Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի, լիբանանցի հանրածանօթ երգահան եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանի երէկ` կիրակի, 14 ապրիլին անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեց լիբանանահայութեան ու լիբանանցիներուն:
«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ողողուած էր Զիատ Ռահպանիի երկրպագուներով, որոնք եկած էին վայելելու անոր ստեղծագործութիւնները:
Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնի` «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով, որ այս ձեռնարկի ծրագիրը ծնունդ առաւ 7 օր առաջ, երբ Զիատ Ռահպանիի նուագախումբի անդամներէն մէկը կապուած էր իրեն` փոխանցելով, որ Ռահպանի կը փափաքի ելոյթ ունենալ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: «Առաջարկին ընդառաջելով անցանք գործի, եւ ելոյթի ծանուցումէն ետք արդէն տոմսերը շատ արագ սպառեցան: Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ մէկ բան, թէ կան մեծ թիւով երաժշտասէրներ, որոնք գիտեն գնահատել Զիատ Ռահպանիի մատուցած երաժշտութիւնը ու կ՛արժեւորեն անոր արուեստի գործերը», ըսաւ ան:
Աւօ Կիտանեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորներուն «Սեն Մարք»-ի, «Սոտեթել»-ի եւ «Պօղոս եղբարք» հաստատութեան տնօրէններուն, որոնք շատ արագ իրենց աջակցութիւնը բերին այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Զիատ Ռահպանի եւ իր նուագախումբը ժողովուրդին հրամցուցին երգեր եւ երաժշտութիւն երկու բաժինով: Առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ ամերիկացի երգչուհ Սինտա, որ երգեց ճազ ոճի ծանօթ երգեր, իսկ Մանալ մեկնաբանեց Զիատ Ռահպանիի ստեղծագործութիւններէն երգեր, որոնցմէ մաս մը մեկնաբանուած է լիբանանցի աշխարհահռչակ երգչուհի Ֆէյրուզի կողմէ:
Ելոյթին թատերական կարճ կատարումներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ղազարոս Ալթունեանն ու Լինտա Խուրին: Նաեւ երգով մը իր մասնակցութիւնը բերաւ երգչուհի Լորան:
Ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեցին Զիատ Ռահպանիի ներկայացուցած արուեստը եւ լաւագոյն յիշատակներով մեկնեցան սրահէն: