Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանր պայմանները եւ մեր ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը կը շարունակէ իր ընկերային ծառայութիւնը:
Ընկերային կառոյցներուն, լրատուական օրկաններուն, շտապ մարմնին եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն կատարուած օժանդակութեան առընթեր, վերջերս 200 ընտանիքներու ուտեստեղէն տրամադրուեցաւ` Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին ճամբով: