Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ.
Այսօր կաթողիկոսարանը շարունակեց Լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը: Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային եւ մշակութային կառոյցներուն վրայ:
Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են: Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխուժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ:
Արդ, անոնք, որոնք մասնակից կը դառնան մեր կառոյցներուն հզօրացման, պատիւ ու գնահատանք անոնց: Անոնք, որոնք կարելիութիւնը ունին եւ չեն ուզեր օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, կը ցաւիմ: