ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ համագործակցաբար Իսրայէլաամերիկեան քաղաքացիական գործի ցանցին (ICAN) եւ Հրէական համաշխարհային դէտ (JWW) կազմակերպութեան հետ, 1 Նոյեմբերին հիմը դրուեցաւ Հայ հրէական խորհրդակցական խորհուրդին (AJAC)՝ նպատակ ունենալով երկու համայնքներուն միջեւ քաղաքական գործակցութիւնը սերտացնել։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան կը յիշեցնէ, թէ հայ եւ հրեայ ժողովուրդները պատմական շարք մը նմանութիւններ, աւանդութիւններ ու արժէքներ ունին, ինչ որ բնական կը դարձնէ երկուստեք նպաստաւոր այս գործակցութիւնը։
Անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել խորհուրդին, կրնան դիմումնագիրները ամբողջացնել կայքէջին վրայ։