «Թէ կարող ես դիմանալ», իսկ Յակոբ Մկրտիչեան` «Վերադարձիր» երգերը:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ առասպել Ատիս Հարմանտեանի դուստրը` Լիաննա Հարմանտեան: Ան գնահատեց հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր յարգելու արուեստագէտ Ատիսին վաստակը: Ան Հարմանտեան ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ համահայկական այս երեկոն կազմակերպեց: Ի տես այս եզակի երեկոյին եւ պաստառներուն, ան հպարտութիւն զգաց Ատիսին զաւակը ըլլալուն համար: Ան նշեց, որ Ատիս իր ինքնակամ ձայնով յաջողեցաւ թրթռացնել մեծէն պզտիկ բոլորին սրտերուն լարերը: Ի զուր չէ, որ հայ երիտասարդ երգիչները մինչեւ օրս հպարտութեամբ կ՛երգեն իր երգերը: Ատիսը կ՛ապրէր երգով եւ լիովին նուիրուած էր հայ երգին, ազգին ու մշակոյթին: Ատիսին յիշատակը անթառամ կը մնայ այնքան ատեն որ իր երգերը կը սփռուին հայկական ձայնասփիւռի կայաններէն: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Վանայ Ձայն»-ին, լիբանանահայ արուեստագէտներուն, պարախումբին, խօսք առնողներուն:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի օրհնութեան խօսքը կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Առաջնորդ սրբազան հայրը Ատիս Հարմանտեանը բնորոշեց իբրեւ ժամանակակից հայ երգի բարտիին խշշոցը: Ան նշեց, որ Ատիսը համալիբանանեան, համահայկական ազգ ներկայացուց: Սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Ատիս նոր եւ հարազատ շունչ բերաւ ժամանակակից հայ երգին` Պուրճ Համուտէն մինչեւ աշխարհին չորս ծագերը, ուր հայ մշակոյթով ապրեցաւ սփիւռքահայութիւնը: Ատիս ռահվիրայ եւ եզակի երեւոյթ դարձաւ թէ՛ իր տաղանդով, թէ՛ հայ երգացանկով, որովհետեւ գիտցաւ, որ ապրողներս երգի պէտք ունինք: Ատիսով նահանջեց թրքական երաժշտութեան ունկնդրութիւնը Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներուն մօտ: «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ՛» պայքարին Ատիս բերաւ իր յանձնառու մասնակցութիւնը` «Թրքերէն երգ լսողին հայերէն երգ հրամցո՛ւր» կարգախօսով: Ատիս ո՛չ միայն սիրեց հայ երգը, այլ նաեւ սիրցուց: Ատիս Հարմանտեան կանգուն կը մնայ հայ երգի դալար անդաստանին մէջ, եզրափակեց սրբազան հայրը:
Այնուհետեւ երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան երգեց «Գիշեր է գիշեր» երգը: Իսկ Ատիսի վերջին երգը` «Մի՛ դժգոհիր», իր իսկ ձայնով ներկաները ունկնդրեցին:
Աւարտին բոլոր արուեստագէտները եւ Ատիս Հարմանտեանին դուստրը երգեցին «Գարուն, գարուն, գարուն է» երգը: